ՄԻՍԱՔ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

ՄԻՍԱՔ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

ՄԻՍԱՔ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի սփիւռքեան առաջին սերունդի հաւատաւոր ներկայացուցիչներէն է եղբ. Միսաք Բարսեղեան։ Ան ծնած է 1892-ին, Այնթապ։ Զաւակն էր Յարութիւն եւ Եումմա Բարսեղեաններու։ Ունեցած է 2 քոյր եւ 4 եղբայր։

Եղբ. Միսաք ծննդավայրի Ներսէսեան վարժարանը աւարտելէ ետք, առոյգ մարզիկ եւ ֆութպոլիստ, անդամագրուած է Այնթապի «Համազասպ» մարզական միութեան, միաժամանակ մաս կազմելով Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերուն։

Բարսեղեան եղբայրները, քաջարի հայորդիներ, Այնթապի մէջ ահն ու սարսափը եղած են թուրք երիտասարդներուն։

1915-ին, գաղթականութենէն ետք, եղբ. Միսաք ընտանեկան բոյնը կազմած է Փոր Սայիտի մէջ։ Ապա, Պաղեստին անցնելով, Նազարէթ քաղաքին մէջ ան նշանակուած է տեղւոյն հայ գաղթականներու թաղապետ եւ մաս կազմած է գերմանացի սպաներու ֆութպոլի խումբին։ Շնորհիւ իր ծանօթութիւններուն, ան մեծ օգտակարութիւն ունեցած է հայ չքաւոր ընտանիքներու։

1920-ին, եղբ. Միսաք եղբայրներուն հետ վերադարձած է Այնթապ՝ վերատիրանալու համար իր հայրենի կալուածներուն։ Ֆրանսական բանակի նահանջէն ետք, ան մասնակցած է Այնթապի հերոսամարտին։ Այնուհետեւ, երկրորդ անգամ գաղթական դառնալով, ան հաստատուած է Հալէպ։

Հալէպի մէջ, 1925-ին, եղբ. Միսաք հիմնադիր անդամներէն մէկը եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի տեղւոյն մասնաճիւղին եւ ամբողջ 60 տարի ծառայած է իր պաշտելի միութեան, դառնալով անոր բազմավաստակ եւ երախտարժան դէմքերէն մէկը։

Իր հանրանուէր գործունէութեամբ եղբ. Միսաք պատկառելի ներկայութիւն եղած է հալէպահայ կեանքին մէջ։ Ան իր անսակարկ մասնակցութիւնը բերած է Ազգ. Զաւարեան վարժարանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նոր Գիւղի դաշտի շինութեան։

1940-1966, մինչեւ Մ. Նահանգներ հաստատուիլը, եղբ. Միսաք եղած է Հալէպի Նոր Գիւղ թաղամասի սիրուած ու յարգուած թաղապետը։ «Միշտ պատրաստ» նշանաբանին հաւատարիմ, ան հասած է հոն, ուր պարտականութիւնը կանչած է զինք։

Եղբ. Միսաք 15 Օգոստոս 1984-ին իր աչքերը փակած է առանց որեւէ ակնկալութեան, միութեան եւ ազգին լաւագոյնը տուած ըլլալու խոր գոհունակութեամբ։

Տարածենք