ՅԱԿՈԲ ՕՎԱՅԵԱՆ

ՅԱԿՈԲ ՕՎԱՅԵԱՆ

ՅԱԿՈԲ ՕՎԱՅԵԱՆ

Եղբ. Յակոբ Օվայեան ծնած է 1939-ին։ Սանճաքի պարպումէն ետք ընտանիքին հետ փոխադրուած է Հալէպ, Սուրիա։ Նոյն տարին անդամակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղին, իբրեւ գայլիկ։ Այնուհետեւ երկար տարիներ ծառայած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերուն, իբրեւ սկաուտ, խմբապետ, մարզիկ, Սկաուտական Խորհուրդի եւ վարչական կազմերու անդամ։ 1961-ին ընտանեօք փոխադրուած է Պէյրութ, Լիբանան եւ փոխանցուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղ, ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ։

1974-ին, ընտանիքին հետ վերջնականապէս հաստատուած է Լոս Անճելըս։ Նոյն տարին ան ընտրուած է Արեւմտեան Մ. Նահանգներու առաջին Շրջանային Վարչութեան անդամ եւ ստանձնած է ատենապետի պաշտօնը։ Այնուհետեւ, մինչեւ 1984, ան մաս կազմած է Շրջանային Վարչութեան յաջորդական կազմերու։

1976-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ական կարգ մը եղբայրներու հետ նախաձեռնած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան մարզախաղերուն, որոնք մինչեւ օրս մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելեն շրջանին մէջ։

Եղբայրը մասնակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի բազմաթիւ Շրջանային Ժողովներու, իսկ 1983-ին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գ. Ընդհանուր Ժողովին, Աթէնք, Յունաստան։ 1985-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան 10-րդ մարզախաղերուն առիթով, Շրջանային Վարչութիւնը յուշանուէրով մը պատուած է զինք։ 1987-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետութիւնը բարձր գնահատելով եղբօր միութենական բեղուն գործունէութիւնը, յատուկ գնահատագիրներով պարգեւատրած են զինք։

Եղբ. Օվայեան մեծ դերակատարութիւն ունեցած է Քալիֆորնիոյ Հայ Աշակերտական Մարզախաղերու (ՔԱՀԱՄ) կազմակերպման մէջ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 80-ամեակին զուգադիպող Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան 23-րդ մարզախաղերուն առիթով օրուան Շրջանային Վարչութիւնը «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական»-ի տիտղոսը շնորհած է եղբօր։

Հոկտեմբեր 2004-ին, եղբայրը պարգեւատրուած է շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի բարձրագոյն՝ «Ծառայութեան» շքանշանով։

Եղբ. Յակոբ Օվայեան կը մահանայ 24 Մարտ 2008

Տարածենք