Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ Բ. ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԷՋ

 

28-29 Ապրիլ 2023-ին, Կիպրոսի մէջ տեղի կ’ունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի երիտասարդական երկրորդ համագումարը, կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան։ Առաջին համագումարը կատարուած էր չորս տարի առաջ, 10-11 Մայիս 2019-ին, Աթէնք, Յունաստան։

Երիտասարդական համագումարները նորութիւն են Հ.Մ.Ը.Մ.ի համար։ Անոնք կը քննեն միութեան սկաուտական եւ մարզական բնագաւառներէն դուրս գտնուող երիտասարդ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու (18-30 տարեկան) աշխատանքային նոր գործադաշտեր ստեղծելու կարելիութիւնները։

Բ. համագումարը ունի բացման պաշտօնական հանդիսութիւն, Ուրբաթ, 28 Ապրիլ 2023-ի առաւօտեան ժամը 10-ին։ Այնուհետեւ համագումարին աշխատանքները ընթացք կ’առնեն զրոյց-քննարկումներով, որոնց նիւթերը կը ներկայացնեն եւ զրոյցները կը վարեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան, Կիպրոսի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Խորէն Արք. Տողրամաճեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԵՄ-ի վարչութեան ատենադպիր եղբ. Յակոբ Գազանճեան։

Համագումարին երկրորդ օրը քննարկումները կը շարունակուին յատուկ աշխատանիստերով, որոնք կը վարեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր եղբ. Վիգէն Աւագեան եւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Օշին Փիրումեան։

Համագումարին աշխատանքներուն առընթեր, մասնակիցները առիթը կ’ունենան այցելելու Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԵՄ-ի ակումբ, հայ համայնքի ներկայացուցիչ՝ Վարդգէս Մահտեսեանի, Մեծ Եղեռնի նահատակաց յուշակոթող եւ Ազգային Առաջնորդարան։ Երեկոները կը կազմակերպուին երիտասարդական հաւաքոյթներ, իսկ Շաբաթ, 29 Ապրիլի երեկոյեան, համագումարին մասնակիցները ներկայ կը գտնուին ի պատիւ իրենց Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԵՄ-ի կազմակերպած ճաշկերոյթին։

Տարածենք