ՀԱՒԱՏԱՒՈՐ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆԻ ՄԸ՝ ԵՂԲ. ՊԵՐՃ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ ԿՈՐՈՒՍՏԸ

 

Սփիւռք, հայութիւն, հայկական կառոյցներ գոյութիւն պիտի չունենային առանց Պերճ Գրիգորեանի նման անձերու զոհաբերութեան, նուիրուածութեան:

Չենք կրնար Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի պատմութիւնը մեր ապագայ սերունդին սորվեցնել, առանց անդրադառնալու եղբ. Պերճ Գրիգորեանին:

Եղբ. Պերճ Գրիգորեան ծնած էր 1928-ին, Կրետէ կղզիի Իրաքլիոյ քաղաքը, ուր ծնողքը 1922-ին Փոքր Ասիոյ Զմիւռնայէն հասած է գաղթական:

1929-ին ընտանեօք կը փոխադրուին Փիրէա, Գոքինիոյ հայաշատ թաղամասը: Կը յաճախէ Հ.Կ.խաչի Զաւարեան վարժարանը, ուրկէ կ’ըլլայ շրջանաւարտ:

Մանուկ տարիքէն կը միանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքին: Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին պարտադրուած դադարէն ետք, 1945 թուականին, եղբ. Կարպիս Տէր Մեսրոպեանին հետ կը համախմբեն Գոքինիոյ թաղամասի երիտասարդներն ու փոքրերը եւ կը վերակազմեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութիւնը: 1946-1947 եւ 1949-ին Գոքինիոյ սկաուտական շարքերու խմբապետի, Առաջնորդի եւ մեծ թիւով վարիչներու արտագաղթը Յունաստանէն դէպի Հայաստան, Արժանթին եւ այլուր, ժամանակաւոր արգելք կը հանդիսանայ աստիճանաւորական ցանցի կազմութեան: Այսուհանդերձ, մնացողները մեծ հաւատքով կը վերակազմեն սկաուտական շարքերը եւ խմբապետութիւնը կը ստանձնէ եղբ. Պերճ Գրիգորեան:

Օգոստոս 1953-ին, երբ Քեֆալոնիա կղզիի երկրաշարժին ցաւալի լուրը կը տարածուի, եղբ. Գրիգորեան խումբ մը սկաուտներու հետ կը շտապէ կղզի, կատարելու սկաուտական պարտականութիւնը, այսինքն՝ հասնիլ օգնութեան:

Հայ սկաուտներու փրկարար խումբը անմիջապէս գործի կ’անցնի։ Փլատակներու տակէն կը յաջողին փրկել տեղւոյն հիւանդանոցի վիրաբուժական գործիքները, ինչպէս նաեւ՝ հիւանդանոցի գանձը:

Նոյն ժամանակ, եղբ. Պերճ Գրիգորեան, իր կեանքը վտանգելով, փլատակներու տակէն կ’ազատէ ծերունի զոյգ մը եւ փոքրիկ մը:

Իր այս արիութեան համար եղբայրը կ’արժանանայ Յունաստանի զինեալ ուժերու «Պատուոյ» շքանաշանին:

Եղբ. Պերճ սկաուտական իր գործունէութիւնը կը շարունակէ մինչեւ 1970 եւ անկէ ետք կը դադրի սկաուտական ընթացիկ աշխատանքներէ, սակայն միշտ նեցուկ կը կանգնի Հ.Մ.Ը.Մ.ին:

1980-ական թուականներուն, երբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութիւնը եղբօր կարիքը կ’ունենայ, ան առանց վարանումի թեւերը սոթթելով կ’անցնի աշխատանքի, պատրաստելու համար նոր սերունդը:

1986-ին, եղբ. Պերճին առաջնորդութեամբ սկաուտական պատուիրակութիւն մը կը մասնակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի համագաղութային երրորդ բանակումին, Անգլիա:

Եղբ. Պերճ Գրիգորեան միշտ եղաւ տիպար եւ օրինակելի Հ.Մ.Ը.Մ.ական, իր երկարամեայ գործունէութեամբ օժանդակեց միութեան եւ օգտակար հանդիսացաւ անոր ամրապնդման, զարգացման եւ վերելքին: Միշտ նպատակ ունենալով կերտել եւ դաստիարակել ապագայ սերունդը, հաւատարիմ մնալով Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր» նշանաբանին։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութիւնը արժեւորելով եղբօր նուիրական ոգին, զայն կը պարգեւատրէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Ծառայութեան» շքանշանով, իսկ 2003-ի Փետրուարին, Շրջանային Վարչութեան առաջարկով եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան որոշումով, եղբ. Պերճ Գրիգորեան կ’արժանանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արժանեաց» շքանշանին:

Սիրելի՛ եղբայր Պերճ, յիշատակդ անմառ պիտի մնայ։ Հողը թեթեւ ըլլայ վրադ։

 

Մարլէն Տաքեսեան

 

Տարածենք