Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ, ՀԱՅՖԱՅԻ ԵՒ ԵԱՖԱՅԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱՐԿ՝ ԵԱՖԱՅԻ ՄԷՋ

 

20 Սեպտեմբեր 2021-ին, Եաֆայի Ս. Նիկողայոս վանքին մէջ տեղի ունեցաւ միջ-մասնաճիւղային ձեռնարկ՝ նուիրուած Հայաստանի վերանկախացման 30-ամեակին: Հ.Մ.Ը.Մ.ի Երուսաղէմի, Հայֆայի եւ Եաֆայի մասնաճիւղերու մասնակցութեամբ կատարուած ձեռնարկը ունեցաւ դաստիարակչական եւ ընկերային բնոյթ։ 100 մասնակիցներ առիթը ունեցան միասնաբար անմոռանալի ժամեր անցընելու հայեցի եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ։

 

ԵՂԲ. ՊՕՂՈՍ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

3 Սեպտեմբեր 2021-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Երուսաղէմի մասնաճիւղին վարչութիւնը, ընկերակցութեամբ Հ.Յ.Դ. Երուսաղէմի կոմիտէի ներկայացուցիչներուն, այցելութիւն մը կատարեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Եաֆայի երկարամեայ եւ բազմավաստակ անդամ, մասնաճիւղի նախկին ատենապետ եղբ. Պօղոս Ղուկասեանին։

Այցելութենէն ետք, երկու մասնաճիւղերու վարչութիւնները խորհրդակցական ժողով մը գումարեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Եաֆայի կեդրոնին մէջ։

Տարածենք