ԵՂԲԱՅՐ ԳՐԻԳՈՐԻ «ԲԱԽՏԸ» ՈՒ ՄԵՐ ՊԱՐՏՔԸ

 

Այս օրերուն ո՛չ թէ Գրիգոր, այլ՝ Գրիգորներու է որ կը հանդիպինք, ու կարծես իբրեւ անգիր օրէնք, անզգալաբար, գորովագութ կը գրկենք, պահ մը կու լանք, կ’ողբանք, նենգ թշնամիին կը հայհոյենք, կ’անիծենք հայուն բախտն ու ճակատագիրը եւ կ’անցնինք առաջ:

Ու կ’անցնինք, թէեւ ահաւոր, բայց կարծես ալ բնական ակնկալութեամբ, թէ արդեօք վաղը որո՞ւ Գրիգորին «պիտի ծանօթանանք»:

Ծնծացէ՛ք ժողովուրդ, հասանք այս ահաւոր վիճարկումին:

Այսօր, մեր Գրիգորին կարգն է:

Այսօր, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գրիգորին բախտն է:

Այսօր, հայրենիքի ծառայութեամբ երդուեալ մեր սկաուտին կարգն է:

Մեր սկաուտը, որ ո՛չ նուազ, ո՛չ առաւել հաստատակամութեամբ՝ քան բոլոր Գրիգորները վազած էր ճակատ:

Տեղ մը կարդացի, որ այնքան աճապարանօք հաւաքած էր իր զինուորական իրերը, որ մոռացած էր նոյնիսկ իր ընտանեկան շատ մը պարագաներու «ՑՏԵՍՈՒԹԵԱՆ» համբոյրը:

Կարդացի, չեմ գիտեմ ո՞ւր, որ թէեւ արձակուրդի էր, բայց վազած էր զօրանոց:

Վազած էր եւ չէր սպասած նոյնիսկ զօրանոցի կոչին:

Այո՛, վազած էր փակելու հողին սիրով տոգորուած հայ երիտասարդի իր պարտամուրհակը:

Վազած էր տեղ մը ի գործ ածելու 2012-ին Հ.Մ.Ը.Մ.ական ՍԿԱՈՒՏԻ Աստուծոյ եւ հայրենիքին ծառայութեան անսակարկելի իր խոստումը:

Վերջապէս, վազած էր փակելու մե՛ր պարտամուրհակը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի՛ պարտամուրհակը:

Վերջապէս, Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութեան գիրքին մէջ ի՞նչպէս տեղ պիտի գտնէր պատմական մեր ներկայ ճակատագրական իրադարձութիւնը, եթէ ոչ՝ մեր Գրիգորին սխրանքով:

Այդ ի՞նչպէս պիտի պահուէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմական ոսկեզօծը, սկսելով Չերազէն մինչեւ Վարդան Բախշեան ու վերջապէս Գրիգոր Ղազարեան:

Այդ ի՞նչպէս պիտի պահուէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի հպարտ տողանցքը հայոց պատմական երթին զուգահեռ:

Այո՛, ԳՐԻԳՈՐՈՎ պիտի պահուի այդ:

Գրիգորի Արցախի հողին նուիրաբերումով պիտի պահուի այդ:

Գրիգորի մեր դարաւոր ոսոխին դէմ իր ճակատաբաց ու քաջարի սխրանքով պիտի պահուի այդ:

Ու պիտի պահուի այդ, հազիւ քսան գարուններով կարծես բաւարարուած ու մեծցած Գրիգորին շնորհիւ:

Այո՛, մեր «բախտաւոր» Գրիգորով, առաւել հարուստ ու գեղեցիկ էջը պիտի կտակուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի ապագայ Յայսմաւուրքին:

Աստուած լուսաւորէ հոգին Գրիգորին:

Ու եթէ կարելին է, ՏԷ՛Ր ԱՍՏՈՒԱԾ,

ԱԼ ԿԸ ԲԱՒԷ, ՊԱՀԷ ԲՈԼՈՐ ԳՐԻԳՈՐՆԵՐԸ ԱԶԳԻՆ,

ՉԷ՞ ՈՐ ԱՌԱՋԻՆ ԳՐԻԳՈՐԷՆ ՄԵՆՔ ԾԱՌԱՅ ԵՆՔ ՔՈՒ ԴԱՏԻՆ:

 

ՍԵՐՈԲ ՍԱՀԱԿԵԱՆ

Տարածենք