ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԽՈՍՏՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՎԵՍԹԵՐՈՍԻ ՄԷՋ

 

Շաբաթ, 27 Յունիս 2020-ը Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շուէտի Վեսթերոսի Մեկուսի շրջանին համար յատկանշական օր մը եղաւ, որովհետեւ այդ օր շրջանը ունեցաւ միութենական խոստումով սկաուտական իր առաջին սերունդը։

Արդարեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Ֆէտի Թաժրայի, Հ.Յ.Դ. Հիւսիսեան շրջանի ատենապետ Սիմոն Տէր Սահակեանի, Նորայր Քհնյ. Կանճումեանի, Վեսթերոսի եկեղեցական խորհուրդի ներկայացուցիչի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սթոքհոլմի եւ Սոտերթելիոյ Մեկուսի վարչութիւններու, ծնողներու եւ հիւրերու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ սկաուտական խոստման արարողութիւն եւ վկայագիրներու բաշխում։

Երեկոն ընթացք առաւ Շուէտի, Հայաստանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգերով։ Ծածանեցան երեքին դրօշները։ Վարչութեան խօսքը փոխանցեց շրջանի ատենապետ եղբ. Գաբրիէլ Պաթթուք։ Ան յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.ը Վեսթերոսի մէջ վերականգնելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի հայ երեխաներուն առիթը ընծայուի խօսելու հայերէն, ունենան հայ ընկերներ եւ մեծնան ինքնավստահ՝ կատարելով սկաուտական եւ մարզական աշխատանքներ։

Իր խօսքին մէջ, եղբայրը ամփոփ զեկոյց մը տուաւ նորընտիր վարչութեան քառամսեայ աշխատանքներուն եւ յառաջիկայի ծրագիրներուն մասին, նշելով որ մասնաճիւղին հիմնական նպատակը եղած է ու կը մնայ պատրաստել սկաուտական պատասխանատու կազմ, կեդրոնանալ երախաներու սկաուտական եւ դաստիարակչական աշխատանքներուն վրայ եւ գալիք օրերուն շրջանին մէջ ունենալ մարզական գործունէութիւն։

Եղբ. Պաթթուք իր խօսքին աւարտին շնորհաւորեց եւ յաջողութիւն մաղթեց խոստում տուող սկաուտներուն՝ անոնց մաղթելով հայրենասիրութիւն, հաւատք եւ ազգային միաբանութիւն, ուղղեցոյց ունենալով Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր» նշանաբանը, որ տարիներ շարունակ հայ երիտասարդութիւնը համախմբած է հայապահպանման սկզբունքներու եւ գաղափարներու շուրջ։

Վարչութեան խօսքէն ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սոտերթելիոյ Միաւորի խմբապետուհի քոյր Նորա Վէքիլեան ստանձնեց օրուան հերթապահութիւնը եւ իր կարգին հրաւիրեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սոտերթելիոյ Մեկուսի շրջանի խմբապետուհի քոյր Սօսէ Երէցեանը եւ խոստում տուող 4 արի-արենոյշները՝ կատարելու խոստման արարողութիւն։

Քահանայ հօր օրհնութենէն ետք, խոստում տուող սկաուտները խոստացան ծառայել ազգին ու հայրենիքին եւ գործել իբրեւ պարտականութեան գիտակից, արի ու վեհանձն մարդ։

Խոստման արարողութեան յաջորդեց վկայագիրներու բաշխում։ Այս առիթով խօսք առաւ Շուէտի սկաուտական կազմակերպութեան արեւմտեան մարզի ընդհանուր փոխ խմբապետ Սթաֆֆան Փերսոն։

Խոստման արարողութեան աւարտին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը փոխանցեց եղբ. Ֆէտի Թաժրա։ Եղբայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Շուէտի սկաուտական կազմակերպութեան արեւմտեան մարզի ընդհանուր փոխ խմբապետ Սթաֆֆան Փերսոնին, որ ծանօթացման առաջին իսկ հանդիպումին անմիջապէս ընդառաջեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Վեսթերոսի սկաուտական մասնաճիւղի հրաւէրին եւ իր ներկայութեամբ նորագիր սկաուտներուն փոխանցեց մարզին պէճը։

Եղբայր Թաժրա անդրադարձաւ նաեւ Ա.Պէ.Էֆ.ի ներկայացուցիչի ներկայութեան, տրուած ըլլալով որ ան տեւաբար նիւթական նեցուկ կը կանգնի շրջանի դաստիարակչական ծրագիրներուն։ Եղբայրը նշեց նաեւ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը պատրաստ է ամէն տեսակի ծրագիրներ մշակելու զանազան միջավայրերու մէջ՝ այդքան ատեն որ այլ միութիւնները կը բացակային հոնկէ։

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Պահպանիչ»ով, որմէ ետք խոստում տուող սկաուտները ընդունեցին շնորհաւորութիւններ եւ անմոռանալի երեկոն աւարտեցաւ ծնողներու կողմէ պատրաստուած հիւրասիրութիւններով եւ գեղեցիկ նկարներով։

Տարածենք