2016, 2017, 2018. ԵՐԵՔ ՏԱՐԻ, ԵՐԵՔ ԱՌԱՋՆՈՒԹԻՒՆ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԱՂՋԿԱՆՑ ԽՈՒՄԲԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

 

25 Մարտ 2018-ին կրկնուեցաւ 17 Մայիս 2017-ին եւ 4 Յունիս 2016-ին պարզուած յաղթանակի հոյակապ պատկերը, երբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Անթիլիասի պասքեթպոլի աղջկանց խումբը յաջողեցաւ տիրանալ Լիբանանի ախոյեանութեան տիտղոսին եւ ,Հ.Մ.Ը.Մ.-Աղբալեանե մարզամշակութային կեդրոնի ,Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեանե դաշտին մէջ, բազմահազար համակիրներու ներկայութեան, բարձրացուց առաջնութեան բաժակը։

Դիւրին չեղաւ տիտղոսին պահպանումը յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով։ Պայքարը բուռն եղաւ յատկապէս Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Ռիատիի աղջկանց խումբերուն միջեւ։ Ռիատի, սակայն, չյաջողեցաւ վերջին երեք տարիներու իր վրէժը լուծել Հ.Մ.Ը.Մ.էն եւ բաժակը վերադարձնել Մանարա, թէեւ ան յաջողեցաւ կէտ մը արձանագրել Հ.Մ.Ը.Մ.ի դէմ, երբ բաժակի մրցումներու կիսաւարտականին, 6 Մարտին, յետ-երկարաձգման, ան դուրս ձգեց Հ.Մ.Ը.Մ.ը՝ 88-83 արդիւնքով պարտութեան մատնելով զայն։

Ախոյեանութեան պարագային, սակայն, Ռիատի չյաջողեցաւ հասնիլ նման յաջողութեան մը։ Արդարեւ, Հ.Մ.Ը.Մ. կիսաւարտականին իր դէմ ունեցաւ Հուփսի խումբը եւ երեք հանգիստ յաղթանակներ արձանագրեց անոր դէմ՝ 82-42, 46-62 եւ 83-39 արդիւնքներով։

Հ.Մ.Ը.Մ.-Ռիատի աւարտական երեք ճակատումները տեղի ունեցան 21, 23 եւ 25 Մարտին։ Առաջին մրցումին, Հ.Մ.Ը.Մ. իր դաշտին վրայ պասքեթպոլի լաւ դաս մը տուաւ մրցակիցին՝ 70-52 արդիւնքով պարտութեան մատնելով զայն։ Երկրորդ մրցումին, հակառակ վերջին վեց վայրկեանը մէկ օտարականով խաղալուն, Հ.Մ.Ը.Մ. յաջողեցաւ 55-53 արդիւնքով դժուար, սակայն կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրել։ Ճակատագրական վերջին մրցումին, Հ.Մ.Ը.Մ. 83-46 արդիւնքով յաղթանակէ մը ետք՝ յաջողեցաւ երրորդ տարին ըլլալով տիրանալ Լիբանանի առաջնութեան տիտղոսին։

Մարզական այս յաջողութեան իրագործման մէջ իրենց կարեւոր բաժինը ունեցան խումբին մարզիկուհիները, մարզիչը, վարչական պատասխանատուները եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Անթիլիասի մասնաճիւղի պասքեթպոլի ժրաջան յանձնախումբը ու անոր կից գործող տիկնանց օժանդակ մարմինը։

Կիսաւարտականի եւ աւարտականի մրցումներուն խումբէն փայլեցան յատկապէս օտարականներ Ելենա Լուշենքա, Ճեսիքա Պրիլենտ եւ Ռեպեքա Աքըլ։ Իրենց տպաւորիչ խաղարկութեամբ յաղթանակներու նուաճման մէջ կարեւոր ներդրում ունեցան Լէյլա Ֆարէս, Մեղրի Թորոսեան եւ խմբապետ Նաթալի Սվաճեան։

 ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻԻ

Լիբանանի ախոյեանութեան տիտղոսին նուաճումէն տասը օր ետք, 4 Ապրիլի երեկոյեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Անթիլիասի պասքեթպոլի աղջկանց խումբի մարզիկները, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը, Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ մասնաճիւղի աղջկանց պասքեթպոլի յանձնախումբի ատենապետ Թալին Խաչատուրեան այցելեցին ,Շաղզոյեանե կեդրոն, ուր հանդիպում մը ունեցան Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ եւ անոր յանձնեցին յաղթանակի բաժակը։

Այս առիթով, Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի դրուատեց տարուած յաղթանակը, բարձր գնահատեց Լիբանանի ախոյեան խումբին անխոնջ ու հետեւողական աշխատանքը` հաստատելով, որ նման նուաճում մը համայն լիբանանահայութեան համար հպարտալի ըլլալով՝ բարձր կը պահէ հայութեան անունը:

Տարածենք