Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.Ի 30-ԱՄԵԱԿԻ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍԸ

 

ԵՂԲ. ՎԻԳԷՆ ՆԱԶԱՐԵԱՆ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԻ ՄԻՈՒԹԵԱՆ «ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ, ԳԱԲՐԻԷԼ ՉԷՄՊԷՐՃԵԱՆ՝ «ՈՍԿԷ ՇՈՒՇԱՆԱԾԱՂԻԿ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ, ԻՍԿ ԵՂԲ. ԱՐԱՄ ՖՐԱՆԿԵԱՆ՝ «ՎԱՐԴԱՆ ԲԱԽՇԵԱՆ» ՅՈՒՇԱՄԵՏԱԼՈՎ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 12-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովի աշխատանքներու աւարտէն օր մը ետք, Շաբաթ, 19 Հոկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Երեւանի «Արքայաձոր» ճաշարաններու համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Հայաստանի մէջ վերահաստատման 30-ամեակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսը, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի նորընտիր եւ ընթացաւարտ Կեդրոնական Վարչութիւններու անդամներու, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի կազմակերպական ներկայացուցիչ Սիմոն Սիմոնեանի, «Փիւնիկ» հիմնադրամի համանախագահ Գաբրիէլ Չէմպէրճեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան, միութեան 30 տարուան երախտաւորներու, բարերարներու եւ մեծ թիւով բարեկամներու։


Ճաշկերոյթ-պարահանդէսին բացումը կատարելով, օրուան հանդիսավարներ՝ քոյր Անաշէ Նազարեան եւ եղբ. Պերճ Թիւֆէնկճեան բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն եւ հրաւիրեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան անդամ քոյր Սանտրա Վարդանեանը՝ փոխանցելու միութեան խօսքը։


Քոյր Սանտրա ողջունեց 12-րդ Պատգամաւորական Ժողովի առիթով Հայաստան ժամանած Հ.Մ.Ը.Մ.ական աշխարհասփիւռ քոյրերն ու եղբայրները։ «Վարձքը կատա՛ր» ըսաւ բոլորին եւ նշեց, որ «Անցեալ վեց օրերուն ձեր բոլորին կատարած աշխատանքին շնորհիւ մեր կազմակերպութիւնը յառաջիկայ քառամեակի համար ունի յստակ ընելիքներ եւ տեսլական, որ միմիայն դրական արդիւնքներու պէտք է յանգեցնէ։ Նոյն Պատգամաւորական Ժողովը հաստատեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ը այլեւս կայուն իրողութիւն է։ Անկախ բոլոր տեսակի վերիվայրումներէ, ան կը քալէ դէպի յառաջ։ Հոկտեմբեր 13-ին տեղի ունեցած երդման արարողութեան մասնակիցներու շարքերը ապացոյց են այս անքակտելի իրողութեան եւ կու գան փաստելու, որ մեր կազմակերպութիւնը այսուհետեւ իրաւունք չունի ընկրկելու»։


Շարունակելով, քոյր Սանտրա հաստատեց. «Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ը Հ.Մ.Ը.Մ.ի բարձրացի՛ր-բարձրացուր կարգախօսին ապաւինելով եւ հաւատարիմ մնալով իր նպատակային ծրագիրին եւ գաղափարախօսութեան սահուն ընթացքով միայն յառաջ պիտի ընթանայ։ …Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի բոլոր անդամները պատրաստ են ի գործ դնելու իրենց ջանքերը այս նպատակը լաւագոյնս իրականութիւն դարձնելու եւ վերահաստատելու այն ինչ որ իբրեւ աւանդ ստացած են կազմակերպութեան հիմնադիր քոյրերէն եւ եղբայրներէն»։


Այնուհետեւ, հանդիսավար քոյրն ու եղբայրը առաջարկեցին ճաշկերոյթին առաջին կենացը նուիրել 101-ամեայ, բայց միշտ երիտասարդ Հ.Մ.Ը.Մ.ին։ Երկրորդ կենացը յատկացուեցաւ հայոց հերոսական բանակին, իսկ երրորդ կենացը՝ հայոց մայրաքաղաք Երեւանին, որուն հիմնադրութեան 2801-ամեակը կը զուգադիպէր այդ օրուան։


Յաջորդեցին շնորհակալական խօսքեր՝ ճաշկերոյթին բարձրորակ գինիները տրամադրած «Կարաս Ուայնզ» ընկերութեան եւ «Երկիր մետիա» պատկերասփիւռի կայանի ստեղծագործական խումբին՝ Արթիւր Մկրտչեանին եւ Արթիւր Պապեանին, որոնք պատրաստեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի 30-ամեակի տեսերիզը։


30 վայրկեաննոց տեսերիզը, միութեան հիմնադիր սերունդի եւ յաջորդական պատասխանատուներու վկայութիւններով, կը ներկայացնէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հայաստանի մէջ վերահաստատման 30-ամեայ երթը, անմոռանալի դրուագներն ու դէմքերը։


Հարկ է նշել, որ ճաշկերոյթ-պարահանդէսը խանդավառեցին «Քալըրզ աֆ Արմենիա» նուագախումբը, երգչուհի Շուշան Պետրոսեան եւ երգիչ Սուրէն Աճէմեան։
Տեղի ունեցաւ 30-ամեակի կարկանդակի հատում, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի ներկայ եւ նախկին ատենապետները, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի նորընտիր եւ ընթացաւարտ Կեդրոնական Վարչութիւններու ատենապետներուն։


Ճաշկերոյթ-պարահանդէսը ունեցաւ նաեւ պարգեւատրումներու յիշատակելի բաժին մը։ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան որոշումով, երկար տարիներ Հալէպի եւ Հայաստանի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ական իր գործունէութեան համար, եղբ. Վիգէն Նազարեան պարգեւատրուեցաւ միութեան «Ծառայութեան» շքանշանով։ Ապա, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ին ցուցաբերած իր մնայուն աջակցութեան համար, Գաբրիէլ Չէմպէրճեան արժանացաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի «Ոսկէ շուշանածաղիկ» շքանշանին։


Վերջին պարգեւատրուողը եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի առաջին սերունդի անդամներէն եղբ. Արամ Ֆրանկեան, որ արժանացաւ «Վարդան Բախշեան» յուշամետալին։ Այս առիթով ցուցադրուեցաւ եղբ. Վարդան Բախշեանը ծանօթացնող տեսերիզ մը։


Ճաշկերոյթ-պարահանդէսին խանդավառութիւնը գագաթնակէտին հասաւ ազգային-հայրենասիրական երգերու կատարումներով։ Խանդավառուած մթնոլորտէն կատարուեցան բազմաթիւ նուիրատուութիւններ, մեծ մասը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ին, իսկ մաս մըն ալ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի եւ Սուրիոյ մասնաճիւղերուն։

 

Տարածենք