Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱՏԵՆԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԱՌՑԱՆՑ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

 

Շաբաթ, 20 Մայիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 5-ին (Պէյրութի ժամանացոյցով), Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային եւ Մեկուսի Վարչութիւններու ատենապետներու առցանց երկրորդ հանդիպումը, որ քննեց միութեան վերջին շրջանի գործունէութիւնը եւ յառաջիկայ հինգ ամիսներուն նախատեսուած աշխատանքները՝ թղթակցութեան առցանց դասընթացք, առցանց երկրորդ մարզախաղեր, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ բանակում եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 13-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողով։

Հանդիպումին սկիզբը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան ամփոփ զեկուցում մը ներկայացուց անցնող մէկ տարուան ընթացքին իրագործուած գլխաւոր ձեռնարկներուն մասին, որոնց վերջինը հանդիսացաւ երիտասարդական երկրորդ համագումարը, Նիկոսիոյ մէջ (28-29 Ապրիլ 2023)։ Ապա, ան կատարեց կազմակերպական շարք մը թելադրանքներ, որոնցմէ ետք Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, իւրաքանչիւրը իր պատասխանատուութեան մարզին համաձայն, ներկայացուց զեկուցում մը։

Զեկուցումներով հանդէս եկան եղբայրներ Ֆէտի-Խաժակ Գազանճեան (սկաուտական), Արմանտ Գիլիճեան (մարզական եւ «Հրաշք»), Օշին Փիրումեան (երիտասարդական), Վիգէն Աւագեան (քարոզչական եւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթ), Վահէ Թանաշեան (տեղեկատուական արհեստագիտութիւն եւ Database) եւ քոյր Թալին Օրտողլեան (նիւթական պարտաւորութիւններ)։

Այս առիթով եւ Կեդրոնական Վարչութեան թելադրանքով, առանձին զեկոյցով մը հանդէս եկաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի Մեկուսի շրջանի ատենապետ եղբ. Դաւիթ Գրիգորեան։ Ան խօսեցաւ 160 օրուան շրջափակման դժուարին պայմաններուն մէջ Արցախի Մեկուսի շրջանին կատարած աշխատանքներուն մասին։ Ան ուրախութեամբ նշեց, որ Արցախի պետութիւնը ընդունած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի Մեկուսի մասնաճիւղին կեդրոն մը յատկացնել Ստեփանակերտի մէջ, 73 քառ. մեթր գրասենեկային եւ 525 մեթր բակային տարածութեամբ։ Եղբ. Գրիգորեան նաեւ յայտնեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի Մեկուսի մասնաճիւղին աշխատանքները առայժմ կեդրոնացած են Աշոտ Ղուլեանի անուան Ստեփանակերտի թիւ 2 դպրոցին մէջ, սակայն մօտ օրէն աշխատանքներ պիտի տարուին նաեւ Ստեփանակերտի թիւ 8 դպրոցին մէջ։

Առցանց հանդիպումի վերջին բաժինով, Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան խօսեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 13-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովի նախապատրաստութիւններուն եւ այս ուղղութեամբ շրջաններու ունեցած պարտաւորութիւններուն մասին։

Առցանց հանդիպումը վերջ գտաւ երեկոյեան ժամը 6.30-ին:

Տարածենք