ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ

ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ

ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ

Եղբ. Վարուժան Գազանճեան ծնած է 1931-ին, Գահիրէ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է մխիթարեաններու տեղւոյն վարժարանը, իսկ բարձրագոյն ուսումը՝ Գահիրէի Ամերիկեան համալսարանը (Լինքըլն քոլէճ)՝ AUC։ Զաւակն է Գահիրէի «Արարատ» մարզական ակումբի (հիմնուած՝ 1914-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ին միացած՝ 1946-ին) հիմնադիր երկրորդ սերունդի անդամներէն Վարդան Գազանճեանի։

Եղբ. Գազանճեան պատանեկութեան եղած է «Արարատ»ի սկաուտական միաւորի անդամ։ Հետագային ան մաս կազմած է ակումբի պասքեթպոլի երէց տղոց խումբին։ Շրջան մը եղած է խմբապետ։

Անդամ էր եգիպտահայ մարզական խաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբին։ 1978-էն սկսեալ եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.-«Արարատ»ի վարչական անդամ՝ գանձապահ, փոխ ատենապետ եւ ատենապետ։ Մասնակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Դ. Պատգամաւորական Ժողովին եւ դիւաններու Ա. խորհրդաժողովին (Աթէնք եւ Միլանօ)։

1993-ին եղբ. Գազանճեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ կը պարգեւատրուի «Արժանեաց» շքանշանով։ 2000-էն մինչեւ իր մահը ան պատուակալ նախագահն էր Հ.Մ.Ը.Մ.-«Արարատ»-ի։

Եղբ. Վարուժան Գազանճեան կը մահանայ 24 Յուլիս 2008-ին։

Տարածենք