Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՄԱՆ 30-ԱՄԵԱԿԻ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական 12-րդ Ընդհանուր Ժողովէն օր մը առաջ, Կիրակի, 13 Հոկտեմբեր 2019-ի երեկեոյեան ժամը 6-ին, «Խուլերու մշակոյթի եւ մարմնամարզի հանրապետական պալատ»ի մարզադաշտին վրայ, Երեւան, տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հայաստանի մէջ վերահաստատման 30-ամեակի սկաուտական մեծաշուք հանդիսութիւն, ներկայութեամբ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներու, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եղբ. Յակոբ Խաչերեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան անդամներու, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներու, Ընդհանուր Ժողովի մասնակից պատգամաւորներու, մեծ թիւով ծնողներու, հարազատներու եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի բարեկամներու։


Հանդիսութիւնը կանխեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հայաստանի գործունէութեան 30 տարիներու պատմութիւնը ներկայացնող լուսանկարներու ցուցադրութիւնը՝ մարզադաշտ առաջնորդող սրահի մուտքին։ Ներկաները երկա՜ր կանգ առին ցուցադրուած նկարներուն դիմաց եւ հետաքրքութեամբ ծանօթացան միութեան 30-ամեայ երթը անմահացնող յիշատակելի պահերուն եւ դէմքերուն։

ԲԱՑՈՒՄԸ
Սկաուտական հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով եւ Հայաստանի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի դրօշակակիրներու մարզադաշտ մուտք։ Հետեւեցաւ տողանցքը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի խմապետական կազմին առաջնորդութեամբ։ Տողանցեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի 15 մասնաճիւղերէն աւելի քան 600 սկաուտներ, մեծ մասը նորեկ գայլիկներ եւ արի-արենոյշներ։ Զոյգ թրիպիւններէն տողանցքին հետեւող ներկաները ջերմ ծափողջոյններով դիմաւորեցին հայրենի «կամաւոր բանակ»ը, միութեան փայլուն ապագային յոյսն ու ապաւէնը։

Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.Ի
ՈՂՋՈՅՆԻ ԽՕՍՔԸ
Մարզադաշտին վրայ իր տեղերը գրաւած սկաուտական շարքերուն ողջոյնի խօսք արտասանեց Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի ատենապետ եղբ. Դաւիթ Յակոբեան։ Ան ըսաւ, որ մեծ եւ առանձնայատուկ է օրուան խորհուրդը։ Սկաուտական իրենց երդումը տուող մեր հրաշք մանուկներուն, պատանիներուն եւ պարմանուհիներուն համար համար այսօր տօն է, նոր եւ լուսաւոր ճամբու սկիզբ ու մեկնակէտ։ «Այսօր, սկաուտական իրենց երդումը տալով, անոնք պիտի դառնան 100-ամեայ փառաւոր ուղի կտրած համահայկական մեր մեծ կազմակերպութեան՝ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան անդամներ։ Իրապէս անգնահատելի, մեծ ու կարեւոր է Հ.Մ.Ը.Մ.ի դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, անոր զաւակներու կրթութեան եւ դաստիարակութեան գործին մէջ։ Մենք համոզուած ենք, որ սկաուտական եւ ազգային մեր արժէքներու դաւանանքն ու դաստիարակութիւնը մեզ կը դարձնեն աւելի լաւ մարդ, լաւ հայ, լաւ քաղաքացի, բնութեան պահապան եւ հայրենիքին արժանի զինուոր», շեշտեց եղբ. Յակոբեան։
Ապա, եղբայրը նշեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ. 1918 թուականէն պատուով, արժանապատուութեամբ եւ մեծ պատասխանատուութեամբ կատարեց հայապահպանման գործ։ 70 տարի Սփիւռքի երիտասարդութեան մօտ ան վառ պահեց հայրենիքի սէրը եւ անկախ պետականութեան երազը։


Եղբ. Յակոբեան այնուհետեւ անդրադարձաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հայաստանի մէջ վերահաստատման 30 տարիներու գործունէութեան եւ ըսաւ. «Փա՜ռք քեզ, նահատակ եղբ. Վարդան Բախշեան։ Հ.Մ.Ը.Մ. 30 տարիէ հայրենիքի մէջ կը գործէ հաստատուն հաւատքով եւ անկոտրում կամքով։ Կը հիմնէ նոր մասնաճիւղեր եւ բանակավայրեր՝ իր շուրջ համախմբելով արժանաւոր հայորդիներ։ Հ.Մ.Ը.Մ. կը բարձրանայ եւ իր հետ կը բարձրացնէ հայ մարդը, կերտելով մեր երազած հայրենիքը»։


Իր խօսքը ներկայ սկաուտներուն ուղղելով, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի ատենապետը ըսաւ. «Ձեր գործը արդա՛ր է, նպատակը՝ ազնիւ ու վեհ, ուրեմն ուս-ուսի տուած, մեծ պատասխանատուութեամբ շարժի՜նք յառաջ, «Մի՛շտ պատրաստ» գործելու Հայաստանի եւ հայութեան համար»։


Եղբ. Յակոբեանի խօսքէն ետք, աւելի քան 300 գայլիկներ եւ սկաուտներ կատարեցին խոստման արարողութիւն։ Յատկանշական կերպով, անոնք իրենց խոստումը տուին միութեան անդամներէն եղբ. Շանթ Ծառուկեանի կողմէ Արարատի գագաթ բարձրացուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշին։

ԱՍՏԻՃԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ
ՊԱՇՏՕՆՆԵՐՈՒ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ
Յաջորդեցին սկաուտական աստիճաններու եւ պաշտօններու տուչութիւններ, որոնցմէ ետք՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի 30-ամեակին առիթով, ներկայ սկաուտները, բոլորը միասնաբար, վերանորոգեցին սկաուտական իրենց խոստումը։ Խոստումը ընդունեց Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան սկաուտականի ներկայացուցիչ քոյր Շուշան Մելիքեան։
Տեղի ունեցաւ 30-ամեակի վկայագիրներու եւ կրծքանշաններու տուչութիւն՝ արժանաւոր քոյրերու եւ եղբայրներու։

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ
Հանդիսութեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը փոխանցեց ընթացաւարտ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան։ Ան ըսաւ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը ծնած են միասնաբար, 1918-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան յաջորդած դժուարին տարիներուն, երբ մեր ժողովուրդին երկու երրորդը կոտորուելէ ետք, ջարդերէն հրաշքով փրկուած մէկ երրորդը, գաղթական, թշուառ, սովահար եւ համաճարակներու զոհը դարձած՝ կու գար եւ իր վերջին ապաստանը կը գտնէր նորանկախ հայրենիքի մէջ։ «Լինել-չլինել»ու օրեր էին։ Հայ մարդը պէտք է որոշեր ընելիքը։ Պէտք է կազմակերպուեր, զօրանար, նախ ինքը ոտքի կանգներ ու ապա՝ հայրենիքը ոտքի պահէր։ Օրհասական այդ օրերուն էր, ահա, որ հրապարակ կու գար Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը, ծանօթ՝ Հ.Մ.Ը.Մ. անունով։ Հ.Մ.Ը.Մ. կը շտկէր հայ մարդուն մէջքը, վաղուան յոյսը կը ներշնչէր անոր, պատանեկութիւնը կը դաստիարակէր, երիտասարդութիւնը կը համախմբէր եւ ազգը ազգ կը պահէր մարմնակրթութեամբ, սկաուտական թէ մարզական աշխատանքներով։


Եղբ. Մկրտիչեան միութեան սփիւռքեան գործունէութեան անդրադառնալով յայտնեց, որ «Հ.Մ.Ը.Մ. 70 տարի սիրեց եւ սիրցուց հայրենիքը։ Իրեն դիմող բազմահազար պատանիներուն եւ երիտասարդներուն սորվեցուց, որ անցագիրին գոյնը չէ, որ կը ճշդէ մէկու մը պատկանելիութիւնը հայրենիքին։ Ո՛չ ալ ծննդավայրն է, որ կը ճշդէ իր կապուածութիւնը հայրենիքին։ Մարդ կրնայ հայրենիքէն հազարաւոր մղոններ հեռու ծնիլ, կեանքին մէջ հայրենիքը տեսած չըլլալ, բայց Հ.Մ.Ը.Մ.ի շնորհիւ հայրենիքի սիրով ու կարօտով մեծնալ։ Հայրենիքի համար ապրիլ ու գործել»։


Այնուհետեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի 30-ամեայ երթին արժեւորումը կատարելով, եղբ. Մկրտիչեան կատարեց կարգ մը հարցադրումներ.-
«- Անցնող 30 տարիներուն Հայաստանի մէջ եղա՞ծ է պատանեկան-երիտասարդական հարցերով զբաղող միութիւն մը, որ անընդմէջ 30 տարի գործած ըլլայ։
«- Եղա՞ծ է միութիւն մը, որ 1996-էն, այսինքն՝ 23 տարիէ ի վեր հայութիւնը ներկայացնէ միջազգային ընտանիքին մօտ, այնպէս ինչպէս Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ը հայ սկաուտութիւնը ներկայացնէ համաշխարհային սկաուտական շարժումին մէջ։


«- Եղա՞ծ է համահայկական կառոյցով միութիւն մը, որ այսքան մեծածաւալ գործունէութիւն ծաւալած է Հայաստանի մէջ, կազմակերպելով 7 ընդհանուր բանակումներ, 3 մարզախաղեր, 3 խմբապետական համագումարներ եւ 5 Պատգամաւորական ժողովներ։


«- Եղա՞ծ է միութիւն մը, որ իր կարիքները բաւարարելէ ետք, ընդառաջած է նաեւ քոյր շրջաններու՝ Ջաւախքի, Թիֆլիսի, Մոսկուայի եւ Արցախի մասնաճիւղերու կարիքներուն։
«- Եղա՞ծ է միութիւն մը, սփիւռքեան չարիքը բարիքի վերածած է՝իր դռներն ու սրտերը լայն բանալով Իրաքի, Սուրիոյ, Իրանի եւ Լիբանանի շրջաններէն հայրենիք հաստատուած բազմահարիւր պատանիներու եւ երիտասարդներու։


«- Ըսէ՛ք, գոյութիւն ունեցա՞ծ է միութիւն մը, որ քառայարկ կեդրոն ունեցած է Երեւանի մէջ, նախանձելի հսկայ բանակավայր Բիւրականի մէջ, յարմարաւէտ երկրորդ բանակավայր մը Երեւանի մէջ, առանց անդրադառնալու տակաւին բազմաթիւ քաղաքներու մէջ հաստատուած իր գրասենեակներուն։


«- Իսկապէս, գոյութիւն ունեցա՞ծ է միութիւն մը, որ վերջին 15 տարիներէն 13-ին համամիութենական ձեռնարկներ (բանակումներ, խաղեր, համագումարներ) հիւրընկալած է՝ մասնակիցներու տարուէ տարի աճող թիւերով եւ տարուէ տարի աւելի բծախնդիր կազմակերպումով։


«Հ.Մ.Ը.Մ.ի վաղուան պատմագիրը արժանին պիտի հատուցէ միութեան մայր շրջանին՝ Հայաստանին, իբրեւ ամէնէն կենսունակ եւ աշխոյժ շրջաններէն մէկը, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէկ դարու պատմութեան վերջին երեսուն տարիներուն ունեցաւ իր պատուաբեր եւ հպարտաբեր գործունէութիւնը»։


Ուստի, եղբ. Մկրտիչեան եզրակացուց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ը մեծ պարտականութիւն ունի այսօրուան եւ վաղուան Հայաստանի մէջ, ազգային մեր արժեհամակարգը նոր սերունդին ներկայացնելու, Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ եռամիասնութիւնը ամրապնդելու եւ վաղուան համար բարոյականի տէր, ազգային առողջ դաստիակարութեամբ քաղաքացիներ պատրաստելու համար (խօսքին ամբողջութիւնը տեսնել էջ 00)։

ՅՈՒՇԱՆՈՒԷՐՆԵՐՈՒ
ՅԱՆՁՆՈՒՄ ԵՒ ՓԱԿՈՒՄ
Եղբ. Մկրտիչեանի խօսքէն ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութիւնը յատուկ յուշանուէրներով գնահատեց միութեան հիմնադրութեան եւ 30 տարուան աշխատանքներուն իրենց նկատառելի նպաստը ունեցած Հ.Մ.Ը.Մ.ական քոյրերն ու եղբայրը։


Հուսկ, 30-ամեակի հանդիսութիւնը աւարտեցաւ սկաուտական խանդավառութեամբ եւ ազգային ոգեւորութեամբ։ Օղակաձեւ շրջանակներ կազմած՝ սկաուտներ պարեցին ցնծութեամբ, շնորհաւորելով իրարու 30-ամեակը եւ տեւական յաջողութիւն մաղթելով իրենց սիրելի միութեան (հանդիսութեան ամբողջական տեսագրութիւնը դիտել այս կապով՝ https://www.facebook.com/HASKscouts/videos/386754245602259/UzpfSTU4Nzc4MDkyNzkxODcwMDozMDU3OTgyNTc3NTY1MTc3/)։

 Թղթակից - Երեւան

Տարածենք