ՊԱՏՐԻԿ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ

ՊԱՏՐԻԿ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ

ՊԱՏՐԻԿ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի համագաղութային կառոյցի երկրորդ սերունդի տիպարային լաւագոյն ներկայացուցիչներէն է եղբ. Պատրիկ Կիւլպէնկեան, որ միութենական 70 տարուան ծառայութեամբ մը բեռնաւորուած, 11 Դեկտեմբեր 2020-ին, կեանքին հրաժեշտ տուաւ իր պաշտած միութեան առաւելագոյնը տուած ըլլալու խիղճի հանգստութեամբ եւ հոգիի խաղաղութեամբ։

Եղբայր Պատրիկ Կիւլպէնկեան ծնած է 17 Մարտ 1932-ին, Համատան, Իրան։ Երիտասարդ տարիքին ան փոխադրուած է Լիբանան եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Պէյրութի Հայ Աւետ. Քոլէճին (1949-1952), իսկ համալսարանական կրթութիւնը՝ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ, առեւտրական գիտութեանց մասնագիտութեամբ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքեր մուտքը կատարուած է 1950-ին, երբ ան մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղի հեծելարշաւի յանձնախումբին, որուն պատասխանատուն, օրին, մօրեղբայրն էր՝ վաստակաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբ. Կրէկուար Մղձաւետիքեանը։

Հեծելարշաւի յանձնախումբին երեք տարի ծառայելէ ետք, եղբ. Պատրիկ միութեան սկաուտութեան մաս կազմելու հրաւէր մը կը ստանայ եղբ. Վարդգէս Յովնանեանէն եւ կ’անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղի երէցական նորաստեղծ փաղանգին, խմբապետ ունենալով Դամասկոսէն ժամանած փորձառու խմբապետ եղբ. Յակոբ Մանուկեանը, որմէ ետք՝ չորս տարի ինք կը ստանձնէ փաղանգին ղեկավարութիւնը։ Այնուհետեւ, տասնամեակներու վրայ կ’երկարի եղբ. Պատրիկին ծառայութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ անոր ճամբով հայ նորահաս սերունդներու դաստիարակութեան գործին։ Եղբ. Պատրիկ գործերու միջեւ խտրութիւն չի դներ։ Կը ծառայէ հոն, ուր կարիքը կը զգացուի։ Ան մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղի Սկաուտ. Խորհուրդին (1964-ին, 1971-ին), վարչութեան (1965-1968 եւ 1972) եւ Լիբանանի Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդին (1973)։

Իր պարտաճանաչ ու բարեխիղճ գործունէութեամբ աչքի զարնող եղբ. Պատրիկ երեք շրջան կ’ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անդամ (1977-1979, 1981-1983 եւ 1983-1985), մնայուն կապը հանդիսանալով օրուան Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդներուն հետ։

1987-ին, Աթէնքի Դ. Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին, եղբ. Պատրիկ կ’ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։ 1991-ին եւ 1995-ին ան կը վերընտրուի երկու շրջան, ապա՝ քառամեակի մը դադարէ ետք, ան վերստին կը գործէ մէկ շրջան՝ 2003-2007, ստանձնելով գանձապահի եւ սկաուտական աշխատանքներու պատասխանատուութիւններ։ Իբրեւ գանձապահ, ան օրինակելի բծախնդրութեամբ կը կատարէ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Դ., Ե., Զ. եւ Ը. բանակումներու գանձապահութեան պարտականութիւնը։ Կը մասնակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի ութ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովներու, միջ-դիւանական բազմաթիւ ժողովներու եւ սկաուտական խմբապետական առաջին չորս համագումարներու։

Կեդրոնական Վարչութեան անդամակցութեան 16 տարուան իր բազմաթիւ պատասխանատուութիւններուն կողքին, եղբ. Պատրիկ 1985-էն մինչեւ իր մահը մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի յաջորդական վարչական կազմերուն, կատարեալ խղճմտութեամբ եւ լայն համբերատարութեամբ կատարելով թերթին հաշուապահութեան, ցրւումի եւ առաքումի «սեւ» ու տաղտկալի աշխատանքները։ Միութենական իր 70-ամեայ ծառայութեան համար, եղբ. Պատրիկ Կիւլպէնկեան կ’արժանանայ Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի (2001), Լիբանանի կրթական նախարարութեան (2006) եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արժանեաց» շքանշաններուն (2008)։

Տարածենք