ՊՕՂՈՍ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

ՊՕՂՈՍ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

ՊՕՂՈՍ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Յունահայ սկաուտութեան վաստակաշատ երախտաւորներէն է եղբ. Պօղոս Պօղոսեան։ Ան ծնած է 1916-ին, Իզմիրի Տենիզլի շրջանը։

Իզմիրի աղէտէն ճողոպրելով՝ եղբ. Պօղոս ծնողքին հետ կը գաղթէ Յունաստան եւ կ’ապաստանի Ֆիքսի հայկական գաղթակայանը։ Ան կը յաճախէ տեղւոյն Ազգ. Ազգային նախակրթարանը եւ ինը տարեկանին կ’անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական շարքերուն։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութեան մէջ եղբ. Պօղոս կը վարէ զանազան պաշտօններ։ Վրայ կը հասնի Բ. Աշխարհամարտը եւ երկիրը նացիական գրաւման ենթարկուելով ազգային ամէն շարժում կ’արգիլուի։

Աշխարհամարտի աւարտին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշը դարձեալ կը ծածանի Յունաստանի մէջ եւ սկաուտական նորակազմ խումբերու անդամներուն թիւը կը սկսի դարձեալ բազմանալ։ Եղբ. Պօղոս Պօղոսեան եւ եղբ. Մանուկ Գրիգորեան գործի անցնելով իրենց մասնաճիւղի սկաուտական 58-րդ խումբի անդամներուն թիւը կը հասցնեն հարիւրի։

1964-ին, եղբ. Պօղոս կ’ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան անդամ եւ 20 տարի Վարչութեան մաս կը կազմէ զանազան պաշտօններով։

1986-ին, Շրջանային Վարչութիւնը զինք կը նշանակէ Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդի անդամ եւ երկու տարի ան կը վարէ Խորհուրդին ատենապետութիւնը։

1980-ին, եղբ. Պօղոս Յունական Սկաուտական Ֆետերասիոնէն կը ստանայ «Ծառայութեան» շքանշան։ 1993-ին, ան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան կողմէ կը պարգեւատրուի «Ծառայութեան» շքանշանով։ Իսկ 2 Փետրուար 2003-ին, ան կ’արժանանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան «Արժանեաց» շքանշանին։

Եղբ. Պօղոս Պօղոսեան կը մահանայ 27 Նոյեմբեր 1990-ին, Աթէնք։

Տարածենք