Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԱՐԶԱՀԱՄԱԼԻՐԻ ԵՒ «ԿԱՅԾԱԿ ՈՒ ԾՈՎԻԿ ԶԷՅԹԼԵԱՆ» ՄԱՐԶԱԴԱՇՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԲԱՑՈՒՄ

 

Բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, հովանաւորութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան, նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեաններու, կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Այնճարի մասնաճիւղի վարչութեան, Շաբաթ, 9 Սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 6-ին, պաշտօնական հանդիսութեամբ մը բացումը կատարուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Այնճարի մարզահամալիրին եւ «Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեան» մարզադաշտին, ներկայութեամբ Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեանի, պետական, ազգային, կուսակցական ու միութենական կառոյցներու ներկայացուցիչներու եւ հիւրերու:


Հ.Մ.Ը.Մ.ի Այնճարի մասնաճիւղի շեփորախումբին կողմէ հնչած «Յառաջ նահատակ» քայլերգին կշռոյթով կատարուեցաւ դրօշակի արարողութիւն, որմէ ետք նուագուեցան Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները:

ԲԱՑՄԱՆ ԽՕՍՔԸ
Բացման խօսքը արտասանեց Մարօ քոյր Թազեան, որ լուսարձակի տակ առաւ համալիրին կառուցման ընթացքը` դիտել տալով, որ դիւրին չէր այդ աշխատանքը, մանաւանդ որ երկիրը կ’ապրէր ահագին վերիվայրումներ: «Այնճարի խենթերն էին, որոնք հաւատալով այս գիւղին ապագային, իրենց վսեմ երազներուն, մէկտեղելով իրենց ուժերը, հաւատքը, կիրքն ու եռանդը, ամէն բանէ վեր դասելով գիւղին արժէքները, հասան իրենց նպատակին», հաստատեց ան:


Դժուարութիւններ յաղթահարելու Այնճարի ժողովուրդի կամքին անդրադառնալով, քոյր Մարօ Թազեան դիտել տուաւ, որ նման նախաձեռնութիւններու շնորհիւ է, որ ժողովուրդի մը ոգին կը բարձրանայ, փաստը կը տրուի անոր շինարար եռանդին եւ մարդ գոհունակութեամբ կը լեցուի` ի տես ժողովուրդին կամքը լարող, բոլորը իրարու միացնող, խթանող, խանդավառող, կազմակերպուած ուժ դարձնող եւ Այնճարի վճռական կամքը արտայայտող Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութեան: Ասիկա ներշնչումի եւ քաջալերանքի աղբիւր է մանուկին, պատանիին, երիտասարդին ու տարեցին, ներկայ եւ գալիք սերունդներուն կամք ու հայաշունչ մթնոլորտ փոխանցող կառոյց է, բարոյական ու ֆիզիքական կարգապահ ու կշռուած քայլերով դէպի պայծառ ապագայ առաջնորդող միութիւն:


Քոյր Մարօ Թազեան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք Այնճարէն մինչեւ հեռաւոր ամերիկաներ, Գանատա, Աւստրալիա, Եւրոպա, արաբական երկիրներ, իրենց նիւթական օժանդակութիւնը բերին այս համալիրին ամբողջացման աշխատանքին` յատուկ կերպով յիշելով գլխաւոր բարերար Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեան ամոլը, որ իշխանական նուիրատուութեամբ իր սէրը արտայայտեց Այնճարին նկատմամբ: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Հ.Յ.Դ. «Կարմիր լեռ» կոմիտէին, առանց որուն նիւթական եւ բարոյական աջակցութեան կարելի պիտի չըլլար կերտել համալիրը:

ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԽՕՍՔԸ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Այնճարի մասնաճիւղին վարչութեան խօսքը արաբերէնով արտասանեց քոյր Թինա Ադամեան։ Ան ուրախութիւն յայտնեց նման կարեւոր առիթի մը համար հաւաքուած ներկաներուն, որովհետեւ իւրաքանչիւր անհատ սատար կանգնեցաւ այս ծրագիրին յաջողութեան: Քոյրը նշեց, որ մարզահամալիրին բացման արարողութիւնը սկիզբն է ուղիի մը, որմէ քալելով պէտք է սիրով ու մղումով գործել` ի խնդիր անոր բարգաւաճման, գոյատեւման եւ զարգացման, որպէսզի համալիրը ատակ ըլլայ գոհացնելու կարիքներն ու ակնկալութիւնները նոր սերունդին, որպէսզի ֆիզիքականի կողքին զանոնք կոփէ հոգիով ու մտքով:


Քոյր Թինա Ադամեան իր խօսքը եզրափակելով ըսաւ, որ այսօր իրականութիւն կը դառնայ սերունդներու երազը` շնորհիւ բոլորին կամքին, հետեւողական աշխատանքին եւ Այնճարի նկատմամբ հաւատքին. ան մաղթեց, որ համալիրը մղիչ ուժ կ’ըլլայ նորանոր յաջողութիւններու:


Ապա, Ազգային Յառաջ-Գ.Կիւլպէնկեան վարժարանի պարախումբը ներկայացուց պար մը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան խօսքը արտասանեց եղբ. Աշոտ Թասլաքեան։ Ան ըսաւ, որ հաւաքական, հետեւողական եւ երկարաշունչ աշխատանքի մը արգասիքը կը հանդիսանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի այս մարզահամալիրը, որուն շինութեան նախաձեռնողները հաւատացին միութեան ու անոր ունեցած առաքելութեան` մեր ժողովուրդի գոյատեւման եւ հայօրէն պահպանման երթին մէջ: Եղբ. Թասլաքեան նշեց, որ «Առողջ միտք՝ առողջ մարմին» կարգախօսին հաւատացողները յամառութեամբ եւ կամքով լծուեցան կառուցմանը համալիրի մը, որ բարենիշ եւ ուղեցոյց պիտի հանդիսանայ բոլոր մասնաճիւղերուն, մարզաձեւերուն մէջ նոր դասաւորում պիտի բերէ, պիտի համախմբէ Այնճարի երիտասարդութիւնը, պիտի յաջողի նոր կացութիւն ստեղծել եւ յարգանք պարտադրել շրջապատին:


Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անունով եղբ. Աշոտ Թասլաքեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ճիգ չխնայեցին այս վիթխարի գործը իրականութիւն դարձնելու` քաջ հաւատալով, որ համալիրը իր իւրայատուկ եւ կարեւոր դերակատարութիւնը պիտի ունենայ Այնճարի մէջ` մաղթելով յարատեւ սխրանք ու մնայուն աշխատանք, որպէսզի այս ամրոցը մնայ միշտ անաղարտ եւ դառնայ նոր սերունդի հայապահպանման ու զարգացման մարզական բերդ մը` ծառայելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր» նշանաբանին:

ՏԵՍԵՐԻԶԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն մէջ լուսարձակի տակ առնուեցաւ Այնճարի պատմականը ընդհանրապէս, միութեան հիմնադրութիւնը, անցած ուղին եւ նոր համալիրի ու մարզադաշտի կառուցման աշխատանքը:


ԿՈՄԻՏԷԻՆ ԽՕՍՔԸ
Այնճարի Հ.Յ.Դ. կոմիտէին խօսքը փոխանցեց Յարութ Լաքիսեան։ Ան հաստատեց, որ նման մարզահամալիրով Այնճար հայաւանը անգամ մը եւս կը փաստէ, որ լիիրաւ յաջորդն է Մուսա լերան արի ժողովուրդին, տէր է յարատեւելու եւ նոր իրագործումներով իր ինքնութիւնը պահելու շինարար ու խիզախ կամքին: «Պարզ իրագործում մը չէ այսօր, այս մարզահամալիրին բացումը: Անիկա հաւատքի, կամքի եւ ազնիւ աշխատանքի արդիւնք է: Անիկա նոր սերունդներուն եւ այս գիւղին յարատեւութեան երաշխիքն է, վստահութիւնն ու տեսիլքն է: Տեսիլք մը, որուն հաւատացին այս գիւղին զաւակները, հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած դժուարին մարտահրաւէրներուն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ համալիրը պիտի ծառայէ ժողովուրդին, յատկապէս մատղաշ տղոց-աղջիկներուն, որոնք այս յարկին տակ, ֆիզիքականին կողքին, պիտի կերտեն ազգային վեհ նկարագիր եւ աննկուն կամք: Ըստ Յարութ Լաքիսեանի, նորակառոյց մարզահամալիրը կոչուած է դպրոցին, եկեղեցւոյ եւ ակումբին կողքին ըլլալու հոգիները ազնուացնող եւ նոր սերունդին հայեցի դիմագիծը կերտող տուն ու դարբնոց:
Իր խօսքին մէջ, Յարութ Լաքիսեան երախտագիտութեան եւ գոհունակութեան արտայայտութիւն ունեցաւ հասցէին բոլոր անոնց, որոնք սատար կանգնեցան այս ծրագիրին իրականացման։ Ան նաեւ հաստատեց, որ կոմիտէութիւնը զօրակից է համալիրին եւ մաղթանքն է, որ կառոյցը կը դառնայ եռացող բոյն:

ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՏԵՍԵՐԻԶԸ
Ապա, տեսերիզի մը ընդմէջէն վկայութիւններ փոխանցեցին Այնճարի պատասխանատու անձնաւորութիւններ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ` շեշտելով կարեւորութիւնը նման համալիրի մը, որ պիտի գոհացնէ նոր սերունդին ակնկալութիւնները, սկաուտական շարքերուն համար յարմար պայմաններ պիտի ստեղծէ, հայկական շունչով օժտուած համախմբման ու հայօրէն դաստիարակութեան վայր պիտի ըլլայ իր պասքեթպոլի փակ դաշտով, մինի ֆութպոլի դաշտով, սկաուտական եւ վարչական սենեակներով, ԱՖՀԻԼ-ի մարզական կեդրոնով, փոքրիկ ճաշարանով: Յիշուեցաւ, որ համալիրին երկրաչափը Հրաչ Մարգարեանն է: Բոլորն ալ հաստատեցին, որ երկար տարիներու եւ իրերայաջորդ պատասխանատու կազմերու սեւեռակէտն ու ուշադրութեան առարկան եղած է ծրագիրին իրականացումը, սակայն միայն այս տարի կարելի եղած է զայն իր լրումին հասցնել:

ԿԱՅԾԱԿ ԶԷՅԹԼԵԱՆԻ ՍՐՏԻ ԽՕՍՔԸ
Իր սրտի խօսքին մէջ, բարերար Կայծակ Զէյթլեան հպարտանալու առիթ նկատեց բացման հանդիսութիւնը շքեղ կառոյցին, որուն ի տես կարելի է երեւակայել, թէ որքա՛ն օգտակար պիտի ըլլայ եւ իր դրական անդրադարձը պիտի ունենայ ան նոր սերունդներուն եւ բոլոր այնճարցիներուն համար: Զէյթլեան ուրախութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց, որ իրեն ու իր ընտանիքին առիթ տրուած է նիւթական ներդրում ունենալ այս ծրագիրին յաջողութեան մէջ եւ մասնակից դառնալ նման նշանակալից նախաձեռնութեան մը իրագործման:


Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի սեմին, Կայծակ Զէյթլեան խորհրդանշական նկատեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի այս համալիրին բացումը` հաւատք յայտնելով, որ ան պիտի ծառայէ կազմաւորելու սերունդներ, որոնք պիտի նուիրուին իրենց ազգին ու անոր երազներուն իրականացման: Զէյթլեան անդրադարձաւ նաեւ Մուսա լերան հերոսամարտի 102-ամեակի ոգեկոչումներուն եւ ըսաւ, որ հնչող զուռնային եւ թմբուկին ձայնը պէտք է կոչ ըլլայ բոլորին` ըլլալու միասնակամ, առիթ պէտք է ըլլայ վերանորոգելու մեր ուխտը` տէրը ըլլալու Այնճարին, որովհետեւ միասնական ջանքերով եւ ուժերով կարելի է ընթանալ դէպի պայծառ ապագայ: Կայծակ Զէյթլեան աւելցուց, որ Մուսա լերան հերոսամարտին յաղթանակը պէտք է միշտ վառ մնայ բոլոր մուսա լեռցիներուն մտքերուն մէջ` յուշելով, որ միշտ պէտք է պատրաստ ըլլալ նորանոր յաղթանակներու կերտման համար միասնաբար պայքարելու, դիմադրելու ամէն տեսակի մարտահրաւէրի, շարունակելու հերոսներու ուղին եւ կերտելու հայատրոփ միջավայր եւ նուիրումի պատրաստ սերունդներ:

ՅՈՒՇԱՆՈՒԷՐՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆՈՒՄ
Այս առիթով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Այնճարի մասնաճիւղին կողմէ յուշանուէրներ յանձնուեցան Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեան ամոլին եւ Այնճարի «Կարմիր լեռ» կոմիտէին` առ ի երախտագիտութիւն անոնց նեցուկին:

ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ ԽՕՍՔԸ
Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան իր արտասանած խօսքին մէջ, եզակի առիթ նկատեց համալիրին բացման հանդիսութիւնը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին ողջոյնն ու գնահատանքը յայտնելով բոլոր ներդրում ունեցողներուն: Ան աւելցուց, որ այս հիանալի իրագործումը իսկապէս վայել է Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ պատիւ կը բերէ ո՛չ միայն այնճարցիներուն, այլեւ համայն հայութեան, որովհետեւ ան դրսեւորումն է հայութեան շինարար ոգիին, որ միշտ առկայ կը մնայ, հակառակ դժուար պայմաններուն եւ ամէն տեսակ արգելքներուն: Առաջնորդը դիտել տուաւ, որ նման համալիր մը ունենալը շռայլութիւն չէ, այլ՝ անհրաժեշտութիւն է ներկայ օրերուն, իսկ իւրաքանչիւր սերունդ պէտք է իր լուման զետեղէ այնտեղ, իր հաւատքը ամրապնդէ այդ յարկին տակ եւ ծաղկեցնէ զայն, որովհետեւ անիկա ցուցանիշ է Այնճարի ապրած վերելքին, որ կարելի կ’ըլլայ շնորհիւ այնճարցիներուն եռանդին, հաւատքին ու կամքին:


Շահէ Եպս. Փանոսեան պատահական չնկատեց այն, որ Այնճարէն հեռու ապրող մուսա լեռցիները կը շարունակեն կապուած մնալ եւ ներդրում ունենալ իրենց գիւղին բարօրութեան, որովհետեւ անոնք իրենց հետ տարած են յիշատակներ, որոնք կրնան կերտուիլ միայն հայաբոյր միջավայրի մէջ, իսկ նման ներդրումով անոնք կը վերանորոգուին եւ կը վերանորոգեն: Ըստ անոր, աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ ապրող այնճարցիները հետամուտ են, որ գիւղին մէջ հայկական շունչը չնուազի: Իր խօսքին աւարտին, Առաջնորդը օրհնեց համալիրը եւ անոր յարկին տակ հասակ նետելու կոչուած սերունդները:


Աւարտին կատարուեցաւ համալիրի մուտքին զետեղուած ժապաւէնի հատում` պաշտօնապէս բացուած յայտարարելով մարզահամալիրն ու մարզադաշտը:

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔԸ
Պաշտօնական հանդիսութենէն ետք, «Արեւ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ընթրիք, որուն ընթացքին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Այնճարի մասնաճիւղին կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ։ Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, հնչեցին աւանդական տաւուլ զուռնայի եղանակները:


Այս առիթով արտասանուեցան սրտի ու ողջոյնի խօսքեր: Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան Այնճարի մէջ նման համալիրի մը բացումը կարեւոր եւ խորհրդանշական նկատեց երեք պատճառով. առաջինը այն, որ Այնճար կը շարունակէ ապրիլ, պահպանել իր աւանդութիւնները եւ ունեցածին վրայ նոր նուաճումներ կ’աւելցնէ: Երկրորդ, Այնճարի մէջ կը կանգնի անհրաժեշտ բոլոր պայմաններով օժտուած կեդրոն մը, որ առիթ կու տայ մարզուելու, համախմբուելու հայկական միջավայրի մէջ, ուր մարմնին կողքին կը կոփուին միտքն ու ոգին: Երրորդ, որ իբրեւ հայ ցոյց կը տրուի հաւաքական ուժի առկայութիւնը, կը փաստուի, որ բարերարներու ներդրումով կարելի է բազմաթիւ խնդիրներ լուծել: Իր խօսքին աւարտին, դեսպանը մաղթեց, որ գիւղը շարունակէ զարգանալ, բարգաւաճիլ, պահպանել ազգային աւանդութիւնները` միշտ քալելով դէպի լայն հորիզոններ:


Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Րաֆֆի Կէվօղլանեան իր սրտի խօսքը փոխանցելով ըսաւ, որ այս կառոյցին բացումը հպարտութիւն կը պարգեւէ ո՛չ միայն Այնճարին, այլ նաեւ 26 հազար անդամ հաշուող աշխարհատարած մեծ միութեան` Հ.Մ.Ը.Մ.ին, իբրեւ պանծալի օր դրոշմուելով մեր նորագոյն պատմութեան էջերուն մէջ: Ան հայկական պարը, երգը, ուտելիքը եւ ազգային իւրաքանչիւր աւանդութիւն նկատեց ժայռեր, որոնք միասնաբար կու գան պարիսպի նման շրջապատելու մեր արժէքները` աւելցնելով, որ նորակերտ համալիրը եւս պարիսպ է Այնճարը պաշտպանող: Ան շնորհաւորեց բոլոր անոնք, որոնք կամքն ու յամառութիւնը, հաւատքն ու կորովը ունեցան երբեմն դժուար իրականանալի նկատուած այս երազին մարմին ու ոգի տալու` Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի նախօրեակին այս կառոյցը նկատելով մեծ նուէր մը` ներկայ ու ապագայ սերունդներուն:


Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խոշեան հաստատեց, որ նորաստեղծ համալիրը կը դրուի երիտասարդ վարչութիւններու տրամադրութեան տակ, իսկ կատարուած նուիրատուութիւններէն գոյացած գումարը ջահ է` անոնց տրուելիք, որպէսզի անոնք կարենան դիւրութեամբ շարունակել երթը: Անոր համաձայն, հաւաքական ջանքերով, աշխատանքով եւ հաւատքով կարելի եղած է կանգնեցնել համալիրը, որուն առաջին քարը դրուեցաւ այնպիսի ժամանակ, երբ լեռներու ետին ռումբերը կ’որոտային, սակայն ոչ մէկ ընկրկում արձանագրուեցաւ, այլ՝ աշխատանքին ու երազին կառչածութիւնը առաջնորդեց պանծալի յաջողութեան:


Այս առիթով խօսք առաւ ազգային բարերար Հրայր Սողոմոնեան, որ հիանալի նկատեց կառոյցը եւ շնորհաւորեց բոլորը՝ կատարուած բծախնդիր աշխատանքին ու միջազգային պայմաններուն համապատասխանող համալիրին ու դաշտին կառուցման համար: Ան դիտել տուաւ, որ մեր նախնիները` հաւատարիմ «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր» կարգախօսին, բարձրացուցին մեզ, իսկ այսօր մենք ալ նոյն աշխատանքին պէտք է լծուինք, որպէսզի բարձրացնենք զանոնք եւ ապագայ սերունդները:


Իր կարգին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին անդամ Ստեփան Տէր Պետրոսեան դիտել տուաւ, որ այս կառոյցին համար կատարուած ներդրումները ներդրում են ապագայ սերունդներուն հաշուոյն, մանաւանդ որ դժուար էր պատկերացնել նման շքեղ համալիրի մը առկայութիւնը Այնճարի մէջ: Ան յոյս յայտնեց, որ այս յարկին տակ սերունդներ հայօրէն մեծնան` հեռու մոլութիւններէ եւ մերօրեայ վտանգներէ, աւելի զօրանան իրենց ազգային արժէքներով` մաղթելով, որ այլ շրջաններու մէջ եւս նման կառոյցներ կանգնին:

 Թղթակից
ԱՅՆՃԱՐ

Տարածենք