ԵՂԲ. ԿԱՐՕ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

 

Վերջերս ցաւով իմացանք մահուան լուրը Հ.Մ.Ը.Մ.Ի հալէպի ֆութպոլի մարզական կեանքի ծանօթ դէմքերէն եղբ. Կարօ Տէմիրճեանի՝ Փարլախ Կարոյի։ Մահը պատահած է Յունուար ամսուն, Մոնթեպելլոյի մէջ, Մ. Նահանգներ։

Անձնապէս եղբ. Կարոյին ծանօթացած եմ 1980-ական թուականներուն, երբ ան ստանձնած էր ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին պատասխանատուի պաշտօնը: Այդ ժամանակ խումբը նահանջած էր Բ. Դասակարգ եւ մեծ սերնդափոխութիւն կատարուած խումբին մէջ: Եղբ. կարօն իր խառնուածքով բաւական տիրական ներկայութիւն էր շրջապատին մէջ, դժուարութիւնները յաղթահարելու տոկունութեամբ օժտուած անձնաւորութիւն մը, որ… կը հալածէր գործը, կը լուծէր մարզիկներու նոյնիսկ անձնական, դպրոցական եւ գործի հետ կապուած խնդիրները:

Իր նախանձախնդիր աշխատանքը շատ անգամ կը նեղացնէր շրջապատի մարդիկը։ Ան երբեք չէր ազդուեր ու չէր հակադարձեր պոռոտախօսներուն, որոնք նախանձով կը հետեւէին իրեն: Լուռ ու մունջ, առանց տրտնջալու, եղբ. Կարօ լծուած էր իր գործի շարունակականութեան եւ յաջողութեան:

Եղբ. Կարօ երբեք չէր քաջալերեր մարդոց հասցէին արտայայտուողները, ընդհակառակն՝ ան կ’ուզէր որ մարդիկ աժան զրպարտութիւններով չտարուին, այլ՝ կողմ ըլլան հաւաքական աշխատանքին։ Գործի մարդ էր ան եւ ոչ՝ խօսքի:

Ան ներկայութիւն էր ֆութպոլի յանձնախումբի բոլոր աշխատանքներուն, փոքր ու մեծ խումբերու գործունէութեան։ Եղբ. Կարօ իր կարեւոր մասնակցութիւնը կը բերէր հանգանակութեան գործին։ Գործատեղիին շրջափակին մէջ յաճախ կը հաւաքէր յանձնախումբի կրտսեր եղբայրները: Խնայողասիրութիւնը սկաուտական շարքերէն ժառանգած ըլլալով, ան պարտականութիւն կու տար կրտսեր եղբայրներուն պատրաստել մարզիկներու ճամբորդութեան հրամցուելիք կերակուրը։ Խնայելու եւ աշխատանքի սէրը կ’արթնցնէր եղբայրներու մէջ:

Կարելի չէր չտպաւորուիլ եղբ. Կարոյի առաքինի Հ.Մ.Ը.Մ.ականի տիպարով:

Իրեն գործակից եղբայրներու վկայութեամբ, մարդիկ նախանձի իբրեւ արդիւնք՝ կ’ուզէին շուքի մէջ ձգել եւ նսեմացնել եղբ. Կարոյին եզակի աշխատանքը, բայց իրականութիւնը կը մնար իրականութիւն:

Եղբ. Կարօ աշխատասիրութեան եւ ծառայասիրութեան օրինակ դարձաւ բոլոր այն տղոց, որոնք ճանչցան ու գործ ունեցան իրեն հետ ու ան վայելեց անոնց յարգանքը, իբրեւ նուիրեալ երէց եղբայր:

Յիշատակդ անթառամ պիտի մնայ մեր սրտերուն մէջ, իրապէ՛ս աննման եղբ. Կարօ Տէմիրճեան:

Հողը թեթեւ գայ շիրիմիդ:

 

Տարածենք