ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՈՒ ՊԱՏԳԱՄ ՓՈԽԱՆՑՈՂ ՕՐԱՑՈՅՑ ՄԸ

 

Միշտ չէ, որ օրացոյցները կրնան անցնիլ իրենց սովորական դերէն անդին, դառնալու համար օրերը ցոյց տուող հրատարակութենէ մը աւելիին ծառայող ներկայութիւն մեր տուներուն եւ գրասենեակներուն մէջ:


Սակաւաթիւ են այն օրացոյցները, որոնք կը հանդիսանան յուշարարը անցեալի փառաշուք նուաճումներուն, ներկայի պայծառ գործունէութեան, բայց մանաւանդ` ուղեցոյցը նպատակասլաց ապագային:


Ճաշակով, բծախնդրութեամբ եւ խոր հաւատքով պատրաստուած այս օրացոյցները, արուեստի հասկացողութեան մը վկան ըլլալով հանդերձ, պերճախօս արտայայտութիւնն են այն ոգիին, որ կարմիր թելի մը նման կ’երկարի օրացոյցին մէկ էջէն միւսը, թերթ առ թերթ:


Ոգիի մը, տեսիլքի մը եւ սրբազան գաղափարի մը ծառայող կազմակերպութիւններն ու միութիւններն են միայն, որոնք կ’ունենան խորհուրդ ու պատգամ փոխանցող օրացոյցներ, նոյնիսկ եթէ երբեմն նուազ գեղատեսիլ ըլլան անոնք` բաղդատած առեւտրական մեծ ընկերութիւններու գեղեցիկ, բայց անբովանդակ օրացոյցներուն:


Գաղափարապաշտ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու օրացոյցները միշտ ալ ունեցած են տարբեր շունչ եւ նկարագիր: Այդպէս եղած են անոնք: Բայց իրենց առանձնայատկութիւնը շեշտուած է, ստացած է յատուկ նշանակութիւն, երբ անոնց հրատարակումը զուգադիպած է յատուկ թուականի:


Տարբեր չի կրնար ըլլալ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակին առիթով Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան գուրգուրանքով եւ պատասխանատուութեան զգացումով պատրաստուած 2018-ի օրացոյցը, որ իրաւամբ կը հանդիսանայ Սուրիոյ մեր ակումբներուն, տուներուն, գրասենեակներուն եւ գործատեղիներուն այս տարուան գեղեցիկ զարդը։

 

Տարածենք