ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան 2019-2023 քառամեակի երրորդ լիագումարին նիստերը տեղի ունեցան 9 եւ 10 Նոյեմբեր 2022-ին, Պէյրութի մէջ, օրակարգի վրայ ունենալով միութեան կազմակերպչական, սկաուտական, մարզական, երիտասարդական, քարոզչական, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի, տեղեկատուական արհեստագիտութեան եւ տնտեսական գործունէութեան այլազան բնագաւառները։

Կեդրոնական Վարչութիւնը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ Արցախի մէջ սկաուտական շարժումի վերակազմակերպման աշխատանքներուն, որոնց համար յատուկ գործիչ մը գործուղած էր շրջան՝ վեցամսեայ առաքելութեամբ։ Սկաուտական գործունէութեան առընթեր, Կեդրոնական Վարչութիւնը որոշեց իր ներդրումը ունենալ Արցախի մէջ ֆութպոլի դաշտի մը գնման ծրագիրին։ Դաշտը պիտի կոչուի ի յիշատակ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի մասնաճիւղի վարչական, 44-օրեայ պատերազմի նահատակ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբ. Արտակ Իշխանեանի։ Արծարծուեցաւ նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի մասնաճիւղին յատուկ կեդրոնի մը ապահովման կարելիութիւնը։

Կեդրոնական Վարչութիւնը ողջունեց վերջերս զգալի աշխուժացում ապրող Հ.Մ.Ը.Մ.ի Թիֆլիսի, Ամմանի, Երուսաղէմի, Հայֆայի, Եաֆայի եւ Շուէտի մասնաճիւղերուն ի գործ դրած ջանքերը, յատկապէս՝ Շուէտի Օրէպրու քաղաքին մէջ նոր մասնաճիւղի մը ստեղծումով։ Կեդրոնական Վարչութիւնը կարեւորութեամբ ընդգծեց Ալմելոյի (Նետըրլէնտներ) եւ Արմաւիրի (Հայաստան) մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի նոր կեդրոններու բացումը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գահիրէի եւ Պէյրութի ակումբներուն վերանորոգումը, Հալէպի մէջ ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի նոր դաշտերու կառուցումը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի համա-եւրոպական մարզաւանի շինարարական աշխատանքներուն մեկնարկը Փարիզի արուարձաններէն Իսի Լէ Մուլինոյի մէջ։

Սկատուական մարզի պարագային, Կեդրոնական Վարչութիւնը ճշդեց համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ բանակումին թուականը (21-30 Յուլիս 2023) եւ խմբապետական գործադիր կազմը։ Կեդրոնական Վարչութիւնը ծանօթացաւ սկաուտական «Արարատեան» եւ «Վկայեալ կարգ»ի Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի դասընթացքներու կազմակերպման ընթացքին եւ ողջունեց սկաուտական երեք նոր գիրքերու («Երկաստղ», «Բ. կարգ», «Ա. կարգ») վերամշակուած տարբերակներուն պատրաստութիւնը եւ անոնց ելեկտրոնային տարբերակներուն ներկայացումը միութեան կայքէջով։

Կեդրոնական Վարչութիւնը ընդհանուր արժեւորումը կատարեց անցնող ամառ Հայաստանի մէջ կազմակերպուած համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղերուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շրջաններուն մեծաթիւ մասնակցութեան, իբրեւ քորոնայի համաճարակէն ետք համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական առաջին նախաձեռնութիւն։ Իբրեւ նորութիւն, գնահատելի նկատուեցաւ յատուկ խնամքի կարօտ «Հրաշք» մարզախաղերու կազմակերպումը՝ յառաջիկային այդ մարզախաղերը կրկնելու եւ աւելի լայն շրջանակներու եւս հասնելու մտադրութեամբ։ Նաեւ քննարկման նիւթ դարձաւ առցանց մարզախաղերու դրական փորձառութիւնը եւ որոշուեցաւ յառաջիկայ տարի կրկնել այդ մարզախաղերը։

Լիագումար նիստերը համապատասխան զեկուցումներ լսելէ ետք՝ արծարծեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ական երիտասարդութեան (18-35 տարեկան միութենականներու) համար աշխատանքային նոր գործադաշտեր ստեղծելու կարելիութիւնները։ Որոշուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի երիտասարդական երկրորդ համագումարը կատարել Ապրիլ 2023-ին, Կիպրոսի մէջ։

Կեդրոնական Վարչութեան երրորդ լիագումարի նիստերը կանգ առին նաեւ միութեան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի, երկլեզու կայքէջի, ընկերային ցանցերու եւ, առհասարակ, քարոզչական լայնածաւալ աշխատանքներուն վրայ։ Այս իմաստով գնահատելի նկատուեցան նորարութեան հետ քայլ պահելու եւ երիտասարդութեան առաւելագոյն չափով հասանելի դառնալու միութեան ճիգերը՝ բազմալեզու տեսանիւթերու պատրաստութեամբ, համացանցային նոր հարթակներու մէջ ներկայութեամբ եւ այլն։ Այս իմաստով դրական նկատուեցաւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական քարոզչական առցանց առաջին խորհրդաժողովին կազմակերպումը եւ անկէ բխած առաջարկներուն իրականացումը (քարոզչական ուղեցոյցի, տօնացոյցի եւ քարոզչական լրատուամիջոցներու քարտէսի պատրաստութիւն)։

Յատուկ օրակարգով քննարկումի նիւթ դարձան միութեան տեղեկատուական արհեստագիտութեան եւ տեղեկութիւններու շտեմարանի (Data base) հարստացման աշխատանքները՝ միութեան բոլոր շրջաններու պատասխանատուներու միացեալ ճիգերով։

Տնտեսական օրակարգը իր լայն տեղը ունեցաւ Կեդրոնական Վարչութեան նիստերուն ընթացքին. զեկուցումներ ներկայացուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Գառնիկ Մկրտիչեան», «Միհրան Շիմշիրեան» եւ «Ժիրայր Սարգիսեան» ֆոնտերուն մասին։ Քննուեցան նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի եկամտաբեր ֆոնտին (Endowment fund) յանձանձումին կապուած հարցեր։

Վերջապէս, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը քննեց Միջին Արեւելքի տագնապահար գաղութներու իր միաւորներուն օժանդակութեան ծրագիրները եւ որոշեց ամէն գնով թեւ ու թիկունք կանգնիլ միութեան պատմական շրջաններու անխափան գործունէութեան։

Աւարտին, քննարկումի նիւթ դարձան լիագումար նիստերէն անմիջապէս ետք տեղի ունենալիք Հ.Մ.Ը.Մ.ի միջ-դիւանական 10-րդ խորհրդաժողովին եւ Հ.Յ.Դ.ի ուղեկից միութիւններու խորհրդաժողովին օրակարգերը։

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

Տարածենք