ՄԻ՛ ՄՏԱՀՈԳՈՒԻՔ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի գերագոյն ժողովին ներկայ գտնուիլը իւրաքանչիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ականի երազն է: Ներկայ գտնուիլ տեղ մը եւ շրջապատուած ըլլալ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի օրակարգով` իւրաքանչիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ականի փափաքն է:

Իսկ ներկայ գտնուիլ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 12-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին` բախտաւորութիւն էր:

Տարբեր էր 12-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովը: Իւրայատուկ եւ յատկանշական, որովհետեւ 100-ամեայ գործունէութենէ ետք այս մեծ միութիւնը կը մտնէր նոր փուլ եւ կ’ուղղուէր դէպի նոր 100-ամեակ:

Այսպէս, 14-19 Հոկտեմբեր 2019-ին, Հայաստանի Ծաղկաձոր շրջանին մէջ հաւաքուած էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհասփիւռ շրջաններէն եկած 117 քոյրեր-եղբայրներ, արժեւորելու համար միութեան 2015-2019 քառամեակի գործունէութիւնը, ծրագրելու անոր ապագայի աշխատանքները, քննարկելու, կազմակերպելու եւ յատկապէս շարունակելու մէկ դարը թեւակոխած միութեան առաքելութիւնը:

Տարբեր էր այս ժողովը, որովհետեւ ներկայ էին ո՛չ միայն երէց միութենականներ, այլ նաեւ` երիտասարդներ: Երիտասարդներ թէ՛ շրջաններէն, եւ թէ՛ առաջին անգամը ըլլալով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի երիտասարդական Ա. համագումարէն:

Խօսքը գործի վերածելու գեղեցկագոյն օրինակ:

Եւ ես` իբրեւ երիտասարդ, առիթը եւ բախտը ունեցայ մասնակցելու այս ժողովին, սակայն մտահոգ էի. մտահոգ էին նաեւ միւս երիտասարդները, որովհետեւ չէինք պատկերացներ, թէ միութեան գերագոյն ժողովին պիտի կարենանք մեր մտածումները, երիտասարդութեան հարցերը եւ կարիքները լաւապէս փոխանցել եւ մեր ձայնը լսելի դարձնել: Սակայն մեր մտահոգութիւնները փարատեցան ժողովի առաջին իսկ օրէն:

Բոլորին կողմէ տարբեր սէր, գուրգուրանք եւ ուշադրութիւն կար մեզի հանդէպ:

Ի՜նչ գեղեցիկ էր մթնոլորտը, երբ իւրաքանչիւր դադարի երէց-երիտասարդ միասնաբար կը զրուցէինք Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասին:

Մենք հմայուած կը լսէինք ու կը փորձէինք նոր բան մը սորվիլ մեր մեծերէն, իսկ անոնք ժպիտով եւ հետաքրքրութեամբ կը լսէին մեզ:

Մենք կը գանգատէինք, իսկ անոնք հանդարտութեամբ կը խօսէին ու կ’օգնէին:

Երբեք չնկատեցինք տարիքի տարբերութիւնը, մանաւանդ որ իրարու հետ կը խօսէինք ,քոյրե-,եղբայրեով:

Կ’ըսենք եւ կ’ըսեն՝ պէտք է առիթ տալ երիտասարդներուն, լսել երիտասարդութիւնը, եւ աւելի՛ն, վստահիլ անոնց… 100-ամեայ երիտասարդ Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր պատմութեան անկիւնադարձային այս հանգրուանին կատարեց այդ մէկը:

Տարբեր էր այս ժողովը նաեւ իգական սեռի յաւելեալ ներկայութեամբ: Եւ աւելի՛ն, նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան մէջ իր արժանի տեղը ունեցաւ քոյր մը, եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը անգամ մը եւս փաստեց, որ այս միութիւնը երբեք սեռային խտրութիւն դնող միութիւն մը չէ:

Տարբեր էր այս ժողովը, ինչպէս նաեւ` զգացական, որովհետեւ ժողովին կը մասնակցէին Հ.Մ.Ը.Մ.ի նորաստեղծ կարգ մը մասնաճիւղերը` Մոսկուա, Թիֆլիս եւ ամէնէն նորեկ անդամը… Արցախի մասնաճիւղը:

Այս բաժինը նկարագրելը դժուար է. պէտք էր ներկայ ըլլալ եւ զգալ այդ վայրկեանները, երբ ամբողջ սրահը, յոտնկայս ծափահարութիւններով, յուզուած աչքերով, արցունքներով դիմաւորեց Արցախի ներկայացուցիչը, որուն առջեւ հպարտութեամբ կը տեսնէինք Արցախի դրօշակը եւ ԱՐՑԱԽ անունը, որոնք ուժ կը ներշնչէին մեզմէ իւրաքանչիւրիս:

Տարբեր էր այս ժողովը, որովհետեւ ականատես եղանք, թէ ինչպէ՛ս աշխարհի տարբեր երկիրներ ծնած, տարբեր ձեւով ապրած անձեր կը մտերմանան ժամերու ընթացքին, միասին կ’երգեն, կ’ուրախանան, կը յուզուին, որովհետեւ ունին նոյն նպատակը եւ կը հաւատան նոյն առաքելութեան, այլ խօսքով` Հ.Մ.Ը.Մ.ական են եւ վե՛րջ:

Վերջապէս, տարբեր էր այս ժողովը, որովհետեւ առաջին անգամը ըլլալով ժողովին կը մասնակցէին երեք հայրեր եւ իրենց զաւակները` երեք տարբեր շրջաններէ:

Փաստ մը, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ջահը կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ:

Փաստ մը, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը շարունակէ պատրաստել նոր ,կամաւոր բանակե:

Փաստ մը, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը գոյատեւէ եւ իր ընթացքը դէպի նոր 100-ամեակ ապահով է ու հաստատուն:

Այս բոլորէն ետք, առանց վարանելու, հանգիստ խիղճով դարձեալ կ’ըսեմ` Հ.Մ.Ը.Մ.ով Մի՛ մտահոգուիք:

 ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏ- Նժդեհ Մկրտիչեան

Տարածենք