ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՎԿԱՅԵԱԼ ԿԱՐԳԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ ՍԻՏՆԻԻ ՄԷՋ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աւստրալիոյ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդին կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 20 Փետրուար 2021-ի կէսօրէ ետք ժամը 6-ին, Սիտնիի Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արարատ» մասնաճիւղի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Վկայեալ կարգի տուչութիւն, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Տիրան Վահրատեանի։

Այս առիթով բացման խօսք արտասանեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աւստրալիոյ Շրջանային խմբապետուհի քոյր Սեւան Պազարճեան եւ նշեց, որ 18 Փետրուարին՝ Վարդանանցի տօնին հետ յիշատակուող «Հայ սկաուտի օր»ը ո՛չ միայն հպարտանքի եւ ուրախութեան օր է, այլեւ` Վարդանի եւ այլ հերոսներու յիշատակութեան եւ սկաուտական դաւանանքի խոստումին հաւատարիմ մնալու եւ մեր ուխտը վերանորոգելու օր է:

Ապա, Վկայեալ կարգի կազմակերպիչ յանձնախումբէն եղբ. Րաֆֆի Նաճարեան խօսք առնելով անդրադարձաւ Վկայեալ կարգի արժանիքներուն եւ պարտաւորութիւններուն մասին։ Ան յաջողութիւն մաղթեց կարգը ստացողներուն։

Յաջորդեց վկայագիրներու բաշխում եւ Վկայեալ կարգի պէճի տուչութիւն՝ կարգի դասընթացքին հետեւած չորս քոյր-եղբայրներու՝ քոյրեր Զարմիկ Քէյվանեանի, Թալին Գաճագաճեանի, եղբայրներ Արա Օհաննէսեանի եւ Վրէժ Ագճեանի։

Աւարտին, ներկաները բոլորուեցան ընթրիքի մտերմիկ սեղանի մը շուրջ եւ նշեցին «Հայ սկաուտի օր»ն ու չորս վկայեալներու միութենական յաջողութիւնը։

Տարածենք