ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԵՒ ԶՐՈՅՑ-ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՐՑԱԽԻ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

 

Ուրբաթ, 2 Հոկտեմբեր 2020-ին, Գահիրէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք եւ հոգեհանգստեան պաշտօն հայոց աշխարհի խաղաղութեան եւ Սուրբ հայրենեաց հողի սիրոյն զոհուած մեր հերոսներու հոգիներուն ի հանգիստ։ Հոգեհանգիստին իր մասնակցութիւնը բերաւ Գահիրէի Հ.Մ.Ը.Մ. «Արարատ»ի սկաուտական կազմը։

Ներկաներուն բաժնուեցան ձողիկներու վրայ Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները՝ պատրաստուած սկաուտներու կողմէ։

 

ԶՐՈՅՑ-ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երկու օր ետք, Կիրակի, 4 Հոկտեմբեր 2020-ի երեկոյեան ժամը 8.30-ին, կազմակերպութեամբ Գահիրէի Հ.Մ.Ը.Մ. «Արարատ»ի Սկաուտական Խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, տեղի ունեցաւ զրոյց-հանդիպում՝ միութեան արի-արենոյշներուն հետ, նիւթ ունենալով «Արցախեան ներկայ գոյապայքարին վերջին իրադարձութիւնները»։

Հանդիպումի ընթացքին սկաուտներուն հիմնական մտահոգութիւնն ու յուզող հարցն էր, թէ ինչպէ՞ս կրնան զանազան միջոցներ իրագործել, սահմանապահ հայ զինուորին անմիջական օգնութիւն հասցնելու համար։

Տարածենք