Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.Ի ԱՐՄԱՒԻՐԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԸ Կ’ՕԺՏՈՒԻ ՆՈՐ ԿԵԴՐՈՆՈՎ

 

16-17 Մայիս 2020-ի շաբաթավերջը յատկանշական եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի մեծ ընտանիքին համար։ Բեղուն գործունէութեան երկօրեակ մը, որ անկասկած լաւ յիշողութիւններ ձգեց մասնակից միութենականներուն մօտ։

Շաբաթ, 16 Մայիսի կէսօրէ ետք ժամը 3-ին, Արմաւիր քաղաքին մէջ օրհնութիւնը կատարուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Արմաւիրի մարզային կեդրոնին, որուն ներքնայարկի կմախքը արդէն իսկ պատուած է եւ շինարարութիւնը պիտի շարունակուի անոր վրայ բարձրացող երկու յարկերուն։

Շրջանի հայ երիտասարդութեան համախմբման խիստ էական նկատուող այս կեդրոնը շօշափելի իրականութիւն դարձաւ Արեւմտեան Մ. Նահանգներէն նուիրեալ Հ.Մ.Ը.Մ.ական Էմիլ Մաղաքեանի եւ անոր ընտանիքի նուիրատուութեամբ։ Կեդրոնը պիտի կոչուի «Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Վարդան Բախշեան» կեդրոն, անմահացնելով Արմաւիրի մասնաճիւղի հիմնադիր, նահատակ ազատամարտիկ Վարդան Բախշեանի յիշատակը։

Այս ուրախ առիթով օրհնութեան վայր ժամանած էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Դաւիթ Յակոբեան, Համաշխարհային Սկաուտական Շարժման Եւրասիոյ Կոմիտէի նախագահ Բագրատ Եսայեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ ատենապետ Սանտրա Վարդանեան, Շուշան Մելիքեան, Սաշէ Նազարեան եւ Խորէն Նազարեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Երեւանի մարզային վարչութեան անդամ Ալէն Ասատուրեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի ընդհանուր խմբապետ Գէորգ Օհանեան, Բախշեան ընտանիքը, Արմաւիրի մասնաճիւղի վարչութեան կազմը, անցեալի խմբապետներ, արի-արենոյշներ, գայլիկ-արծուիկներ եւ այլ հիւրեր։

Ներկաները ողջունեց Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Արմաւիրի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Նանէ Խլղաթեան, որ ներկայացնելէ ետք օրուան պաշտօնական հիւրերը, բացատրեց իրագործելի յայտագիրը  եւ անդրադարձաւ 1992-ին հիմնուած մասնաճիւղին պատմականին, անցած ուղիին եւ սեփական կեդրոն ունենալու երազանքի իրականացման։ Քոյրը մասնաճիւղին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Մաղաքեան ընտանիքին, որուն նուիրատուութեան շնորհիւ իրականութիւն դարձած է ակնարկուած կեդրոնին շինարարութիւնը։ Ան նաեւ  երախտագիտութիւն յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Կեդրոնական Վարչութեան, մասնաճիւղի խմբապետական կազմին եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց օգտակար ներդրումը ունեցան մասնաճիւղի հզօրացման եւ կեդրոնի իրականացման։

Ապա հրաւիրեց շրջանի Ս. Նարեկ եկեղեցւոյ հովիւ Տաճատ Քահանայ Ինջիկուլեանը, որ օրհնեց կեդրոնին շինարարութիւնը եւ մաղթեց, որ նորակառոյց կեդրոնը շրջանի նորահաս սերունդներու դաստիարակութեան իսկական կեդրոնը կը հանդիսանայ։

Կեդրոնական Վարչութեան անունով Հ.Մ.Ը.Մ.ի գեղեցիկ օճախին կառուցումը շնորհաւորեց Դաւիթ Յակոբեան։ Ան ցաւ յայտնեց, որ անձնապէս չէ ճանչցած Վարդան Բախշեանը, սակայն անոր մտերիներուն միջոցով ճանչցած է անոր էութիւնը եւ համոզում յայտնեց, որ «Եղբ. Վարդան Բախշեանը բացի սկաուտական, համամարդկային ու Հ.Մ.Ը.Մ.ական մեր երազանքներից, առաջնահերթ մի մեծ երազանք ունէր, տեսնելու ազգային սերունդ, երկրին նուիրուած, մեր պետութեան, մեր ազգային արժէքների, գաղափարների նուիրուած սերունդ։ Այս կազմակերպական աշխատանքը, այս կեդրոնը ոչինչ կը լինի, եթէ կրելով Վարդան Բախշեանի անունը, մենք չկարողանանք Արմաւիրում դաստիարակել Վարդան Բաշխեանի արժանի սերունդ, որոնք իրանց գործունէութեամբ, իրանց կեանքով, իրանց ուժով մասնակից կը լինեն մեր երկրի պետութեան, մեր երկրի շինարարութեան գործին»։

Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Կեդրոնական Վարչութեան շնորհաւորանքները փոխանցեց Սանտրա Վարդանեան, որ անդրադառնալով կեդրոնի անուանման, ընդգծեց, թէ կեդրոնը կրելով Վարդան Բախշեանի անունը մեզ համար կը դառնայ պարտաւորեցնող, յուզիչ եւ մանաւանդ յուսադրող։ Քոյրը վստահութիւն յայտնեց, որ մասնաճիւղի գայլիկներու ծնող բարեխիղճ շինարարները, մեծ թափով կը շարունակեն իրենց աշխատանքը եւ կարճ ժամանակուան ընթացքին կ’ամբողջացնեն այնքան սպասուած կեդրոնին շինարարութիւնը, որպէսզի անոր բացումը պատշաճօրէն կատարուի եւ անցնի հայրենանուէր իր աշխատանքին։

Սրտի իր խօսքը փոխանցեց նաեւ նահատակ Վարդան Բախշեանի մայրը՝ Այտա Բախշեան։ Ան երախտագիտութիւն յայտնեց նորակառոյց կեդրոնը իր զաւկին անունով կոչելու որոշումին համար եւ յաջողութիւն մաղթեց մասնաճիւղին ապագայ աշխատանքներուն։

Ապա մասնաճիւղէն գայլիկ մը եւ արծուիկ մը, քահանայ հօր օրհնութեամբ, երկու ճերմակ աղաւնիներ բաց ձգեցին դէպի երկինք, իբրեւ խորհրդանիշ՝ խաղաղութեան եւ յաջողութեան։ 

Այնուհետեւ, ներկաները իրենց բարեմաղթանքները արձանագրեցին գայլիկ-արծուիկները յատկանշող դեղին փողկապի մը վրայ, որ ապակեայ շիշի մը մէջ զետեղելէ ետք, Այտա Բախշեանի եւ մասնաճիւղի առաջին խմբապետուհի Ռուզան Թամրազեանի կողմէ տեղադրուեցաւ կեդրոնին հիմքը, իբրեւ աշխատանքային մաղթանքներ, կեդրոնէն ներս դաստիարակուող յաջորդող սերունդներուն։

Յուսադրող այս արարողութիւնը վերջ գտաւ միասնական «Տէրունական» աղօթքով։ Մեծապէս տպաւորուած ներկաները Սարդարապատի յաղթանակը խորհրդանշող յուշարձանը սկաուտական փողկապով զարդարուած գեղեցիկ կրծքազարդ մը ստանալէ ետք, հիւրընկալուեցան մասնաճիւղին գործունեայ անդամներէն Սիրակ եւ Յասմիկ Այվազեաններու բնակարանը։ Հրամցուած համադամ ճաշերուն առընթեր, ներկաները խրախճանքի ուրախ մթնոլորտին մէջ իրենց բարեմաղթանքները փոխանցեցին կեդրոնէն ներս տարուելիք աշխատանքնրուն նկատմամբ եւ յոյս յայտնեցին, որ ան Արմաւիրի մարզի Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն դաստիարակութեան դարբնոցը կը հանդիսանայ։

 

ՍԿԱՈՒՏԸ ՄԻՇՏ Կ’ՕԳՆԷ ՈՒՐԻՇԻՆ

Կիրակի, 17 Մայիս 2020-ին, մեղուի փեթակի վերածուած էր Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Երեւանի կեդրոնը, ուր բարեգործական աշխատանք կազմակերպելու համոզումով, համախմբուած էին միութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամներն ու սկաուտական իրենց դաւանանքին հաւատարիմ շրջանի արի-արենոյշներու եւ խմբապետ-խմբապետուհիներու խումբ մը։ Անոնք եկած էին ազգային իրենց պարտականութիւնը կատարելու հայրենի ժողովուրդի այն հատուածին նկատմամբ, որոնք Քորոնա ժահրի տարածման այս դժուարին օրերուն, իրենց տուներուն մէջ բանտարկուած, օգնութեան կարիքը ունին։

Անձնազոհ այս երիտասարդները, իրենց ղեկավարներուն հետ միասին, ուտեստեղէնի 400 տուփեր փաթեթաւորեցին, այն նախատեսութեամբ, որ զանազան մարզերու մէջ գործող Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի մասնաճիւղերու անդամներու միջոցով պիտի տրամադրուին կարիքաւոր ընտանիքներու, ձերբազատելով զանոնք գէթ քանի մը օրուան ուտելիքի մտահոգութենէն։ Անոնք նոյնանման աշխատանք կատարած էին նաեւ նախորդ շաբթուան ընթացքին։ Այսպիսով, ցարդ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Հայաստանի մեծ ընտանիքը 400 կարիքաւոր ընտանիքներու համար փաթեթաւորած է 800 ուտեստեղէնի տուփեր, իւրաքանչիւր ընտանիքի նկատի ունենալով երկու տուփ։

«Բնական է, այսքանով չենք աւարտում մեր աշխատանքը։ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ը պիտի շարունակի իր բարեգործ աշխատանքը, օգնելով մեր ժողովրդի կարիքաւոր հատուածին։ Վերջապէս Հ.Մ.Ը.Մ.ը ծնունդ է առել, դաստիարակելու համար առողջ սերունդներ, որպէսզի նրանք օգտակար հանդիսանան իրենց ազգին ու հայրենիքին։ Ահա էս աշխատանքը ակնարկուած նպատակներից մին է», ըսաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Սանտրա Վարդանեան, որ ընդգծելով Հ.Մ.Ը.Մ.ական երիտասարդի ազգանուէր գործունէութիւնը, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն նուիրատուներուն, որոնք սատար կը կանգնին հայրենանպաստ այս աշխատանքին։  

Քոյրը համոզում յայտեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ը հաւատարիմ մնալով «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր» իր նշանաբանին, պատրաստակամութեամբ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը «Առողջ միտք, առողջ մարմնի մէջ» կարգախօսով եւ պիտի շարունակէ  ծառայել իր ազգին, հայրեիքին ու եկեղեցիին։

 

ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

«ԵՐԿԻՐ»

Տարածենք