ԽՄԲԱՊԵՏԻ ԱՍՏԻՃԱՆԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՀԱԼԷՊԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ՄԷՋ

 

Հովանաւորութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդին եւ ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան եւ Սկաուտ. Խորհուրդին, Կիրակի, 28 Յունիս 2020-ին, տեղի ունեցաւ խմբապետի աստիճանի տուչութիւն, ձեռամբ՝ Շրջանային Խմբապետ եղբ. Յովիկ Փամբալեանի։

Այս առիթով, մասնաճիւղէն քոյր Նաթալի Թաթոսեան-Հապէշեան եւ եղբ. Կիրօ Գարամանեան կատարեցին երդման արարողութիւն եւ ստացան խմբապետի աստիճան։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Խմբապետ եղբ. Յովիկ Փամբալեան շնորհաւորեց նոր աստիճան ստացող քոյրն ու եղբայրը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց։

Այնուհետեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդի ատենապետ եղբ. Ծերուն Գահուէճեան արտասանեց իր սրտի խօսքը։ Ան ողջունեց բոլոր քոյրերն ու եղբայրները, գնահատեց մասնաճիւղին աշխոյժ աշխատանքը եւ յատկապէս քաջալերեց մասնաճիւղին առցանց գործունէութիւնը, որ ի գործ դրուեցաւ նախորդ ամիսներուն, երբ Քորոնա ժահրի պատճառով դադրեցան միութեան աշխատանքները։ Աւարտին, ան թելադրեց սկաուտներուն, որ միշտ մնան հպարտ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ եւ բարձր պահեն միութեան վեհ անունը։

Տարածենք