«ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ ԿԱՐԳ»Ի ԱՌՑԱՆՑ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻ ՄԵԿՆԱՐԿ

 

Շաբաթ, 22 Մայիս 2021-ին ընթացք առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ձեռնարկած սկաուտական «Արարատեան կարգ»ի առցանց դասընթացքը։

Դասընթացքին կը մասնակցին տարբեր երկիրներէ միաւորի, մասնաճիւղի եւ շրջանային 45 խմբապետ-խմբապետուհիներ, որոնք կ’ամբողջացնեն կանոնագիրով սահմանուած պայմանները։

Հայաստանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգներու ունկնդրութենէն եւ միութեան ննջեցեալներուն յիշատակը մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելէ ետք, խօսք առաւ Կեդրոնական Վարչութեան սկաուտական ներկայացուցիչներէն քոյր Թալին Օրտողլեան, որ ներկաները ողջունեց, ապա բացատրեց, թէ ինչո՞ւ սկաուտական գերագոյն այս կարգը, որ չորս տարին անգամ մը կը կազմակերպուի, այս անգամ կը կատարուի առցանց։ Քոյր Օրտողլեան բացատրեց, որ դասընթացքի ծրագրումին եւ անոր գործադրութեան օժանդակելու համար, Կեդրոնական Վարչութիւնը յառաջացուցած է եռանդամ յանձնախումբ մը, որ կազմուած է «Արարատեան կարգ» ստացած երեք խմբապետներէ՝ քոյրեր Արտա Զէյթունլեան (Լիբանան), Նարէ Խլղաթեան (Հայաստան) եւ եղբայր Ակուսթին Անալեան (Հարաւային Ամերիկա), որոնք Կեդրոնական Վարչութեան սկաուտական ներկայացուցիչներուն հետ քանի մը ամիսէ ի վեր կ’աշխատին այս ծրագիրին վրայ։

     Ապա, խօսք առաւ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան, որ ողջունեց եւ քաջալերական նկատեց այսքան մեծ թիւով խմբապետներու մասնակցութիւնը դասընթացքին։ Ան բացատրեց, որ «Արարատեան կարգ»ը մասնակցողներէն կը պահանջէ ամբողջական յանձնառութիւն, հետեւողականութիւն եւ լրջութիւն։ Եղբ․ Նաճարեան յաջողութիւն մաղթեց մասնակցողներուն եւ կազմակերպիչ մարմնին։ Ներկաներուն իրենց սրտի խօսքը ուղղեցին նաեւ սկաուտական ներկայացուցիչ եղբայրներ Ֆէտի Խաժակ Գազանճեան եւ Օշին Փիրումեան։

      Դասընթացքին մասնակցող խմբապետները առիթը ունեցան քանի մը բառով իրենք զիրենք ներկայացնելու մասնակիցներուն։ Ապա, քոյր Օրտողլեան մանրամասնօրէն ներկայացուց մէկ ու կէս տարուան վրայ երկարող ծրագիրին մանրամասնութիւնները։ Ծրագիրը պիտի ունենայ տեսական բաժին մը՝ առցանց 10  հանդիպումներով (Յունիսէն Նոյեմբեր) եւ ապա, գործնական բաժին մը, ուր  թեկնածուները պիտի ծրագրեն գործնական լայնածաւալ աշխատանք մը, զոր մասնակիցները պիտի կիրարկեն իրենց շրջաններուն մէջ։ Քոյր Օրտողլեան բացատրեց նաեւ տեսական բաժինէն գործնական բաժին անցնելու պայմանները, զորս չամբողջացնողը առիթը չ’ունենար շարունակելու դասընթացքը։

    Հանդիպումին աւարտին ներկաներուն առիթ տրուեցաւ լուսաբանական հարցումներու։

Տարածենք