ԳԱՌՆԻԿ ՇԷՀՐԻԿԵԱՆ

ԳԱՌՆԻԿ ՇԷՀՐԻԿԵԱՆ

ԳԱՌՆԻԿ ՇԷՀՐԻԿԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի ստեղծման մեծագոյն սատարողներն մէկը։ Ինքն էր, որ իբրեւ Կեդրոնական Վարչութեան ընդհանուր հաշուապահ, յաջողեցաւ ստեղծել հաշուապահական եւ անդամագրական օրինակելի դրութիւն մը։ Խստապահանջ իր խառնուածքով՝ Շէհրիկեան նոյն ոգին կիրարկեց նաեւ միութեան մէջ։ Կեդրոնական Վարչութիւնը 22 Մարտ 1922-ի իր նիստին որոշեց արծաթ մետալով մը պատուել զայն։

1923-ին, երբ Փարիզ հաստատուեցաւ, կրկին գործօն դեր ստանձնեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ։ Յետոյ անցաւ Թիխոն (Սպանիա), ուր մահացաւ։

Տարածենք