Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ Բ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ՍԿՍԱՒ ՆԻԿՈՍԻՈՅ ՄԷՋ

 

Կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ հիւրընկալութեամբ Կիպրոսի Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԵՄ-ի վարչութեան, Ուրբաթ, 28 Ապրիլի կէսօրին, Նիկոսիոյ մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի երիտասարդական երկրորդ համագումարը՝ քննելու համար միութեան սկաուտական եւ մարզական բնագաւառներէն դուրս գտնուող երիտասարդ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու (18-30 տարեկան) աշխատանքային նոր գործադաշտեր ստեղծելու կարելիութիւնները։

Համագումարը ընթացք առաւ բացման պաշտօնական հանդիսութեամբ մը, որուն ներկայ գտնուեցան Կիպրոսի թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն Արք. Տողրամաճեան, Կիպրոսի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, գաղութի ազգային-կուսակցական եւ թեմական մարմիններու ներկայացուցիչներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ եւ երիտասարդական համագումարի 30 մասնակիցներ։

Բացման հանդիսութեան խօսքեր արտասանեցին Կիպրոսի Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԵՄ-ի վարչութեան ատենապետ Սարհատ Տէմիրճեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան եւ Կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն Արք. Տողրամաճեան։ Անոնք գնահատեցին երիտասարդութեան դերը եւ շեշտեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի երիտասարդական ծրագիրներուն անհրաժեշտութիւնը մեր իրականութեան մէջ։ Իր խօսքին մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԵՄ-ի վարչութեան ատենապետը նկատել տուաւ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ական երիտասարդները այսօր պատնէշի վրայ կանգնած՝ իրենց ամբողջ կարողականութիւնը ի սպաս դրած են մեր ժողովուրդի ծառայութեան, խոստանալով որ հաւատքով եւ սիրով պիտի շարունակեն ընթանալ միութեան մեծ երախտաւորներու բացած ուղիէն։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան ընդգծեց, որ այսօր, աւելի քան երբեք, կենսական է մեր երիտասարդութեան ներուժը պահպանել եւ աճեցնել, որոպէսզի նորահաս սերունդի մեր տղաքն ու աղջիկները դաստիարակուին իբրեւ տիպար քաղաքացիներ եւ միութեան ճամբով ծառայող ուժ դառնան այն բոլոր շրջաններուն մէջ, ուր կը գործեն անոնք։ Հ.Մ.Ը.Մ. կ’առաջադրէ նաեւ պատրաստել վաղուան մեր պատասխանատուները եւ վարչականները, որոնք պիտի շարունակեն նախկիններուն գործը, յայտնեց Վաչէ Նաճարեան։

Նաճարեան նաեւ աւելցուց, որ երիտասարդները թարմութիւն կու տան համահայկական մեր աշխատանքներուն, նոր թափ եւ աշխուժութիւն՝ ազգային մեր կեանքին ու կառոյցներուն։ Հետեւաբար, ան հրամայական նկատեց երիտասարդութեան դերն ու ներդրումը Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ անոր ճամբով ազգային մեր կեանքին մէջ։

Կիպրոսի Կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն Արք. Տողրամաճեան ողջունեց 105-ամեայ, սակայն միշտ երիտասարդ Հ.Մ.Ը.Մ.ը, որ միշտ կը մնայ աշխոյժ, կենսունակ եւ ազգային մեր պահանջատիրութեան առաջին գիծերուն վրայ։ Խորէն Արք. խորին յարգանքով խոնարհեցաւ Արցախեան պատերազմներուն զոհուած Հ.Մ.Ը.Մ.ական երիտասարդներու յիշատակին դիմաց եւ շեշտեց, որ երիտասարդութիւնը եղած է ու կը մնայ յեղաշրջող, փոփոխութիւն կատարող տարր։ Ան կոչ ուղղեց համագումարի մասնակիցներուն անսալու Հ.Մ.Ը.Մ.ի նշանաբան «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր»ին եւ տեւաբար ինքզինք կերտելու, կատարելագործելու եւ բարձրանալու, կարենալ բարձրացնելու համար զգալի նահանջի մատնուած մեր կեանքը Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ։ Երիտասարդութիւնը մեր յոյսն ու ապաւէնն է, մեր ներկան ու ապագան է, եզրափակեց Խորէն Արք. Տողրամաճեան։
Բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը ընդգրկեց գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր. նուագ (տուտուկով՝ հայրենի երաժիշտ Արսէն Մկրտչեան), երգ (Մարիա Մոսկոֆեան) եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 105-ամեայ երթը ծանօթացնող տեսերիզի ցուցադրութիւն։

Բացման պաշտօնական հանդիսութեան յաջորդեց հիւրասիրութիւն։ Ապա, համագումարը անցաւ իր առաջին օրուան օրակարգին, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ երիտասարդութիւնը յուզող այժմէական նիւթերով հանդէս եկան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան, Կիպրոսի թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն Արք. Տողրամաճեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԵՄ-ի վարչութեան ատենադպիր Յակոբ Գազանճեան։ Բոլոր նիւթերուն յաջրդեցին զրոյց-քննարկումներ եւ տեսակէտներու փոխանակումներ։
Երեկոյեան, սեմինարին առաջին օրուան աւարտէն ետք, մասնակիցները այցելեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԵՄ-ի ակումբ, ապա հիւրընկալուեցան Կիպրոսի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի կողմէ։

Տարածենք