ՇԱՒԱՐՇ Ա. ՔՀՆՅ. ՄԵՀՐԱՊԵԱՆ

ՇԱՒԱՐՇ Ա. ՔՀՆՅ. ՄԵՀՐԱՊԵԱՆ

ՇԱՒԱՐՇ Ա. ՔՀՆՅ. ՄԵՀՐԱՊԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի աւագ սերունդի ներկայացուցիչներէն է Շաւարշ Ա. Քհնյ. Մեհրապեանը, աւազանի անունով՝ Համազասպ, որ ծնած է 1905-ին, Բարձր Հայքի Դերջան գաւառի Դըւնիկ գիւղը։ Ան իր քահանայ հօր եւ երկու քոյրերուն հետ 1913-ին կ՚անցնի Պոլիս, իսկ 1914-ին՝ Կիլիկիա։ Ֆնտըճաքի հերոսամարտէն ետք, իր հօր՝ Տէր Եղիշէ քահանային հետ կը բռնէ աքսորի ճամբան, Հալէպէն Ղաթմա, Ռաս Իւլ Այն եւ Մուսուլ, օրհասական երեք տարիներու ոդիսական մը ապրելով։ Ռաս Իւլ Այնի մէջ, Տէր Եղիշէ կը վարէ տարագիր 30 հազար հայերու հոգեւոր հովութիւնը, մինչ պատանի Համազասպ, անչափահաս 11 բախտակիցներու հետ, քանի մը անգամ մահէ ազատելէ ետք, կը վիրաւորուի գանկէն, զիստէն եւ ոտքէն։ 1918-ին, անգլիական բանակին Մուսուլ մուտքէն ետք, Համազասպ աքսորի բազմահարիւր վիրաւորներու հետ կը հիւրընկալուի հիւանդանոցի մը մէջ, ուր ենթակայ կը դառնայ ոտքը կորսնցնելու վտանգին։ Յանդգնութիւնը կ՚ունենայ սակայն փախչելու հիւանդանոցէն եւ անցնելու Հալէպ, ուր քանի մը ամիս կը մնայ Սապուն Խանի որբանոցը։

Այնուհետեւ, վիրաւոր ոտքը քաշկռտելով՝ Հալէպէն կը հասնի Պոլիս, ուր Գարակէօզեան որբանոցի եւ Ունճեան-Արամեան Բարձրագոյնի մէջ կ՚աշակերտէ Յակոբ Օշականի (գրականութեան ուսուցիչ) եւ Շաւարշ Քրիսեանի սաներէն տարօնցի Սուրէն Բաբախեանի (մարզանքի ուսուցիչ)։ Որբանոցի հայաշունչ մթնոլորտին մէջ մեծցող պատանի Համազասպ կը հետեւի սկաուտական եւ մարզական դասընթացքներու (Ֆութպոլ, լող, աթլեթիզմ)։ Հակառակ իր վնասուած ոտքին, ան յամառօրէն կը հետեւի փորձերու եւ որբանոցին ախոյեանը կը դառնայ բարձրութիւն ցատկելու, քայլ եւ երեք քայլ ոստումի մարզաձեւերուն։ Թուրքիոյ մէջ Քեմալական շարժումի յաջողութենէն եւ Փոքր Ասիոյ աղէտէն ետք, 1922-ին, կը փոխադրուի Յունաստան. Գորֆու, Սիրա կղզիներ եւ ապա՝ Գաւալայի եւ Տրամայի որբանոցները։ Ուր որ կը գտնուի, կը հիմնէ մարզական-սկաուտական խումբեր։ Ի վերջոյ, Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի հաշուեյարդարին բերումով, Թրակիոյ եւ Մակեդոնիոյ կարգ մը գիւղերը շրջելէ ետք, կը հաստատուի Սելանիկ, ուր մինչեւ 1928 կը նուիրուի տեղւոյն նոր սերունդի կազմակերպման գործին։ 1928-ին կ՚անցնի Աթէնք, ուր 1933-ին կը կազմէ ընտանեկան իր բոյնը։

Աթէնքի մէջ, Համազասպ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերուն կը միանայ իբրեւ մարզիկ եւ վարչական պատասխանատու։ Շուտով, Գէորգ Յաբէթեանի եւ Դանիէլ Դանիէլեանի հետ ան կը դառնայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի կարկառուն դէմքերէն։ Երկրորդ Աշխարհամարտէն ետք (1939-1945), իբրեւ Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան անդամ, ան մեծ եռանդով կը լծուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերը վերակազմակերպելու եւ մարզական կեանքը վերակենդանացնելու աշխատանքին։ Սկզբնական շրջանին մամլոյ աշխատաւոր, հետագային «Քոտաք» լուսանկարչական ընկերութեան արուեստին տիրանալով, Համազասպ Աթէնքի մէջ կ՚ունենայ իր սեփական խանութը, ուր կը գործէ մինչեւ 1949, երբ կ՚ընդունի քահանայական ծառայութիւն կատարել՝ ներգաղթի հետեւանքով առանց հոգեւոր հովիւի մնացած Աթէնքի հօտին։ Իբր գնահատանք իր գործունէութեան, ան կ՚անուանուի Տ. Շաւարշ, վերապրեցնելու համար յիշատակը հայ մարմնակրթանքի ռահվիրայ Շաւարշ Քրիսեանի։

1951-ին, հարաւային ամերիկահայոց Հայրապետական Պատուիրակ Գարեգին Արք. Խաչատուրեանի հրաւէրով կը մեկնի Պուէնոս Այրէս, ուր մինչեւ իր յառաջացեալ տարիքը կը ստանձնէ տեղւոյն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօնը։ Հակառակ քահանայական իր ծառայութեան, Տ. Շաւարշ Արժանթինի մայրաքաղաքին մէջ երկար տարիներ կը շարունակէ միութենական իր գործունէութիւնը։ Ան իր շուրջ կը համախմբէ այլ գաղութներէ եկած Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ եւ կը ձեռնարկէ սկաուտական շարքեր կազմակերպելու աշխատանքին։ Միեւնոյն ժամանակ ան կը դառնայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հոգեւոր հովիւը։

1985-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը գնահատելով Քահանայ Հօր բազմամեայ օգտաշատ գործունէութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերէն ներս, իբրեւ մարզիկ, պատասխանատու եւ վարչական, զինք պարգեւատրեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արժանեաց» շքանշանով։

Շաւարշ Աւագ քահանայ վախճանեցաւ 4 Սեպտեմբեր 1995-ին, Պուէնոս Այրէս, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ եկեղեցւոյ ճամբով հայութեան ծառայութեան բեղուն անցեալ մը ձգելով իր ետին։ Այդ անցեալը սակայն չի սահմանափակուիր միայն գործնական եւ բանաւոր սահմաններու մէջ, այլ կ՚ընդգրկէ նաեւ գրաւորը։ Ան նորահաս սերունդին կտակեց խմբագրական պատկառելի վաստակ մը։ Արդարեւ, 1924-էն մինչեւ իր ծերունազարդ տարիքը ան հանդէս կու գայ «Ալիք», «Հորիզոն» (Սելանիկ), «Նոր Օր», «Ազատ Օր» (Աթէնք), «Արմենիա», «Նաւասարդ» (Պուէնոս Այրէս), «Արեւելք-մարզաշխարհ» (Հալէպ) թերթերու էջերուն։ Առանց մոռնալու Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան պաշտօնաթերթ «Մարզիկ»ը, որուն հրատարակութենէն ետք տասնամեակ մը շարունակ (1980-1990) ան կը դառնայ անոր հաւատարիմ աշխատակիցներէն՝ գրելով յուշագրական արժէքաւոր յօդուածներ։ Իր խմբագրութեամբ հրատարակուած են «Մարմնամարզ» ամսագիրը, «Սկաուտին Ալպոմը» (Աթէնք), «Նաւասարդ» եւ «Արիական Հունձք» թերթերը (Պուէնոս Այրէս)։ 1987-ին երկու հատորով ան լոյս կ՚ընծայէ Եղեռնէն ճողոպրածի իր յուշերը՝ «Մեծ Եղեռն Հայոց» անունով։ Ունի կրօնական, գրական եւ ազգային բովանդակութեամբ անտիպ բազմաթիւ գործեր, որոնց շարքին մեծ կարեւորութիւնը կը ներկայացնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ականի իր յուշերը (1918-1985) ներկայացնող «Յուշեր եւ Ապրումներ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հիմնադրութեան Օրերէն» խորագրեալ եւ երկու հատորով հրատարակութեան ներկայացուելիք մէկ աշխատասիրութիւնը։

Տարածենք