Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Մ. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ 30-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԲԱՆԱԿՈՒՄԸ

 

Թղթակից
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւելեան Մ. Նահանգներու սկաուտական շրջանային 30-րդ ընդհանուր բանակումը տեղի ունեցաւ Մերիլենտի «Camp Round Meadow» բանակավայրին մէջ, 18-23 Օգոստոս 2017-ին, նախաձեռնութեամբ Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդին եւ հիւրընկալութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ուաշինկթընի մասնաճիւղին:

Բանակումին ներկայ էին Շրջանային Վարչութեան անդամ քոյր Էլիզապէթ Դրամկոչեան, Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդի անդամներէն եղբ. Սմբատ Դրամկոչեան եւ Շողիկ Աբգարեան, Շրջանային Խմբապետուհի քոյր Թամար Սամուէլեան: Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վահէ Թանաշեան յաճախակի ձեւով այցելեց բանակավայր:

Բանակումին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նիւ Ճըրզիի, Նիւ Եորքի, Շիքակոյի, Պոսթընի, Տիթրոյթի, Ուաշինկթընի, Փրովիտընսի, Ֆիլատելֆիոյ մասնաճիւղերէն եւ Շարլոթի միաւորէն 148 սկաուտներ՝ 13 արծուիկներ, 9 գայլիկներ, 47 արենոյշներ, 57 արիներ եւ պատասխանատուներ։

Շրջանային Սկաուտական խորհուրդի եւ բանակումի խմբապետական կազմի հսկողութեան տակ, բանակումին յայտագիրը ընթացաւ սկաուտական հաճելի մթնոլորտով։ Ուաշինկթընի մասնաճիւղի Սկաուտական Խորհուրդի եւ ծնողական յանձնախումբի նախապատրաստական աշխատանքներուն եւ չորս օրուան սրտբաց հիւրընկալութեան շնորհիւ, սկաուտները վայելեցին համեղ ճաշեր:

Բանակավայրին ընդհանուր դասաւորումները կատարելէ ետք, բանակումին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ եւ դրօշակի հանդիսաւոր արարողութեամբ։ Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդի ատենապետ եղբ. Սմբատ Դրամկոչեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ բանակումի խմբապետի պաշտօնը յանձնեց Շրջանային Խմբապետուհի քոյր Թամար Սամուէլեանին:

Բանակումին խմբապետական կազմը բաղկացաւ 25 աստիճանաւորներէ, որոնք ստանձնեցին հետեւեալ պարտականութիւնները.-
Բանակումի Ընդհանուր Խմբապետ քոյր Թամար Սամուէլեան, Ընդհանուր Փոխ Խմբապետուհի՝ քոյր Մարի Աբգարեան, Ընդհանուր Փոխ Խմբապետ եղբ. Սարգիս Դրամկոչեան, Ընդհանուր հերթապահներ՝ եղբ. Արա Մարկոսեան քոյր եւ Լենա Մինասեան։

Արիներու խմբապետական կազմին մաս կազմեցին Խմբապետ եղբ. Կարօ Ճարեան, Փոխ Խմբապետ՝ եղբ. Գէորգ Աբգարեան, Վարիչ-Առաջնորդներ՝ եղբայրներ Մասիս Մարտիրոսեան եւ Սամուէլ Սամուէլեան։

Արենոյշներու խմբապետական կազմին մաս կազմեցին Խմբապետուհի քոյր Այտա Պարսումեան, Փոխ Խմբապետուհի քոյր Ցոլինէ Գարաքէլեան, Վարիչ-Առաջնորդներ՝ քոյրեր Անահիտ Քէշիշեան եւ Մարի Պազարպաշեան։

Գայլիկներու խմբապետական կազմը բաղկացաւ հետեւեալներէ՝ Աքելլա եղբ. Ճորճ Տօնոյեան, Պալու՝ եղբ. Փիթըր Պաղտատեան, Պաղիրա՝ եղբ. Փօլ Մինասեան։

Արծուիկներու խմբապետական կազմը բաղկացաւ հետեւեալներէ՝ Աքելլա քոյր Անոյշ Մինասեան, Պալու՝ քոյր Նայիրի Գաբրիէլեան, Պաղիրա՝ քոյր Թալին Տօնոյեան։

Բանակումին գործադիր մարմինին մաս կազմեցին պահակապետներ քոյր Նինա Ոսպիկեան եւ եղբ. Սեւակ Սիւմպիւլեան, խարուկահանդէսի պատասխանատուներ՝ քոյրեր Մեղրի Տէր Վարդանեան եւ Սոֆիա Զաքարեան, գոյքապահներ՝ քոյրեր Արին Քալանթարի եւ Քրիսթին Արապեան։ Բանակումի հիւանդապահուհին էր քոյր Սեւան Մարկոսեան, ձեռային աշխատանքներու պատասխանատուն՝ քոյր Մարալ Քէշիշեան:

Սկաուտները չորս օրուան ընթացքին վայելեցին բնութիւնը, ծառաստանով շրջապատուած բանակավայրը: Բանակումի ճոխ յայտագիրին մաս կազմեց քայլարշաւ մը դէպի մօտակայ բանակավայրը, ուր սկաուտները լսեցին «Park Police»-ի կողմէ պատրաստուած հակիրճ զեկոյց մը՝ արեւու խաւարումի մասին։ Յատուկ սարքերով անոնք դիտեցին մայր բնութեան հազուադէպ այս երեւոյթը։ Հետաքրքրական էր նաեւ լսել բնիկ ամերիկացիներու պատմութիւնը՝ արեւու խաւարումի մասին:

Բանակավայրը օժտուած էր զբաղումի եւ օգտակար ժամանցի զանազան միջոցներով, զորս սկաուտները գործածեցին համաձայն յայտագիրին: Անշուշտ, բանակումի ամէնօրեայ յայտագիրին մաս կազմեցին դրօշակի արարողութիւն, մարզանք, երգ, ձեռային աշխատանք, ընդհանուր զարգացման մրցում, սկաուտական զանազան խաղեր, բանակավայրի մաքրութիւն եւ խարուկահանդէս: Այս աշխատանքներու կողքին, տեղի ունեցան դաստիարակչական հետեւեալ դասախօսութիւնները.-

Հ.Մ.Ը.Մ.ի կազմակերպական կառոյցը- դասախօս՝ Գէորգ Թաթարեան։ Ան խօսեցաւ միութեան կազմակերպական կառոյցի ժողովներուն, մարմիններուն եւ անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող կանոնագրային յարաբերութիւններուն մասին:

 Հայ Դատ- դասախօս՝ Մ. Նահանգներու Հայ Դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեան վարիչ՝ Էլիզապէթ Ջուլճեան։ Ան խօսեցաւ Մ. Նահանգներու Հայ Դատի յանձնախումբի զանազան նախաձեռնութիւններուն մասին եւ բացատրեց, թէ ի՞նչպէս սկաուտները կրնան մասնակից դառնալ ազգանուէր այս աշխատանքին: Ջուլճեան քաջալերեց սկաուտները, որպէսզի անոնք հայութեան դեսպանները դառնան ոչ-հայ զանգուածներուն մօտ, անոնց տեղեկացնելով եւ ուսուցանելով հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, մշակոյթը եւ արդար դատը:

 Արցախի պատմութիւն եւ ներկայ իրավիճակ- դասախօս՝ Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Մ. Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Յովսէփ Աւագեան։ Անոր ընկերացաւ Մ. Նահանգներու մօտ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպէրթ Աւետիսեան։ Աւետիսեանի ներկայութիւնը հաճելի անակնկալ մը եղաւ բանակողներուն համար։
Աւագեան խօսեցաւ Արցախի պատմութեան կարեւոր հանգրուաններուն եւ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային ներկայ իրավիճակին մասին։ Ան անդրադարձաւ հայրենիք հաստատուելու կարեւորութեան եւ ըսաւ. «Հայաստանը եւ Արցախը ձեր հայրենիքն են, դուք միշտ պիտի ունենաք հայրենիք, ուր կրնաք հաստատուիլ»: Աւետիսեան, իր կարգին, խօսեցաւ Արցախեան տագնապին մասին եւ ընդգծեց, որ «առանց Արցախի չկայ Հայաստան, առանց Հայաստանի չկայ Սփիւռք»:

 Կրօնական դաստիարակութիւն- դասախօս՝ Ուաշինկթընի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս Քհնյ. Ագթաւուգեան: Քահանայ հայրը խօսեցաւ քրիստոնէական կրօնքի հիմերուն մասին եւ շեշտեց քրիստոնէական դաստիարակութեան դերը՝ հայ ազգային դիմագիծի պահպանման մէջ:

 Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վահէ Թանաշեան փաուըր փոյնթի միջոցով ներկայացուց հետեւեալները.-
Ա) Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատմութիւն եւ հիմնադիրներ:
Բ) Հ.Մ.Ը.Մ.ը Սփիւռքի եւ Արեւելեան Մ. Նահանգներու մէջ:
Գ) Հ.Մ.Ը.Մ.ի վերընձիւղումը Հայաստանի մէջ, 1989-ին:
Դ) Հ.Մ.Ը.Մ.ի անդամներու, շրջաններու եւ մասնաճիւղերու ներկայ պատկերը:
Ե) Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարաբանութիւնը:
Զ) Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակ:
Է) Սկաուտական կանոնագրային կէտեր:
Ը) Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ ընդհանուր բանակումի մասին տեղեկութիւններ եւ մասնակցութեան պայմաններ։

Բանակումի ընթացքին, խմբապետական կազմին կողմէ ներկայացուեցան սկաուտական մասնագիտական կարգ մը դասախօսութիւններ, ինչպէս՝ դրօշակի արարողութիւն, պահակութիւն, սկաուտական կապեր, խարուկահանդէս, գիշերային յարձակումներ, նախնական դարմանումներ եւ այլն:

Բանակումին փակումէն երկու օր առաջ, բանակավայրը բաց հռչակուեցաւ ծնողներու դիմաց։ 60 ծնողներ փութացին ներկայ գտնուելու փակման խարուկահանդէսին։ Այս առիթով տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն: Սկաուտական շարքերը, ամբողջական տարազով շարուած, բանակումի խմբապետական կազմին, Քահանայ Հօր, Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդի, Շրջանային Վարչութեան եւ Ուաշինկթընի վարչութեան ներկայացուցիչներուն առջեւ կատարեցին դրօշակի արարողութիւն:

Այնուհետեւ, խօսքեր արտասանեցին բանակումի Ընդհանուր Խմբապետուհի քոյր Թամար Սամուէլեան, Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդի ատենապետ եղբ. Սմբատ Դրամկոչեան, Ուաշինկթընի վարչութեան ներկայացուցիչ եղբ. Յովիկ Աբգարեան, Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վահէ Թանաշեան եւ Ուաշինկթընի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս Քհնյ. Ագթաւուգեան։

Խօսք առնողները բարձր գնահատեցին հիւրընկալ Ուաշինկթընի մասնաճիւղին եւ բանակումի խմբապետական կազմին աշխատանքները՝ բանակումին յաջողութեան համար, ապա անոնք խօսք ուղղեցին ծնողներուն, որպէսզի թիկունք կանգնին Հ.Մ.Ը.Մ.ին, անդամակցին եւ բարի օրինակներ դառնան ծառայելու Հ.Մ.Ը.Մ.ին, որովհետեւ այս ձեւով անոնք ծառայած պիտի ըլլան ազգին: Անոնք նաեւ յիշեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի մօտալուտ 100-ամեակը եւ սկաուտներէն պահանջեցին ըլլալ հպարտ, քանի անդամ են այս մեծ կազմակերպութեան։ Անոնք շեշտեցին, որ սկաուտները պէտք է ըլլան իրենց պարտականութեանը գիտակից՝ 100-ամեայ այս միութեան երթը շարունակելու եւ յաղթանակներու ջահը վառ պահելու համար:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ուաշինկթըն մասնաճիւղի ծնողական յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած համադամ եւ առատ ճաշերու սպասարկումէն ետք, չափազանց խանդավառ մթնոլորտի մէջ ներկայացուեցաւ խարուկահանդէսին յայտագիրը: Գայլիկներ, արծուիկներ, արիներ եւ արենոյշներ յաջորդաբար ներկայացուցին մշակութային ճոխ յայտագիր մը: Յատկանշական էր խարուկահանդէսին բացումը, երբ կարգ մը արի-արենոյշներ, իրենց ձեռքին կտրօններ, մօտեցան հանդիսատեսներուն եւ կարդացին հայ ազգին համար իրենց կեանքը նուիրաբերած 12 ֆետայիներու եւ Արցախեան ազատամարտիկներու կենսագրութիւններ, ապա անոնք կտրօնները մէկ առ մէկ զետեղեցին բեմի պատին վրայ, կազմելով Հայաստանի եւ Արցախի քարտէսը: Ազգաշունչ այս կենդանի պատկերը փակուեցաւ «Քոչարի» պարով:

Բանակումը իր եզրափակումին հասաւ բարձր գնահատականով: Վերջին օրը սկաուտները խանդավառուեցան զանազան խաղերով, զուարճալի մրցումներով եւ ջրային փուչիկներով: Գիշերը, բոլորը հաւաքուեցան մեծ խարոյկին շուրջ, կատարելով սկաուտական կանչեր, կատակներ, ազգագրական եւ յեղափոխական երգեր:

Նախքան բանակումին փակումը տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն, որուն ընթացքին շրջանի նորաստեղծ Շարլոթ միաւորէն 5 սկաուտներ ստացան իրենց փողկապները: Արարողութեան աւարտին, 21 սկաուտներ, համապատասխան քննութիւնները անցընելէ ետք, ստացան Ա. Կարգի վկայագիր:

Սկաուտական 30-րդ Շրջանային ընդհանուր բանակումին պաշտօնական փակումը տեղի ունեցաւ 23 Օգոստոսի առաւօտեան։ Դրօշակի արարողութենէն ետք, բանակումին ամբողջ կազմը, ձեռք-ձեռքի բռնած, շրջանակ մը կազմեց ու երգեց հրաժեշտի երգը: Բանակողները բանակավայրէն մեկնեցան չափազանց գոհունակ տրամադրութիւններով, յաջորդ շրջանային սկաուտական բանակումին դարձեալ հանդիպելու ակնկալութեամբ:

Տարածենք