42-ՐԴ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆԻ ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍԸ «ԲԱՐՁՐԱՑԻ՛Ր-ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՐ» ՆՇԱՆԱԽՕՍՔԸ ՊԱՏՈՒԵԼՈՒ ԱՌԻԹ

 

Պեվըրլի Հիլզի «Պեվըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ կազմակերպուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի 42-րդ Նաւասարդեան մարզախաղերու յաղթանակի պարահանդէսը իւրայատուկ առիթ մը հանդիսացաւ պատուելու եւ դրուատելու այս կազմակերպութեան գաղափարական սկզբունքները: Այդ երեկոյ, թէ՛ պատուոյ նախագահին եւ թէ «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական»ին մատուցուած յարգանքին ընդմէջէն ընդգծուեցան այս մեծ կազմակերպութեան մէջ ե՛ւ կամաւոր աշխատանքին վեհութիւնը, ե՛ւ երիտասարդութեան առողջ դաստիարակութեան ի նպաստ տարուող ճիգերը։

Ձեռնարկին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի հիւպատոս Արմելա Շաքարեան, թեմի Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Վիգէն Դաւթեան, Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Կարօ Իսբէնճեան, Նաւասարդեանի 2016-ի պատուոյ նախագահ՝ Խաչօ եւ Արաքսի Աչաճեաններ, 42-րդ Նաւասարդեանի պատուոյ նախագահ՝ Վիգէն եւ Նոնօ Աբէլեաններ, «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական 2017» հռչակուած տոքթ. Շահէ եւ Անի Ենիգոմշեաններ, անցեալի պատուոյ նախագահներ եւ «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական»ներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւնը, ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներ, նուիրատուներ, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու եւ համակիրներու հոծ բազմութիւն մը՝ շուրջ 550 հոգի:

Երեկոյին պաշտօնական բաժինը սկսաւ Մ. Նահանգներու, Հայաստանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգներով, կատարողութեամբ՝ Իվանա Գրիգորեանի: Ապա, Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Մանուէլ Մարսէլեան հրաւիրուեցաւ բեմ, ողջոյնի եւ բացման իր խօսքը փոխանցելու: Ան դիտել տուաւ, որ հաւաքուած ենք տօնախմբելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեանի յաղթանակը. «42 տարիներու ընթացքին, մարզախաղերուն հսկայական ծաւալումը, մարզիկներու եւ մասնակցող խումբերու աճը, նոր մարզատեսակներու ընդգրկումը, ինչպէս նաեւ զօրաշարժի ենթարկուած մեր հազարաւոր անդամներն ու համակիրները՝ Նաւասարդեանը դարձուցած են Սփիւռքի մեծագոյն ձեռնարկը»:

Ան ուրախութեամբ յայտարարեց կազմութիւնը շրջանէն ներս «Կիլիկիա» անունով նոր միաւորին, ապա տեղեկացուց, թէ յատուկ ճիգ թափուած է Իրաքէն եկած եւ Մ. Նահանգներ հաստատուած Հ.Մ.Ը.Մ.ականները մեր կազմակերպութեան մէջ ընդգրկելու համար, որովհետեւ «այս եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութիւնը հարիւր տարիէ ի վեր, ու այդպէս ալ պիտի մնայ: Հ.Մ.Ը.Մ.ը իրարու քով պիտի բերէ հայ երիտասարդները, անոնց տալով ազգային դաստիարակութիւն, հայկական եւ մարզական առողջ մթնոլորտ»:

Ապա, ան հպարտութեամբ ներկայացուց Նաւաասարդեան 42-րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահ Վիգէն եւ Նոնօ Աբէլեան ամոլը, ինչպէս նաեւ՝ «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական»ի պատիւին արժանացած եղբ. Շահէ Ենիգոմշեանը:

Վիգէն Աբէլեանի մասին խօսելով, եղբ. Մարսէլեան ընդգծեց այն փաստը, որ ան փոքր տարիքէն (Լիբանան) անդամակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ին՝ իբրեւ մարզիկ եւ սկաուտ, ապա իր գործունէութիւնը շարունակած է Օրէնճ Քաունթիի «Սարդարապատ» մասնաճիւղին մէջ, իբրեւ վարչական (ատենապետ, գանձապահ եւ մարզական պատասխանատու)։ Ընտրուած է Շրջանային Վարչութեան անդամ եւ մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական թէ Շրջանային մակարդակի յանձնախումբերու: Վիգէն Աբէլեան մասնակցած է Ներկայացուցչական եւ Պատգամաւորական բազմաթիւ ժողովներու, ինչպէս նաեւ այս ժողովներու որոշումները գործադրող զանազան յանձնախումբերու:

Ատենապետ եղբ. Մարսէլեան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութիւնը, շրջանի 6300 անդամներուն անունով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի սեմին կ’ուխտէ շարունակել իրեն յանձնուած առաքելութիւնը, որ սկսած է դար մը առաջ եւ պիտի շարունակուի յաջո՛րդ հարիւրամեակին եւս»:

Այնուհետեւ, ջերմ ծափահարութիւններու ընդմէջէն բեմ հրաւիրուեցան եղբ. Շահէ Ենիգոմշեան եւ Շրջանային Վարչութեան փոխ ատենապետ եղբ. Սագօ Կարապետեան: Շրջանային Վարչութիւնը «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական»ի յուշատախտակը յանձնեց եղբ. Ենիգոմշեանին: Եղբ. Կարապետեան սեղմ տողերով ներկայացուց «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական»ի տիտղոսին արժանացած եղբայրը, Հ.Մ.Ը.Մ.ականի կեանքէն առնուած լուսանկարներու ընկերակցութեամբ:

Եղբ. Շահէ Ենիգոմշեան ծնած է Պէյրութ, աւարտած է Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանը, ապա շրջանաւարտ եղած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն՝ իբրեւ բժիշկ: Բժշկական ուսումը շարունակած է Մ. Նահանգներու մէջ, իբրեւ փոխանցիկ հիւանդութիւններու մասնագէտ: Ան վեց տարեկանին անդամակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ին՝ իբրեւ գայլիկ, ապա եղած է նաեւ մարզիկ: 1970-ականներու սկիզբները եղած է մասնաճիւղի սկաուտ խմբապետ ու այդ նոյն տարիներուն, երբ Հ.Մ.Ը.Մ.ը կ’օժտուէր համահայկական կառոյցով, ան իր ներդրումը ունեցած է նոր կառոյցի սկաուտական կանոնագիրի մշակման մէջ: Մասնակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի տեղական ու համահայկական բազմաթիւ բանակումներու։ Գործած է Կեդրոնական Վարչութեան յառաջացուցած բազմաթիւ յանձնախումբերու, ներառեալ՝ ռազմավարական ծրագրումի յանձնախումբին մէջ: Երկար ժամանակ գործած է Արեւմտեան Մ. Նահանգներու շրջանային կառոյցէն ներս, առաւելաբար՝ դաստիարակչական եւ ապագայի ծրագրումի մարզերուն մէջ: Մասնակցած է հինգ Պատգամաւորական ժողովներու եւ հեղինակ է Հ.Մ.Ը.Մ.ի դաստիարակչական աշխատանքներուն առնչուող բազմաթիւ յօդուածներու:

Գնահատանքի ծափահարութիւններու ընկերակցութեամբ խօսք առաւ եղբ. Ենիգոմշեան. ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած պատիւին համար, ապա երախտագիտութիւն յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.ին, որ իր մէջ զարգացուցած է յանձնառու հայու կերպարը: Ան ինքզինք բախտաւոր նկատեց, որ 58 տարիներու ընթացքին պատեհութիւնը ունեցած էր ծանօթանալու հարիւրաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու, «որոնցմէ շատերը դարձան իմ ամենամօտիկ եւ անկեղծ ընկերներս: Կրկնակիօրէն բախտաւոր եմ, որովհետեւ կը պատկանիմ այն սերունդին, որ առիթը ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի լաւագոյն մշակներու շունչով դաստիարակուելու: Այսպիսով, ես ստացայ կեանքի այն ապրումը, զոր մենք կը կոչենք Հ.Մ.Ը.Մ.ական աւանդութիւն», ըսաւ ան։

Շարունակելով, եղբայրը հինգ կէտերու մէջ ամփոփեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի դաստիարակչական առաքելութեան ընդհանուր ուղղութիւնները: Այսպէս, ան անհրաժեշտ գտաւ ժամանակի պահանջներուն համապատասխանող ճիշդ ծրագիրներու որդեգրումը՝ ճի՛շդ միջավայրէ ներս: Անդրադարձաւ միութեան նախապատուութիւններուն, որոնք են՝ սկաուտութիւնն ու մարզական կեանքը, ապա դիտել տուաւ, որ 6-18 տարեկան հայ երեխաներուն եւ պատանիներուն մեծ մասը հայկական դպրոց չի յաճախեր, հետեւաբար՝ մեր դաստիարակչական աշխատանքին հիմնական թիրախը պէտք է ըլլայ ա՛յդ սերունդը:

Իսկ 18-էն վեր տարիքի սերունդին համար, ան անհրաժեշտ գտաւ ուղիներ գտնելու հրամայականը, որպէսզի անոնք եւս շարունակեն ներդրում ունենալ Հ.Մ.Ը.Մ.էն ներս: Գալով փոքր համայնքներուն, եղբօր պատկերացումով՝ կարգ մը պարագաներու պէտք է ճիշդ եւ ճկուն տնտեսենք մեր մարդուժը, այն իմաստով, որ կամաւորներու մէկ խումբ պէտք է վարէ տուեալ համայնքի թէ՛ մարզական, թէ՛ մշակութային եւ թէ ընկերային բնագաւառի գործերը, այսինքն՝ տանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի, Համազգայինի եւ ՀՕՄ-ի աշխատանքները միաժամանակ:

Վերջապէս, եզրակացուց ան՝ ըսելով, թէ այս աշխատանքները յառաջ մղելու համար դաստիարակ ղեկավարներու կարիքը կայ, եւ ճիշդ հո՛ս է, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը աշխատանքի մեծ դաշտ մը ունի իր դիմաց, ի հարկին կատարելով մասնայատուկ նիւթական ներդրումներ՝ մասնայատուկ ծրագիրներու համար։

Եզրակացնելով, եղբ. Ենիգոմշեան հաստատեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը տակաւին շատ բան ունի տալիք հայ ժողովուրդին, ու գնահատեց «մեր բոլոր վարչութիւններու, խորհուրդներու, յանձնախումբերու եւ կամաւորներու նուիրումը. բարձր կը գնահատեմ մեր ներկայի եւ անցեալի պատուոյ նախագահները. իսկապէ՛ս ուրախ եմ, որ այս յիշատակելի պահը կը բաժնեմ մօտիկ ընկերոջս՝ Վիգէն եւ Նոնօ Աբէլեաններուն հետ»: Ապա, ան շնորհակալութիւն յայտնեց կնոջը՝ Անիին, ու երեք զաւակներուն՝ Սեւանին, Լոռիին ու Գարինին, որոնք իրեն հետ կը բաժնեկցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի ոգին եւ կեանքը:

Ընթրիքի սպասարկումէն ետք շարունակուեցաւ յայտագիրին պաշտօնական բաժինը:

Այսպէս, նախ պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ պատուոյ նախագահ Վիգէն Աբէլեանի Հ.Մ.Ը.Մ.ական կեանքը ներկայացնող լուսանկարներու փունջ մը, ապա բեմ հրաւիրուեցան նախորդ եւ ներկայ Նաւասարդեանի պատուոյ նախագահները՝ յաջորդաբար Խաչօ եւ Արաքսի Աչաճեաններ ու Վիգէն եւ Նոնօ Աբէլեաններ, որպէսզի կատարուի պատուոյ նախագահի եռագոյն երիզի փոխանցումը:

Խանդավառ մթնոլորտի մէջ, Խաչօ Աչաճեան եռագոյն երիզը յուզումով փոխանցեց Վիգէն Աբէլեանին, իսկ Շրջանային Վարչութիւնը յուշանուէր-յուշատախտակ մը նուիրեց անոր:

Միշտ քայլ պահելով սրահի խանդավառութեան հետ, խօսք առաւ եղբ. Վիգէն Աբէլեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջանային Վարչութեան՝ իրեն եւ տիկնոջը ընծայուած պատիւին համար:

Պատուոյ նախագահը Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծագոյն գրաւչութիւնը նկատեց կամաւոր աշխատանքի գաղափարը եւ իւրայատուկ ձեւով մը գնահատեց զայն՝ տրուած ըլլալով, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը իւրայատուկ «կամաւորներու բանակ» մըն է: Այսպէս, ան նախ խնդրեց պարահանդէսի կազմակերպիչ յանձնախումի անդամներէն, որ ոտքի կանգնին: Ապա, նոյնը խնդրեց մասնաճիւղերու, Շրջանային եւ Կեդրոնական վարչութիւններու անդամներէն ու յայտարարեց. «Իբրեւ Օրէնճ Քաունթիի «Սարդարապատ» մասնաճիւղի անդամ՝ կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ձեր բոլորին, ձեր անձնուէր աշխատանքին համար»:

Բայց տակաւին կար կամաւորներու ուրիշ փաղանգ մը եւս: Վիգէն Աբէլեան ներկայ վարչականներէն խնդրեց յարգանք մատուցանել իրենց կիներուն եւ ամուսիններուն, որոնք համբերատարութեամբ կարելի կը դարձնեն Հ.Մ.Ը.Մ.էն ներս մեր կամաւոր աշխատանքը: Սակայն, շարունակեց ան, այս աշխատանքները չէին կրնար ամբողջութեամբ արդիւնաւորուիլ, եթէ չըլլար մեր գործին հաւատացող նուիրատուներուն գործնական աջակցութիւնը. այս ծիրէն ներս, ան յաջորդաբար յայտարարեց անունները այն պատուոյ նախագահներուն, որոնք ներկայ էին սրահէն ներս: Այսպէս, Էնտի եւ Ալին Անտոնեան, Սարգիս եւ Թամարա Արեւեան, Հրաչ եւ Մարինէ Անտոնեան, Ալպէրթ եւ Սոնա Շահինեան, Չարլի եւ Ճիւլի Կալեան, Շանթ եւ Վերժին Հայթայեան, Վահագն եւ Պայծառ Թովմասեան, Ճորճ Ժամկոչեան, Սարգիս Նուրեան, Պետիկ եւ Մէյրի Ֆերմանեան ու Խաչօ եւ Արաքսի Աչաճեան ոտքի բարձրացան ու արժանացան սրահի ջերմ գնահատանքին:

Վերջապէս, պատուոյ նախագահը ընդգծեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի դերը նաեւ ընկերային մարզէն ներս՝ իբրեւ միջավայր, ուր իրարու կը ծանօթանան հայ երիտասարդներն ու երիտասարդուհիները, մինչեւ իսկ կազմելով հայկական ընտանիքներ. ան նաեւ տուաւ օրինակներ Հ.Մ.Ը.Մ.ական իր ընկերներէն, ինչպէս նաեւ՝ իր իսկ զաւակին, որ շուտով պիտի պսակուի Հ.Մ.Ը.Մ.ական քրոջ մը հետ։ Ան խօսքը ուղղելով բոլոր զոյգերուն, որոնք Հ.Մ.Ը.Մ.էն ներս ծանօթացած են իրարու, խնդրեց, որ ոտքի կանգնին եւ իրենց բջիջային հեռաձայնները լուսաւորեն: Արդէն իսկ աշխուժացած սրահը սկսաւ… բառացիօրէն շողշողալու:

Աւարտելով իր խօսքը, Աբէլեան կրկին անգամ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր կամաւոր աշխատողներուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ին զօրակցողներուն:

42-րդ Նաւասարդեանի պարահանդէսին պաշտօնական բաժինը հասաւ աւարտին, երբ մօտաւորապէս երկու ժամ դրուատիքը կատարուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր» կարգախօսին, ու անոր թելադրած կամաւոր աշխատանքին:

Երեկոն շարունակուեցաւ «Allen G» նուագախումբին երգերով ու ներկաներու պարերով:

 

Տարածենք