ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԵԾԵԼԱՐՇԱՒ՝ ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած իր հինգերորդ հեծելարշաւը կազմակերպեց 15 Հոկտեմբեր 2017-ին, Նէա Զմիռնիի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանի հրապարակին առջեւ: Հեծելարշաւը կազմակերպուեցաւ Նէա Զմիռնիի փոխ քաղաղաքապետուհի տիկ. Քարիոֆիլիի մարզական եւ մշակութային կազմի գրասենեակին հետ գործակցաբար, հովանաւորութեամբ՝ Յունաստանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին:


Ճիշդ է, որ հեծելարշաւին թուականը հեռու էր Ապրիլէն, բայց շատ յուզիչ էր, որովհետեւ այս կարեւոր ձեռնարկին իրագործման օժանդակեցին բոլորը:


Մեթրոփոլիթան հիւանդանոցի փոխադրակառքը, Կարմիր Խաչի կամաւոր Սամարիդէսը, երթեւեկի Քալիթէայի քաղաքապետութեան աշխատաւորները, բոլորը իրենց հանգիստի օրը՝ Կիրակին զոհեցին քանի մը ժամուան համար եւ ներկայ գտնուեցան հեծելարշաւին՝ սրտանց օժանդակելու եւ իրենց յարգանքը յայտնելու մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին:


Յուզիչ վարկեաններ ապրեցանք, երբ տեսանք մօտեցող յոյն փոքրիկներ, որոնք իրենց ծնողներուն արտօնութիւնը կը խնդրէին, որպէսզի ամբողջացնեն մրցումին մասնակցութեան թուղթը: Մեր աչքերուն նայելով անոնք անհամբեր կը սպասէին մրցումին մասնակցութեան մեր դրական պատասխանին:


Մեծ էր թիւը մասնակցողներուն, որոնք գիտակցաբար եկան յարգելու ձեռնարկին նպատակը:


Տարուան սովորական օր մը յոյներ եւ հայեր լեցուցին այդ վայրն ու ճամբաները՝ եռագոյններով, հեծիկի զանգերով։ Կանգ առին հանրակառքերն ու ինքնաշարժները, որպէսզի մենք անցնինք:


Շատեր, որոնք հրապարակէն կ’անցնէին, հայկական երաժշտութիւն կը լսէին եւ հայ ազգային ու միութենական դրօշակներուն ծածանումը կը տեսնէին, կը հարցնէին օրուան նպատակը, իսկ մեր կամաւոր քոյրերն ու եղբայրներն ալ կը բացատրէին ձեռնարկին իմաստը, ըսելով՝ «1918-ին մանուկ մը ծնաւ հայոց ցաւէն, տառապանքէն: Ջարդին արիւնով մկրտեցին այս մանուկը եւ զայն կոչեցին Հ.Մ.Ը.Մ.: Իսկ այդ մանուկին պարտականութիւն տուին ծառայել հայ ժողովուրդին»:


Այս առիթով, եղբ. Յակոբ Եթիմեան յունարէնով արտասանեց պատգամ մը։ Ապա, Հ.Մ.Ը.Մ.ի կողմէ տիկ. Քարիոֆիլիի կազմին յանձնուեցաւ երախտագիտութեան յուխատախտակ մը։


Չի բաւեր միայն Ապրիլին մեր նահատակները յիշելը, կարեւոր է անոնց յիշատակը անդադար յարգելը։


Ինչպէս կ’ըսեն՝ եթէ չյիշես, կը մոռցուին:

 

 Թղթակից
ԱԹԷՆՔ

Տարածենք