Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՓԼՈՎՏԻՎԻ ՄԵԿՈՒՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

 

25 Յունիս 2022-ին, Փլովտիվի «Ֆրիկոպան» զբօսաշրջական համալիրը կ’եռար Հ.Մ.Ը.Մ.ական կեանքով. սկաուտներ, սկաուտական փոքր նուագախումբ, դրօշակի կայմ եւ մեծ վրաններ յատուկ տեսք մը տուած էին պուլկարական այս հանգստավայրին։ Այդ օր ամէն ինչ Հ.Մ.Ը.Մ.ական էր հոն, որովհետեւ միութեան երիցագոյն մասնաճիւղերէն Փլովտիվի մեկուսի մասնաճիւղը հիմնադրութեան հանդիսաւոր 100-ամեակը կը տօնէր պատշաճ շուքով։ Հոն էին Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հրաչ Քհնյ. Մուրատեան, Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Թամարա Ղուշչեան, յատկապէս Պէյրութէն ժամանած՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուլկարիոյ մնացեալ մասնաճիւղերու՝ Վառնայի, Պուրկասի, Սոֆիայի եւ Ռուսէի մասնաճիւղերու ատենապետները, ինչպէս նաեւ յոբելեար մասնաճիւղի՝ Փլովտիվի վարչութեան լման կազմը, սկաուտներ, ծնողներ եւ բարեկամներ։

Տօնակատարութիւնը կազմակերպուած էր բացօթեայ։ Ներկաներու համար ապահովուած էին մեծ վրաններ՝ ի հարկին անակնկալ անձրեւէ պաշտպանուելու համար։

Բացումը կատարուեցաւ Պուլկարիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ։ Ապա, մասնաճիւղին սկաուտական նորակազմ նուագախումբին առաջնորդութեամբ, մասնաճիւղին դրօշին առաջնորդութեամբ հանդիսավայր մուտք գործեցին սկաուտական խումբերը, որոնք գրաւեցին իրենց յատուկ տեղերը։

Կատարուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգի խմբերգում, որուն յաջորդեցին սկաուտներու երդման եւ խոստման արարողութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ յուշանուէրներու բաշխում ներկայ պաշտօնական անձնաւորութիւններուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն։

Խօսքերու բաժինով, նախ արտայայտուեցաւ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հրաչ Քհնյ. Մուրատեան։ Ան ըսաւ, որ ուրախութիւն եւ պատիւ է մասնակցիլ տօնակատարութեանը միութեան մը, որ ունի 104 տարուան պատմութիւն։ 104 տարի թուղթի վրայ գրելը դիւրին է, բայց 104 տարի ապրիլ եւ 104 տարի գաղափար ապրեցնելը շատ դժուար է։ Քրտնաջան ու անընդհատ աշխատանք պէտք է 104 տարի յարատեւելու համար։

Մուրատեան Քհնյ. նաեւ նշեց, որ Սփիւռքի մէջ գոյատեւելը հետզհետէ աւելի դժուար կը դառնայ, սակայն տեսնելով այստեղ ներկայ երիտասարդները, տեսնելով անոնց եռանդն ու աւիւնը, վստահ եմ, որ այս միութիւնը 104 տարի եւս պիտի գործէ եւ պիտի մարմնակրթէ մեր երեխաները։

Այս առիթով, Մուրատեան Քհնյ. շնորհաւորեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Փլովտիվի մասնաճիւղին 100-ամեակը, օրհնեց մասնաճիւղին անդամները եւ մաղթեց, որ Աստուած անսպառ ուժ եւ կորով տայ պատասխանատուներուն։ «Այն գաղափարը, զոր դուք ունիք, հայապահպանում կոչուող այդ գաղափարը թող վառած ջահի նման փոխանցուի սերունդէ սերունդ», շեշտեց ան։

Խօսք առաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Թամարա Ղուշչեան եւ յայտնեց, որ իսկապէս պատիւ է այստեղ ներկայ գտնուիլը, որովհետեւ հոն ուր Հ.Մ.Ը.Մ. կայ, հոն կայ պատմութեան մէկ մասնիկը։ Տարիներ առաջ, երբ ես ծանօթացայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կարգախօսին՝ «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր»ին, ես հասկցայ, որ այս կարգախօսին մէջ կայ կամք, ուժ եւ ոգի։  Սովորական կարգախօս մը չէ ան, այլ՝ պատմութեան թելադրանքով եւ ժամանակով ապացուցուած իրականութիւն է։ Կարելի է երկար խօսիլ այն մեծ առաքելութեան եւ այն ազնիւ գործին մասին, զոր Հ.Մ.Ը.Մ.ը կատարած է եւ կը կատարէ մեր իրականութեան մէջ։

Շարունակելով, հիւպատոս Թամարա Ղուշչեան հաստատեց, որ այն ժամանակաշրջանին, երբ մեր ժողովուրդը առաւել քան երբեք կանգնած էր բնաջնջումի եզրին, Հ.Մ.Ը.Մ.ը բարձրացաւ եւ օգնեց, որ իր ժողովուրդը եւս բարձրանայ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ կը դաստիարակուին սերունդներ, որոնք քաջ կը գիտակցին, որ երբ մարդ ընդունակ չէ բարձրացնելու, ընդունակ չէ նաեւ բարձրանալու։

Խօսքը եզրափակելով, հիւպատոսը ըսաւ. «Ձեր գործը արդար է, ձեր առաքելութիւնը ազնիւ է, իսկ ձեր գնահատանքը տարիներու, տասնամեակներու ընթացքին ձեր վաստակած յարգանքն ու հեղինակութիւնն են»։

Տօնակատարութեան եզրափակիչ պատգամը փոխանցեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան։

Եղբ. Նաճարեան առաջին հերթին շնորհաւորեց յոբելեար մասնաճիւղին 100-ամեակը եւ ընդգծեց, որ ազգերու պատմութեան մէջ հազուագիւտ են այն կազմակերպութիւնները եւ միութիւնները, որոնք ունին 100 տարուան ժառանգ եւ աշխատանք կը տանին ներշնչուելով իրենց հիմնադիրներու պատգամէն, ինչպէս որ է Հ․Մ․Ը․Մ․ը։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Փլովտիվի յաջորդական սերունդները իրենց ներշնչումը առին միութեան նշանաբանէն՝ «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր»էն։ Հոս սերունդներ ուխտեցին, որ պիտի նուիրուին հայ ժողովուրդի ծառայութեան, բարձր պահելով Եռագոյն դրօշը եւ Հ․Մ․Ը․Մ․ի ճամբով պիտի ծառայեն Հայաստանին եւ Արցախին։

Իր խօսքը յոբելեար մասնաճիւղին ուղղելով, եղբ. Նաճարեան յայտնեց, թէ Հ․Մ․Ը․Մ․ Փլովտիվ այսօր իր 100-ամեակը տօնելով կը հաստատէ, որ ժամանակի քննութեան յաջողած է եւ պատմութեան մոռցուած էջերուն անցնելու տեղ ջարդարար թուրքին կը փաստէ, որ ինքը միշտ ներկայ է ու պիտի մնայ տէրը իր նահատակներու կտակին եւ պիտի շարունակէ Հայ Դատի պայքարը եւ արդար պահանջատիրութիւնը։

Մասնաճիւղին 100-ամեակը շնորհաւորելով, եղբ. Նաճարեան նշեց, թէ պահն է յիշելու եւ խոնարհելու յիշատակին դիմաց այն բոլոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն, որոնք անցնող 100 տարիներուն իրենց ժամանակը տուին Հ․Մ․Ը․Մ․ի սուրբ գաղափարները բարձր պահելու, իրենց կեանքը տուին պահպանելու հայրենիքի Սուրբ հողը եւ Արցախը եւ մեկնեցան ազատ հայ մարդու եւ անկախ հայրենիքի երազը իրենց սիրտին մէջ։

Խօսքը չփակած, եղբ. Նաճարեան անակնկալ մը մատուցեց ներկաներուն, երբ յայտարարեց, որ Փլովտիվի մասնաճիւղին 100-ամեակին առիթով եւ իր բազմավաստակ ծառայութեան համար, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը որոշած է «Արտակարգ» ծառայութեան շքանշանով պարգեւատրել քոյր Տիրուհի Պարտզիզպանեան-Գրիգորեանը։ Հետեւաբար, ան քոյրը հրաւիրեց ամպիոն եւ անոր յանձնեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արտակարգ» շքանշանն ու հաստատագիրը։

Հուսկ, տօնակատարութիւնը փակուեցաւ մասնաճիւղի խմբապետուհի քոյր Սրբուհի Գաբրիէլեանի շնորհակալութեան եւ երախտիքի խօսքով։

Պաշտօնական տօնակատարութեան յաջորդեց խրախճանքի բաժինը, Հ.Մ.Ը.Մ.ական ուրախութեամբ եւ ազգային ոգեւորութեամբ դիմաւորելով մասնաճիւղին երկրորդ 100-ամեակը։

 

Տարածենք