ԺԱՆ ԱՊԱՃԵԱՆ

ԺԱՆ ԱՊԱՃԵԱՆ

ԺԱՆ ԱՊԱՃԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արտակարգ» շքանշանակիր եղբ. Ժան Ապաճեան ծանօթ է միութեան իր նիւթաբարոյական անմնացորդ նուիրումով։

Եղբ. Ժան ծնած է 1943-ին։ Ան Հ.Մ.Ը.Մ.ին անդամակցած է ութը տարեկանին, մաս կազմելով Ճիւնիի մասնաճիւղին գայլիկական վոհմակին։ 1964-ին, ան ընտրուած է նոյն մասնաճիւղի վարչական եւ հետագային ստանձնած է ատենապետի պաշտօն: 1965-1973 եւ 1977-ին ան դարձեալ մաս կազմած է Ճիւնիի մասնաճիւղի վարչութեան:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ճիւնիի մասնաճիւղին կողքին, եղբ. Ժան Ապաճեան ծառայած է նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի ընտանիքին` 1979-1982 դառնալով Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անդամ:

Օգոստոս 1986-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ճիւնիի ակումբը թիրախ կը դառնայ խափանարարական արարքի մը, որուն իբրեւ հետեւանք` կառոյցը ծանրօրէն կը վնասուի: Եղբ. Ժան անմիջապէս կը կազմէ շինարարական յանձնախումբ մը` ձեռնարկելով ակումբին ամբողջական վերանորոգման:

20 Դեկտեմբեր 1987-ին տեղի կ’ունենայ ակումբին վերանորոգուած շէնքին բացումը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Արամ Արք. Քէշիշեանի (այժմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս) եւ ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական եւ Շրջանային Վարչութիւններու անդամներու, հայ թէ օտար հիւրերու:

Քառորդ դար ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ճիւնիի մասնաճիւղը ի պատիւ իր բարերար եղբօր, ակումբին սրահը կը վերանորոգէ եւ կը կոչէ «Ժան Ապաճեան» սրահ։ Այս առիթով, 21 Յունուար 2012-ին տեղի կ’ունենայ յատուկ հանդիսութիւն, որուն ընթացքին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը եղբայրը կը պարգեւատրէ միութեան «Արտակարգ» շքանշանով։

Եղբ. Ժան Ապաճեան կը մահանայ 18 Մարտ 2014-ին։

Տարածենք