Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՅՈՒՇԱՆՈՒԷՐՆԵՐՈՒ ԱՌՑԱՆՑ ՎԱՃԱՌՔԻ ՄԵԿՆԱՐԿ, ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ԹՈՒԱՅՆԱՑՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ԱՄԲՈՂՋԱՑՈՒՄ

 

Միութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններու սեմին, Հինգշաբթի, 8 Մարտի երեկոյեան կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսով մը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը յայտարարեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի յուշանուէրներու առցանց վաճառքին մեկնարկը եւ պատմութեան ու սկաուտական գիրքերու թուայնացման աշխատանքներուն ամբողջացումը։

Մամլոյ ասուլիսը տեղի ունեցաւ ,Աղբալեան-Հ.Մ.Ը.Մ.ե մարզամշակութային համալիրի ,Հրայր Մարուխեանե ժողովասրահին մէջ, մասնակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանի եւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբայրներ Վաչէ Նաճարեանի եւ Իշխան Եղիայեանի, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան, մասնաճիւղերու վարչութիւններուն եւ մամլոյ ու լսատեսողական միջոցներու ներկայացուցիչներու:

Այս առիթով, եղբ. Աւօ Մուջօղլեան ընդհանուր տեղեկութիւններ տուաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի յուշանուէրներու առցանց վաճառքի (online store) կայքէջին մասին (http://homenetmen.store), որուն շնորհիւ աշխարհի որեւէ երկիրէն կարելի է դիւրութեամբ գնումներ կատարել։

Իր կարգին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Վաչէ Նաճարեան ներկայացուց վաստակաշատ Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբ. Բիւզանդ Թորիկեանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութեան չորս հատորներու եւ սկաուտական եօթը գիրքերու թուայնացման աշխատանքը եւ նշեց, որ յիշեալ բոլոր գիրքերը կարելի է ներբեռնել եւ կարդալ՝ այցելելով հետեւեալ կայքէջերը. https://www.homenetmen.org/hy/history-of-homenetmen-book եւ https://www.homenetmen.org/hy/scout-books:

 

100-ԱՄԵԱԿԻ ԾԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ

Մամլոյ ասուլիսին գլխաւոր մասը յատկացուեցաւ այս ամառ Հայաստանի մէջ նախատեսուած միութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն։ Այս մասին խօսք առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան։ Ան ըսաւ, որ 19-29 Յուլիսին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք զանազան նախաձեռնութիւնները կը վայելեն Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախագահութիւնը եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսներուն հովանաւորութիւնը:

Եղբ. Մկրտիչեան նկատել տուաւ, որ 100-ամեակի ձեռնարկները ընթացք պիտի առնեն համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ ընդհանուր բանակումի բացման հանդիսաւոր արարողութեամբ, Բիւրականի մէջ, 1100 սկաուտներու մասնակցութեամբ: Պատմական այս բանակումին ներկայ ըլլալու առիթ եւ կարելիութիւն պիտի ունենան նաեւ այն բոլոր հայորդիները, որոնք այդ թուականներուն 100-ամեակի նախաձեռնութիւններուն մասնակցելու համար հայրենիք պիտի գտնուին: Նոյն օրը, Բիւրականի մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհասփիւռ 110 մասնաճիւղերու անունով բացումը պիտի կատարուի յուշաքանդակի մը, որ կրկնօրինակն է միութեան 90-ամեակին առիթով Տէր Զօրի մէջ տեղադրուած յուշաքանդակին:

20 Յուլիսը պիտի ըլլայ խորհրդանշական օր մը, որովհետեւ այդ օր 100-ամեայ միութեան դրօշակը պիտի ծածանի Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը անմահացնող Ծիծեռնակաբերդի մէջ, ուր պիտի կատարուի նաեւ ջահավառութիւն` Փարիզէն (Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիրներէն Գրիգոր Յակոբեանի գերեզմանէն), Պոլիսէն (Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիրներէն Յովհաննէս Հինդլեանի գերեզմանէն) եւ Անթիլիասէն (Եղեռնի նահատակաց մատուռէն)` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին օրհնութեամբ բոցավառած եւ հայրենիք հասած ջահերու միացումով:

Այնուհետեւ պիտի կատարուի ծառատնկում` միեւնոյն վայրերէն բերուած հողերու միախառնումով: Հ.Մ.Ը.Մ.ի թանգարանին մէջ պահուած կարեւոր եւ պատմական իրեր այս առիթով պիտի փոխադրուին Երեւան` Ցեղասպանութեան թանգարան, ուր յատուկ ցուցադրութեան պիտի արժանանան անոնք:
Շարունակելով, եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան ըսաւ, որ 21 Յուլիսին բացումը պիտի կատարուի Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի կեդրոնի մուտքին զետեղուելիք միութեան հիմնադիրներու քանդակներուն: Ապա, Երեւանի փողոցները պիտի թնդան մեծաթիւ սկաուտներու խրոխտ տողանցքով։ Տողանցողները պիտի համախմբուին ,Հանրապետութեանե հրապարակ, ուր պիտի կատարուի հանդիսաւոր արարողութիւն:

22 Յուլիսին, ննջեցեալներու եւ նահատակ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու յիշատակին հոգեհանգստեան արարողութիւն պիտի կատարուի Եռաբլուրի մէջ: Յաջորդ օրը յատուկ փոխադրակառքեր 100-ամեակի նախաձեռնութիւններուն մասնակիցները պիտի փոխադրեն Կիւմրի, ուր հրապարակին մօտակայքը` եկեղեցւոյ կից, Հեղնար աղբիւրի կողքին, բացումը պիտի կատարուի հայ մարմնակրթական շարժումի նուիրեալ գործիչներէն, Կիւմրիի մէջ որբախնամի աշատանք կատարած եւ որբերէն սկաուտներ պատրաստած նահատակ Վահան Չերազի արձանին:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը նաեւ տեղեկացուց, որ 24 Յուլիսին, Օփերայի դահլիճին մէջ մեծ շուքով տեղի պիտի ունենայ 100-ամեակի հանրային պաշտօնական հանդիսութիւնը, իսկ 25 Յուլիսին կառավարութեան շէնքին մէջ պիտի կատարուի գիտաժողով, որուն պիտի մասնակցին Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն մտաւորականներ ու մասնագէտներ:

Յաջորդ օր տեղի պիտի ունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակին նուիրուած դրոշմաթուղթերու շնորհահանդէսը, ինչպէս նաեւ՝ նախկին խմբապետներու հաւաք եւ խարուկահանդէս` Բիւրականի մէջ:

28 Յուլիսին, Ծիծեռնակաբերդի մէջ դրօշակները վար պիտի առնուին` ազդանշանը տալով միութեան 100-ամեակի նախաձեռնութիւններուն փակման։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշակը պիտի յանձնուի Ցեղասպանութեան թանգարան, իսկ Եռագոյն դրօշը թանգարանին կողմէ պիտի տրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ին։ Նոյն օրը տեղի պիտի ունենայ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ բանակումի պաշտօնական փակումը, իսկ յաջորդ օր՝ ,Փարաւոնե ճաշարանին մէջ հանրային փակման ճաշկերոյթը:

 

100-ԱՄԵԱԿԻ ԵՐԳԻ ՏԵՍԱՆԻՒԹԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Մամլոյ ասուլիսի աւարտին, ներկաները դիտեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակին նուիրուած երգին տեսանիւթը։ Յայտնենք, որ երգի բառերուն հեղինակն է եղբ. Ներսեհ Լիպարեան, երաժշտական յօրինումը կատարած է Վահրամ Էմմիեան, իսկ մեկնաբանութիւնը` Գառնիկ Սարգիսեան (https://www.homenetmen.org/hy/centennial-anthem):

 

Տարածենք