Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Մ. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆԻ 41-ՐԴ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ

 

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւելեան Մ. նահանգներու 41-րդ Շրջանային Ներկայացուցչական Ժողովը տեղի ունեցաւ 3-5 Նոյեմբերին, հիւրընկալութեամբ` Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղին: Ժողովին մասնակցեցան շրջանի տասը մասնաճիւղերէն (Ալպընի, Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի, Շիքակօ, Տիթրոյթ, Ուաշինկթըն, Պոսթըն, Փրովիտընս, Ֆիլատելֆիա, Ֆլորիտա) եւ երկու միաւորներէն (Շարլոթ, Մերիմէք Հովիտ) լիազօր ներկայացուցիչներ: Ներկայ գտնուեցան նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան լիազօր ներկայացուցիչ եղբ. Հրաչ Մեսրոպեան եւ Արեւելեան Մ. նահանգներու Շրջանային Վարչութեան լիազօր ներկայացուցիչ եղբ. Վահէ Թանաշեան: Խորհրդակցական ձայնով մասնակցողներու շարքին ներկայ էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւելեան Մ. Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան մնացեալ անդամները, Շրջանային մարզական յանձնախումբի եւ Սկաուտական Խորհուրդի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Շրջանային Վարչութեան կողմէ խորհրդակցական ձայնով հրաւիրեալներ՝ եղբայրներ Օհան Օհանեան եւ Վարդգէս Վարդանեան: Ժողովին հիւրաբար մասնակցեցան Հ.Մ.Ը.Մ. Գանատայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի քոյր Լէոնի Սարմազեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի, Հ.Օ.Մ.ի եւ Հ.Ե.Դ.ի Շրջանային Վարչութիւններու ներկայացուցիչները:

ԲԱՑՈՒՄԸ
Շրջանային Ներկայացուցչական Ժողովին բացումը կատարուեցաւ Մաուայ Նիւ Ճըրզիի «Շերիթոն» պանդոկին մէջ, 3 Նոյեմբերի երեկոյեան։
«Յառաջ նահատակ» քայլերգի կատարումէն եւ Շրջանային Վարչութեան լիազօր ներկայացուցիչ եղբ. Վահէ Թանաշեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ հովիւ Յովնան Քհնյ. Պոզոյեան աղօթքով օրհնեց ժողովը եւ իր պատգամը փոխանցեց: Ապա, խօսքեր արտասանեցին ընթացաւարտ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վահէ Թանաշեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ժանօ Աւետիսեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Քոյր Լէոնի Սարմազեան, Հ.Օ.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ Մէրի Էն Պանճոքլիեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ եղբ. Հրաչ Մեսրոպեան: Խօսք արտասանողները բարձր գնահատեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի կարեւոր դերը հայ մատղաշ սերունդներու դաստիարակութեան մէջ եւ շեշտեցին համագործակցութեան կարեւորութիւնը, լաւապէս ծառայելու ազգային մեր վսեմ նպատակներուն:

ԴԻՒԱՆԻ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆ
Ժողովը առաջին հերթին ընտրեց իր առժամեայ դիւանը եւ լիազօրագիրներու ստուգման յանձնախումբը։ Այնուհետեւ, ժողովի օրինականութիւնը ստուգելէ եւ հաստատելէ ետք ընտրուեցաւ մնայուն դիւան, որ բաղկացաւ հետեւեալներէն՝ ատենապետներ եղբայրներ Յակոբ Խաչատուրեան եւ Պետիկ Տէր Վարդանեան, ատենադպիրներ քոյրեր Մարալ Խաչատուրեան, Մանուշակ Գրիգորեան եւ եղբ. Շանթ Ժամկոչեան: Ժողովը ընտրեց նաեւ բանաձեւի, արխիւային, պիւտճէի եւ քուէախոյզ յանձնախումբերը։


Ժողովին յաջորդ օրակարգն էր լսել տասը մասնաճիւղերու եւ երկու միաւորներու միացեալ եւ ամփոփ տեղեկագիրները։ Կատարուեցան լուսաբանական հարցումներ, որոնց պատասխանեցին վարչութիւններու ներկայացուցիչները:

ԵՐԿՐՈՐԴ ՕՐԸ
Երկրորդ օրը ժողովը շարունակեց իր աշխատանքները՝ լսելով ընթացաւարտ Շրջանային Վարչութեան երկամեայ գործունէութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը: Լուսաբանական հարցումներուն յաջորդեցին ժողովականներուն ըստ էութեան արտայայտութիւնները:


Տեղեկագիրներէն պարզուեցաւ, որ անցնող երկամեակին շրջանը ունեցած է բեղուն գործունէութիւն: Ներկայիս Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւելեան Մ. Նահանգներու Շրջանը ունի 1000-է աւելի անդամներ, մօտ 400 սկաուտներ եւ 500 մարզիկներ, 75-է աւելի մարզական երկսեռ խումբեր՝ ֆութպոլի, պասքեթպոլի, վոլիպոլի, լողի եւ աթլէթի, ծիլ, փոքր, կրտսեր, երէց եւ վեթերան դասակարգերով:


Անցնող երկամեակին, շրջանը կազմակերպած է հետեւեալները.-
Մասնաճիւղերու վարչական կազմերու երկու խորհրդաժողովներ, Մարտ 2016- ին «Google Hangout»-ի միջոցով, եւ Մարտ 2017-ին՝ Փրովիտէնսի մէջ:
Նաւասարդեան 26-րդ խաղեր, Յուլիս 2016-ին, Շիքակոյի մէջ: Խաղերուն մասնակցած են 250 մարզիկներ-մարզիկուհիներ:
Նաւասարդեան 27-րդ խաղեր, Յուլիս 2017-ին, Փրովիտընսի մէջ: Խաղերուն մասնակցած են 450 մարզիկներ-մարզիկուհիներ:
10-14 Օգոստոս 2016-ին, Շրջանային սկաուտական 29-րդ բանակում Պոսթընի մէջ։ Բանակումին մասնակցեցան 100 սկաուտներ:
18-23 Օգոստոս 2017-ին, Շրջանային սկաուտական 30-րդ բանակում Ուաշինկթընի մէջ։ Բանակումին մասնակցեցան 145 սկաուտներ:


Յատկանշական էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի երկրորդ միաւորի ստեղծման երեւոյթը: Շրջանային Վարչութիւնը 17 Ապրիլ 2017 թուակիր իր թիւ 79 նամակով հիմնեց Մեծն Մերիմէք Հովիտի միաւորը Կիրակի, 7 Մայիս 2017-ին, Նորթ Էնտովրի Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ նորաստեղծ միաւորին հանդիսաւոր հիմնադրութիւնը, յանձնուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշը, Ծրագիր-Կանոնագիրը, հիմնադրութեան եւ վարիչ մարմին նշանակման նամակը:


20-29 Յուլիս 2017-ին շրջանը մասնակցեցաւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 10րդ մարզախաղերուն, Երեւանի մէջ։ Պատուիրակութիւնը բաղկացաւ 77 մարզիկներէ, մարզիչներէ եւ պատասխանատուներէ:


Արհեստագիտական միջոցները լաւապէս օգտագործուած էին դիւրացնելու շրջանին աշխատանքները: Իբրեւ օրինակ կարելի է նշել «Google»-ը եւ Նաւասարդեան խաղերուն մասնակցելու, համացանցի միջոցով մարզիկներու դիմումնագիրներու արծանագրութիւնը:

Տեղեկագիրներու ներկայացումէն ետք, ժողովը շարունակեց իր աշխատանքները, մշակելով յառաջիկայ շրջանի մարզական եւ սկաուտական գործունէութեան ծրագիրները։ Ճշդուեցաւ, որ 2018-ի Նաւասարդեան խաղերը տեղի պիտի ունենան Ուաշինկթընի մէջ։ 2018-ին Շրջանային բանակում տեղի պիտի չունենայ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ բանակումին պատճառով: Առաջարկներ եւ թելադրանքներ կատարուեցան բարելաւելու համար վերոնշեալ գործունէութիւնները եւ ընդառաջելու համար նոր սերունդի պահանջներուն:


Շրջանային Ներկայացուցչական Ժողովի ուշադրութեան արժանացան նաեւ 2018-ի ամրան Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ բանակումը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակը եւ միութեան ռազմավարական ծրագիրը:


Նկատելի եւ ուրախ երեւոյթ էր ժողովի մասնակիցներու շարքին մեծ թիւով երիտասարդ եւ երկար տարիներու վաստակ ունեցող Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու ներկայութիւնը։ Հազիւ քսան տարիքը բոլորած անդամներու կողքին կային 55 երկար տարիներ ծառայած Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ։ Այս երեւոյթը յաւելեալ յոյս կը ներշնչէր միութեան յարատեւման ու հզօրացման եւ լաւապէս կ’արտայայտէր միութեան նշանաբանը՝ «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր»ը:

ՆՈՐ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ
41-րդ Շրջանային Ներկայացուցչական Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ նոր Շրջանային Վարչութիւն մը, բաղկացած հետեւեալ անդամներէն.- Արամ Գայսէրեան (Պոսթըն), Յարութ Խաչատուրեան (Նիւ Եորք), Շանթ Ժամկոչեան (Տիթրոյթ), Սիմոն Պարտիզպանեան (Նիւ Եորք), Փօլ Քուքուզեան (Շիքակօ), Վիգէն Խաչատուրեան (Պոսթըն) եւ Կարօ Թաշեան (Փրովիտընս):


ժողովի փակման, դիւանը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկայացուցիչներուն, հիւրերուն եւ յանձնախումբերուն, հիւրընկալ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նիւ Ճըրզի մասնաճիւղին, ընթացաւարտ եւ նորընտիր Շրջանային Վարչութիւններուն: Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի քոյր Լէոնի Սարմազեան ներկայացուց յուշանուէր մը նորընտիր Շրջանային Վարչութեան: Ապա, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ժանօ Աւետիսեանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Հրաչ Մեսրոպեանի խօսքերով ժողովը փակուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով:

 Թղթակից
ՆԻՒ ՃԸՐԶԻ

Տարածենք