ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ 12-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՈՒՄԸ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

 

Երկուշաբթի, 14 Հոկտեմբերի կէսօրուան ժամը 1-ին, Երեւանի «Մարիոթ» հիւրանոցի «Արարատ» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական 12-րդ Ընդհանուր Ժողովին պաշտօնական բացումը՝ ներկայութեամբ Ամեայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Վազգէն Եպս. Միրզախանեանի, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եղբ. Յակոբ Խաչերեանի, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեանի, Գերագոյն Մարմինի անդամ Միքայէլ Մանուկեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ եղբ. Մարտիկ Պօղոսեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներկայ եւ նախկին Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան անդամներու եւ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովի մասնակից Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու։


Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը սկսաւ Հայաստանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգներով։


Բացման խօսքով հանդէս եկաւ եւ հանդիսավարութիւնը կատարեց Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի վարչութեան անդամ քոյր Սանտրա Վարդանեան։

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԽՕՍՔԸ


Հանդիսութեան առաջին խօսքը արտասանեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Վազգէն Եպս. Միրզախանեան։ Ան ընթերցեց Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին յղուած Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին խօսքը, ուր ան կը հաստատէր, որ «Մէկ դարէ ի վեր Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը իր նուիրեալ առաքելութիւնը կ’արդիւնաւորէ՝ կրթելով մեր ժողովուրդին պատանի եւ երիտասարդ զաւակները, անոնց հոգիներուն մէջ զօրացնելով ազգանուիրումը եւ հայրենասիրութիւնը»։
Գարեգին Բ. իր խօսքին մէջ բարձրօրէն կը գնահատէր եւ մեծապէս կը կարեւորէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի նուիրեալ ծառայութիւնը երիտասարդութեան խնամքի գործին մէջ։ Ան նաեւ բարի ընթացք կը մաղթէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի նոր, ազգօգուտ ծրագիրներուն եւ նախաձեռնութիւններուն։

ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ
ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐԸ
Հանդիսութեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառին օրհնութեան գիրը ընթերցեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր եղբ. Վիգէն Աւագեան։ Օրհնութեան գիրին մէջ Արամ Ա. կը հաստատէր, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը սովորական իմաստով մարմնակրթական կազմակերպութիւն մը չէ, այլ՝ առաքելութիւն է իր էութեամբ եւ նպատակով։ «Մեր ազգային արժէքներու տարածման, հայակերտման ու հայապահպանման նուիրուած որեւէ կառոյց, նուիրական առաքելութեան մըն ալ լծուած է մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքէն ներս, կը շեշտէր Արամ Ա. իր գիրին մէջ ու կը շարունակէր. «Այսպէս եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ը հայ կեանքէն ներս ամէն տեղ. այս ոգիով ու նպատակասլաց յանձնառութեամբ սերունդներու դաստիարակութեան լծուած հայ եկեղեցւոյ ու հայ դպրոցի կողքին դառնալով հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու պահապանը, ջահակիրը ու առաքեալը»։


Իր գիրին մէջ, Արամ Ա. կը մաղթէր, որ Պատգամաւորական Ժողովը Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութեան վերահաստատման եւ բոլոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու յանձնառութեան վերանորոգման առիթ մը կը հանդիսանայ։

Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.Ի
ՈՂՋՈՅՆԻ ԽՕՍՔԸ
Յաջորդ խօսքը արտասանեց Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի ատենապետ եղբ. Դաւիթ Յակոբեան։ Ան ողջունեց միութեան Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին Հայաստանի մէջ կազմակերպումը եւ նշեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը վեհ արժէքներու եւ դաւանանքի վրայ հիմնուած կուռ կազմակերպութիւն մըն է, որ կամաւոր, յամառ ու անտրտունջ, անցաւ բիւր դժուարութիւններէ եւ վաստակեց պատիւ ու յարգանք, բերաւ սէր ու միութիւն եւ ծոցին մէջ տաք պահեց ազատ հայրենիքի երազն ու հայոց սուրբ Եռագոյնը։
Շարունակելով, եղբ. Յակոբեան յայտնեց, որ այսօր մենք կանգնած ենք ժամանակակից աշխարհի նոր մարտահրաւէրներու դիմաց, որոնք շատ են ու բազմաշերտ, ունին զանազան դրսեւորումներ Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ։ Թէեւ քիչ չեն նաեւ ընդհանուր խնդիրները եւ մտահոգութիւնները եւս։ Հ.Մ.Ը.Մ. պիտի փորձէ գտնել եւ ճիշդ կերպով ձեւակերպել բազմաթիւ հարցերու պատասխանները, արժեւորել եւ վերլուծել մեր հասարակութեան եւ յատկապէս երիտասարդութեան դիմաց ծառացած խնդիրները, տեսնել անոնց խորքը եւ մշակել նոր, մեթոտապէս հարուստ ծրագիրներ, լուծման յստակ ուղիներ։

Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻՆ
ԽՕՍՔԸ
Այնուհետեւ, Պատգամաւորական Ժողովի բացման հանդիսութեան Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի խօսքը փոխանցեց Բիւրոյի անդամ եղբ. Յակոբ Խաչերեան։ Ան ըսաւ, որ Պատգամաւորական 12-րդ Ընդհանուր Ժողովը իւրայատուկ է իր կայացման ժամանակով։ Քառամեայ գործունէութենէն անդին, հարկ է որ ժողովը հանգամանօրէն իր գնահատականը կատարէ հայկական իրականութեան մէջ խոր արմատներ նետած, ամենամարդաշատ, ամենատարածուած, ամենաժողովրդական եւ ամենաերիտասարդ միութեան մէկ դար հարուստ ու պատուաբեր անցեալի բազմաշերտ ու բազմածաւալ գործունէութեան։ Ու այդ արժեւորումէն մեկնելով ճշդէ յառաջիկայ տասնամեակներու իր առաքելութեան ճանապարհը։


Ապա, Հ.Մ.Ը.Մ.ի կապուած ակնկալութիւններուն մասին խօսելով, եղբ. Խաչերեան յայտնեց, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ուղեկից այս միութիւնը, ինչպէս անցեալին, պիտի շարունակէ ժամանակակից աշխարհի յարափոփոխ պայմաններուն մէջ արժէքներ պահել, հաւատալ մեր դարաւոր արժեհամակարգին՝ ազգ, հայրենիք, լեզու, եկեղեցի, ընտանիք, աւանդութիւններ ու սրբութիւններ պահող կազմակերպական իր ու մեր ուժին։


Եղբ. Խաչերեան աւելցուց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը այսօր եւ յառաջիկայ մօտիկ տասնամեակներուն կը հանդիսանայ կազմ ու պատրաստ ա՛յն միութիւնը, որ կրնայ առաւելագոյն յաջողութեամբ անխորտակելի պատնէշներ ու պարիսպներ կառուցել համաշխարհայնացման մահացու վտանգին դիմաց։


ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ
ՈՂՋՈՅՆԻ ԽՕՍՔԸ
Հանդիսութեան Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան ողջոյնի խօսքը ընթերցեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընթացաւարտ Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր եղբ. Րաֆֆի Կէվօղլանեան։ Խօսքը կը նշէր, որ իր բազմաճիւղ գործունէութեամբ, սկաուտական խիտ շարքերով եւ մարզական խումբերով հարուստ այս միութիւնը է՛ ու կը մնայ հայապահպանման եւ հայակերտման կարեւորագոյն դարբնոցներէն մէկը։ Հարիւրամեակի իր հարուստ փորձառութեամբ զինուած, եւ հաւատարիմ իր առաքելութեան, Հ.Մ.Ը.Մ. կը շարունակէ քայլ պահել ժամանակին հետ, եւ 21-րդ դարու յարափոփոխ այս աշխարհին մէջ, հայրենիքի սահմաններէն ներս թէ դուրս, կը հանդիսանայ հայեցի դաստիարակութեան եւ ազգային ոգիի փոխանցման առաջնակարգ դրօշակակիրը։

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ…
Հանդիսութեան վերջին խօսքը փոխանցեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընթացաւարտ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան։


Իր խօսքին սկիզբը, եղբ. Մկրտիչեան յայտնեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովները միայն Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքը հետաքրքրող իրադարձութիւններ չեն։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովները համայն հայութեան ուշադրութեան արժանի հաւաքներ են, որովհետեւ անոնք կը համախմբեն Հայաստանէն, Արցախէն եւ աշխարհի 23 երկիրներէ մեր ժողովուրդի Հ.Մ.Ը.Մ.ական ներկայացուցիչները, որոնք լծուած են մեր նորահաս սերունդի մարդակերտման ու հայակերտման աշխատանքին։
Եղբ. Մկրտիչեան ընդհանուր ակնարկ մը նետեց միութեան վերջին քառամեակի աշխատանքներուն վրայ եւ կատարեց կարգ մը մատնանշումներ։ Ան ըսաւ, որ նախորդ Պատգամաւորական Ժողովէն՝ 2015 թուականէն ասդին երկարած ժամանակաշրջանը Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութեան համար եղաւ պատմական, որովհետեւ ան զուգադիպեցաւ միութեան 100-ամեակի հանգրուանին։ 100-ամեակը կազմակերպական, յարաբերական եւ քարոզչական զօրաշարժի մատնեց միութիւնը եւ նոր թափ ու մղում տուաւ անոր աշխատանքներուն։


Անցնող քառամեակին Հ.Մ.Ը.Մ. իր մասնաճիւղը ունեցաւ Արցախի մէջ։ Ամրապնդեց եւ ընդարձակեց Հայաստանի մէջ իր գործունէութիւնը եւ լայն զարկ տուաւ Մոսկուայի մասնաճիւղին աշխատանքներուն։ Նաեւ, միութիւնը ունեցաւ 8 նոր միաւորներ եւ մասնաճիւղեր աշխարհի տարածքին, ինչ որ դրական երեւոյթ է ընդհանուր նահանջի, այլասերման եւ օտարացման մեր օրերուն։


Վերջապէս,- նշեց եղբ. Մկրտիչեան,- Հ.Մ.Ը.Մ.ի անցնող քառամեակը յատկանշական է, որովհետեւ միութեան սկաուտական եւ մարզական ճիւղերուն կողքին, ան ստեղծեց երկար տարիներէ ի վեր անհրաժեշտութիւն նկատուող միութեան երիտասարդական բաժանմունքը, նախ՝ Եւրոպայի երիտասարդութիւնը համախմբող Վիեննայի 2017-ի հաւաքով ու ապա՝ Աթէնքի 2019-ի երիտասարդական Ա. համագումարով։


Խօսքին աւարտին, եղբ. Մկրտիչեան խոստացաւ անակնկալ մը ներկայացնել 100-ամեակի տարուան աշխատանքները ծանօթացնող տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք։

… ԵՒ ԱՆԱԿՆԿԱԼԸ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անակնկալը եղաւ վաստակաշատ երեք եղբայրներու պարգեւատրումը միութեան բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանով։
Շքանշաններու եւ ներկաներու գնահատանքի ծափողջոյններուն արժանացան միութենական իրենց երկարամեայ ծառայութիւններով ծանօթ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ՝ Հրաչ Սիսեռեան՝ Ֆրանսայէն, Մանուկ Քէօշկերեան Սուրիայէն եւ Գարլոս Սէֆէրեան՝ Արժանթինէն։ Վերջինը հանդիսութենէն բացակայ ըլլալով, շքանշանը փոխանցուեցաւ զաւկին՝ եղբ. Վիգէն Սէֆէրեանին։


Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինին յաջորդեցին պարգեւատրեալներու շնորհաւորութիւններ եւ հիւրասիրութիւն, որոնցմէ ետք՝ յետմիջօրէին Պատգամաւորական Ժողովի մասնակիցները մեկնեցան Ծաղկաձոր, ուր երեկոյեան ժամը 9-ին, «Մարիոթ» պանդոկի ժողովասրահին մէջ սկսան Պատգամաւորական Ժողովի աշխատանքային իրենց նիստերուն (Ընդհանուր Ժողովի բացման հանդիսութեան ամբողջական տեսագրութիւնը դիտել այս կապով՝ https://www.facebook.com/MyHomenetmen/videos/530121271133794/)։

 

Տարածենք