Հ.Մ.Ը.Մ.Ի 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՝ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Շահան Արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդին եւ համագործակցութեամբ Հալէպի մասնաճիւղի Սկաուտ. Խորհուրդին, Կիրակի, 4 Մարտ 2018-ին, «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային Տան «Լ. Շանթ» սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ սկաուտական ցուցահանդէսի մը՝ ձեռամբ Առաջնորդ Շահան Արք. Սարգիսեանի եւ Հ.Հ. Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեանի։

Ցուցահանդէսը երկարեցաւ երեք օրուան վրայ եւ տեւեց մինչեւ 7 Մարտ 2018։

Տարածենք