ՔՈՅՐ ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆԻ ԳՈՐԾՈՒՂՈՒՄԸ ԱՐՑԱԽ՝ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ ՆՊԱՏԱԿՈՎ

 

Կազմակերպչական վեցամսեայ առաքելութեամբ Արցախ գործուղուած քոյր Մարօ Քէշիշեան Յունիս 2022-ի կէսերէն լծուեցաւ Ստեփանակերտի մէջ սկաուտական աշխատանքներու կազմակերպման։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի մեկուսի վարչութեան հետ գործակցաբար, քոյրը Ստեփանակերտի թիւ 2 դպրոցին մէջ վարեց սկաուտական աշխատանքներու ծանօթացման աշխատանք։ Արցախցի պատանիներուն ան ծանօթացուց Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ սկաուտութեան գլխաւոր սկզբունքները։

Նախքան կազմակերպական իր առաքելութեան լծուիլը, քոյր Մարօ Քէշիշեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի մեկուսի վարչութեան ատենապետ եղբ. Դաւիթ Գրիգորեանի եւ Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ եղբ. Արա Պուլուզեանի հետ, 15 Յունիսին, այցելեց Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Անահիտ Յակոբեանին։ Այցելութիւնը առիթ մը եղաւ նախարարին ներկայացնելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի ծրագիրները եւ սկաուտական գործունէութեան կարեւորութիւնը Արցախի ներկայ պայմաններուն մէջ։

Երկու օր ետք, 17 Յունիսին, քոյր Մարօ Քէշիշեան Ստեփանակերտի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հանրապետական գրադարանին մէջ իր առաջին հանդիպումը ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի սկաուտներուն հետ։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի մեկուսի վարչութեան անդամները։

Յայտնենք, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան աջակցութեամբ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վարչութեան ջանքերով ատենէ մը ի վեր լուրջ ճիգեր ի գործ կը դրուին Արցախի մասնաճիւղին վերականգնման եւ աշխատանքներու ծաւալման համար։

Տարածենք