Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ԵՂԲ. ՎԱՉԷ ՆԱՃԱՐԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՇՈՒԷՏԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐ

 

14-16 Հոկտեմբեր 2022-ը յիշատակելի օրեր եղան Շուէտ բնակող Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն համար, որոնք առիթն ու պատեհութիւնը ունեցան հիւրընկալելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեանը։ Եղբայր Նաճարեան Պէյրութէն շրջան ժամանեց յատկապէս ներկայ գտնուելու համար Օրէպրուի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի նոր մասնաճիւղի մը հիմնադիր ժողովին։ Շուէտի մէջ իրեն կ’ընկերակցէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Ֆէտի-Խաժակ Գազանճեան։

 

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀՐԱՉ ՄԱՐՈՒԹԵԱՆԻ

Եղբայր Նաճարեան Շուէտ իր այցելութիւններուն շարքը սկսաւ Սթոքհոլմէն, ուր ան հանդիպում մը ունեցաւ միութեան սերտ բարեկամ եւ բարերար Հրաչ Մարութեանի հետ։ Մարութեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին ծանօթացուց Շուէտի հայ համայնքը իր իրագործումներով եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներով։ Իր կարգին, եղբ. Նաճարեան գնահատանքով արտայայտուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հանդէպ Հրաչ Մարութեանի ցուցաբերած մնայուն հոգածութեան եւ աջակցութեան համար։ Այս առիթով եւ առ ի գնահատանք իր մնայուն նեցուկին, եղբ. Նաճարեան Հրաչ Մարութեանը պատուեց յուշանուէրով մը։

 

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՍՈՏԵՐԹԵԼԻՈՅ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ

Նոյն օրը, երեկոյեան, եղբ. Վաչէ Նաճարեան ներկայ գտնուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սոտերթելիոյ մասնաճիւղի սկաուտական հաւաքին։ Մուտքին, եղբայրը դիմաւորուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շեփորախումբով։ Ներկայ էին մասնաճիւղին վարչութիւնը, յանձնախումբերու եւ խմբապետական կազմի անդամներ եւ շաբաթական իրենց գործունէութիւնը կատարող 84 սկաուտներ, բաժնուած՝ կարգապահ խմբաւորումներու մէջ։ Ի պատիւ իրենց հիւրին, սկաուտներ կատարեցին խանդավառ կանչեր եւ ներկայացուցին տեսերիզ մը, որ կը ծանօթացնէր ընթացիկ տարեշրջանի իրենց աշխատանքները։

Այս առիթով բարի գալուստի խօսք արտասանեց օրուան հերթապահ քոյր Նենսի Խաչատուրեան։ Վարչութեան խօսքը փոխանցեց քոյր Սօսէ Երէցեան։ Քոյրը շնորհակալութիւն յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան, որ միշտ թեւ ու թիկունք կանգնած է մասնաճիւղին։

Խօսք առաւ եղբայր Վաչէ Նաճարեան եւ իր գնահատանքը յայտնեց սկաուտական շարքերու կազմակերպուածութեան, յայտագիրին եւ պատրաստուած տեսերիզին համար։ Ան քաջալերեց ներկաները շարունակելու իրենց միութենական աշխատանքները եւ մասնակից դառնալու նաեւ սկաուտական տեղական կազմակերպութեան ծրագիրներուն։

 

ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ

Հաւաքէն ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը ծանօթացման հանդիպումներ ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սոտերթելիոյ մեկուսի վարչութեան անդամներուն, Հ.Յ.Դ. «Հիւսիսեան» կոմիտէութեան ներկայացուցիչներուն եւ շրջանի հոգեւոր հովիւ՝ Վաղարշ Քհնյ. Իսախանեանի հետ։

Երեկոն շարունակուեցաւ տեղւոյն ակումբին մէջ կազմակերպուած ընթրիքով, ուր տիրեց հայեցի ջերմ մթնոլորտ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական բարձր խանդավառութիւն։

Յաջորդ օր, եղբ. Նաճարեան եղբ. Ֆէտի-Խաժակ Գազանճեանի հետ մեկնեցաւ Սթոքհոլմէն 200 քլմ. արեւմուտք գտնուող Օրէպրու քաղաքը, ուր տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի նոր մասնաճիւղի հիմնադրութիւն։

Տարածենք