ԵՂԲ. ԶԱՔԱՐ ՉՈՐՊԱՃԵԱՆ`Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼԻՆ ՄԵԾ ԵՐԱԽՏԱՒՈՐԸ

 

 5 Փետրուար 2020-ին, Լոս Անճելըսի մէջ իր մահկանացուն կնքեց հաւատաւոր միութենական, Հ.Մ.Ը.Մ.ական ֆութպոլի մեծ երախտաւոր՝ եղբ. Զաքար Չորպաճեան։ Եղբայր մը, որուն անունը շուրջ քառորդ դար կապուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղին եւ անոր ֆութպոլի մարզաձեւին։ Եղբ. Զաքար եղաւ անխոնջ նուիրեալ մը երիտասարդ ֆութպոլիստներու պատրաստութեան գործին։ Մինչեւ Մ. Նահանգներ հաստատուիլը, ան համբերատարութեամբ եւ ժրաջանութեամբ զբաղեցաւ մասնաճիւղին երկրորդական թէ ներկայացուցչական խումբերու աշխատանքներով եւ ախոյեանական տիտղոսներու նուաճումներով։

Եղբ. Զաքար Չորպաճեան մահացաւ 92 տարեկանին, երեք քառորդ դարու կեանք մը ապրելով Հ.Մ.Ը.Մ.ին հետ, Հ.Մ.Ը.Մ.ին համար։ Մեծ եղաւ իր ուրախութիւնը իրեն այնքան սիրելի միութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն։ Ուրախացաւ եւ գօտեպնդեց նորերը, որպէսզի ընթանան իր ճամբէն՝ միութենական նուիրումի եւ ազգային ծառայութեան ճամբէն։ Իրեն համար ֆութպոլը եղաւ միջոց՝ նորահաս սերունդներուն հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու, իսկ Հ.Մ.Ը.Մ.ը եղաւ մեծ դպրոց, որմէ շատ բան սորվեցաւ եւ որուն շատ բան տուաւ ան՝ գիտակցական իր կեանքին ամբողջ ընթացքին։   

Եղբ. Զաքար Չորպաճեան կը ծնի 1928-ին, Պուրճ Համուտ, Լիբանան։ Հ.Մ.Ը.Մ.ին ան կ’անդամակցի 1945-ին, իբրեւ երէց սկաուտ։ Երկու տարի իր ծննդավայր Թրատ թաղամասի սկաուտ խմբապետի պաշտօնը վարելէ ետք, 1951-ին ան կ’ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ եւ 25 տարի (1951-1966, 1969-1972, 1978-1979, 1983-1984) մաս կը կազմէ մասնաճիւղի յաջորդական վարչութիւններուն, իբրեւ ֆութպոլի յանձնախումբի ներկայացուցիչ, փոխ ատենապետ եւ երկու շրջան (1978-1979, 1983-1984)՝ ատենապետ, կարեւոր ներդրում ունենալով մասնաճիւղին յաջողութիւններուն մէջ։ Այս միջոցին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը չորս անգամ կը շահի Մեթնի ախոյեանութեան բաժակը, ութ անգամ՝ Լեռնալիբանանի առաջնութիւնը եւ միջ-մասնաճիւղային մրցաշարքներու կը խլէ բազմաթիւ բաժակներ։ 1963-ին խումբը մինչեւ իսկ կը բարձրանայ Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգ։

Եղբ. Զաքար Չորպաճեան 17 տարի մաս կը կազմէ ֆութպոլի Լեռնալիբանանի ֆետերասիոնին՝արժանանալով իր արաբ գործակիցներու վստահութեան եւ անվերապահ յարգանքին։

1960-1970-ականներուն, Լեռնալիբանանի նահանգապետին կողմէ ան կը նշանակուի նահանգի երկրորդական վարժարաններու ֆութպոլի մրցաշարքի կազմակերպիչ եւ ընդհանուր պատասխանատու, որուն իբրեւ արդիւնք՝ ան կ’արժանանայ Լիբանանի օրուան նախագահ Սլէյման Ֆրենժիէի շքանշանին։ 1967-1984, Լիբանանի ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ ան կը նշանակուի Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի ֆութպոլի դաշտի յանձնախումբի անդամ, հսկելու նորաշէն եւ արդիական դաշտի հոգածութեան ծրագիրներուն եւ պիւտճէին։

Ֆութպոլէն անկախ, եղբ. Չորպաճեան կը գործէ նաեւ աթլեթիզմի մարզին մէջ։ 1955-ին, առաջին անգամ ըլլալով ան կը կազմակերպէ Պէյրութ-Պուրճ Համուտ վազքի մրցաշարքը, իսկ 10 տարի շարունակ կը կազմակերպէ Պուրճ Համուտի վազքի մրցաշարքը։ Ի պաշտօնէ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղերու պատուիրակութիւններուն հետ կը ճամբորդէ զանազան երկիրներ՝ Եգիպտոս, Քաթար, Յորդանան, Սուրիա։ Յորդանան այցելութեան ընթացքին մօտէն կը ծանօթանայ Հիւսէյն թագաւորին եւ կ’արժանանայ անոր թագաւորական շքանշանին։

Միութենական երկարամեայ իր գործունէութեան համար, եղբ. Չորպաճեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան կողմէ կը պարգեւատրուի միութեան «Ծառայութեան» շքանշանով։

1984-ին, ան մեծ դեր կ’ունենայ Պէյրութէն Լոս Անճելըս այցելող եւ Քալիֆորնիա ապրող ֆութպոլի վեթերաններու միջեւ յիշատակելի մրցումներու կազմակերպման, որոնք նախաքայլը կը հանդիսանան հետագային Լոս Անճելըսի մէջ կազմուելիք ֆութպոլի վեթերաններու խումբին։

Եղբ. Չորպաճեան 2003-ին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ կը պարգեւատրուի միութեան «Արտակարգ» շքանշանով, իսկ 2009-ին՝ Նաւասարդեան 34-րդ մարզախաղերուն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան կողմէ կը հռչակուի տարուան «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական»։

Իր մահով կ’անհետանայ վերջին ներկայացուցիչներէն մէկը Հ.Մ.Ը.Մ.ի ոսկեայ սերունդին, որ դաշտերու վրայ յաղթանակներու հպարտութիւն, իսկ դաշտերէ դուրս ինքնանուիրումի գիտակցութիւն տուաւ իր ժողովուրդին, «Բարձրացո՛ւր-բարձրացիր» նշանաբանին ամբողջական հաւատարմութեամբ։

Տարածենք