ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԹԻՒ 426 «ՄԱՐԶԻԿ»Ի ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ՛ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ

 

 

Մթնոլորտ բառին կրնան յարմարիլ բազմաթիւ ածականներ.- ջերմ, ընտանեկան, դրական, դաստիարակիչ, խանդավառ, ճոխ, հաճելի…

    Սակայն յիշեալ ածականներէն ոչ մէկը կրնայ հարազատօրէն ներկայացնել համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական ձեռնարկի մը մթնոլորտը։ Իսկ ի՛նչ խօսք, երբ այդ ձեռնարկը տեղի կ’ունենայ երեք տարուան անբնական պայմաններէ ետք՝ քորոնայի համաճարակ, միութենական գործունէութեան սահմանափակում, ճամբորդութեան արգելքներ, համաշխարհային տնտեսական տագնապ, Արցախի պատերազմ եւ անոր յաջորդած մտահոգիչ դէպքերու զարգացումներ։

    Նման պայմաններու մէջ, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղեր կազմակերպելը, բազմահարիւր մարզիկ-մարզիկուհիներ հայրենի հողին վրայ համախմբելն ու միութենական կեանքը վերականգնելը պիտի ենթադրէր հսկայական ճիգ եւ ներդրում։ Ու նաեւ՝ մարդկային եւ նիւթական լայն միջոցներ, տասներկու մարզաձեւերու մրցակցութեան կողքին, առաջին անգամ ըլլալով իրագործելու համար յատուկ խնամքի կարօտ պատանիներու «Հրաշք» մարզախաղերը։

    Անկարելին կարելի դարձնելու մարտահրաւէրն էր, որ կը դրուէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատասխանատուներուն դիմաց, տեսակաւոր փորձութիւններէ ետք չյուսահատելու եւ անխախտ հաւատքով դարձեա՛լ երիտասարդութեան հետ ըլլալու, անոնց հետ եւ անոնցմով խանդավառուելու, անոնց ընդմէջէն հայութեան աւելի լաւ ապագայի մը հեռանկարը տեսնելու համար։

    Պէտք էր թօթափել հիասթափութեան, ընկրկումի եւ նահանջի բոլոր տրամադրութիւնները եւ վերադառնալ բնականոն կեանքի ընթացքին՝ ինքնակազմակերպումին, միութենական նպատակներու հետապնդումին, միտք ու մկան, հոգի ու կամք, սիրտ ու խիղճ զարգացնելու արուեստին։

    Պէտք էր յաղթահարել մեր շուրջը տիրող պարտուողական ոգիի բոլոր արտայայտութիւնները, երիտասարդութեան առիթ ընծայելով վայելելու յաղթանակներու բերկրանքը, սեփական ուժի հանդէպ ինքնավստահութիւնը՝ լաւագոյնին եւ հզօրագոյնին հասնելու կարելիութիւնը։

    Եւ դեռ, պէտք էր անգամ մը եւս շեշտել Հ.Մ.Ը.Մ.ի համահայկական դերն ու առաքելութիւնը՝ միութեան աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերու մարզական շարքերը շարժումի մէջ դնելու եւ գիտակից մօտեցումով զանոնք մարմնակրթական նորանոր նուաճումներու մղելու համար։

    Իսկ կարեւորագոյնը, պէտք էր վերագտնել անցնող երեք տարիներու մեծագոյն բացական՝ ՄԹՆՈԼՈՐՏԸ։ Եղբայրական գործակցութեան, անկեղծութեան, հարազատութեան այն ջերմ մթնոլորտը, որ ուս-ուսի, թեւ-թեւի, հազարաւորներ կը բարձրացնէ, երբ Հ.Մ.Ը.Մ.ը յաղթանակ մը արձանագրէ, եւ նոյնքան մը հաւատաւորներ կը բարձրացնէ, երբ Հ.Մ.Ը.Մ.ը… պարտութիւն մը ճաշակէ, որովհետեւ ո՛չ յաղթանակները կը շլացնեն եւ ո՛չ ալ պարտութիւնները կ’ընկճեն այս միութիւնը։ Հ.Մ.Ը.Մ. պայմանաւորուած չէ բաժակներու եւ ախոյեանութիւններու տիրացումով։

     Հաւաքական խանդավառութեան ախոյեանին համար խաղն ու վազքը, փորձն ու մրցումը միջոցներ են անցեալին ճակատագիրի բերումով որբացած, գաղթական դարձած, իսկ այսօր՝ Սփիւռքի օտար հորիզոններուն տակ հասակ առած պատանիները այլասերիչ բարքերէ եւ խաթարիչ մոլութիւններէ հեռու պահելու համար, կիրթ մարմինի մէջ քաղաքակիրթ մարդը կերտելու, անհատին մէջ մտքի եւ հոգիի ներդաշնակ զուգորդութիւն ստեղծելու եւ բարոյական ու մարդկային ըմբռնումներու մէջ ազգային գաղափարականութեան սկզբունքները արմատացնելու համար։

    Այլ բան չէ եղած Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիրներուն եւ յաջորդական ղեկավար մարմիններուն նպատակը միութեան ստեղծումէն ի վեր, եթէ ոչ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի իւրայատուկ մթնոլորտին մէջ, մարմինի եւ մկաններու մշակման հետ ազգային նկարագիր մշակել, ինքնութիւն եւ պատկանելիութիւն կերտել, գերագոյն արժէքներու գիտակցութիւն փոխանցել, որպէսզի Ազգն ու Հայրենիքը, Եկեղեցին ու Ընտանիքը սերունդներու համար ըլլան նուիրական սրբութիւններ։

    Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերը, ինչպէս համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բոլոր հանդիպումները, տակաւին, կոչուած են ունենալու յաւելեալ պարտականութիւն մը. աշխարհի չորս ծագերէն եկող եւ քաղաքակրթական այլազան ազդեցութիւններու ենթակայ մարզիկ-մարզիկուհիներու մէջ հաւաքական մտածողութիւն սերմանել եւ այդ մտածողութիւնը երկիրէ երկիր կամուրջ դարձնել՝ հայ երիտասարդութեան ընդհանրական դիմագիծ տալու եւ անով ազգը վերանորոգելու համար։

    Ահա՛, չորս տարին անգամ մը այս ճշմարտութիւնները կը պարզուին բոլորին։ Նորերը փորձով կը վկայեն, իսկ հիները գոհունակութեամբ կը հաստատեն, թէ ինչպէս, հակառակ ժամանակի եւ միջավայրի բոլոր դժուարութիւններուն, Հ.Մ.Ը.Մ. կը մնայ հաւատարիմ իր էութեան եւ կոչումին, կը մնայ գերազանցապէս ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ՛ միութիւն, եւ իբրեւ յոյսի աւազան, իր կենարար մթնոլորտին մէջ հայեցի դրոշմով կը մկրտէ իրեն դիմող հազարաւոր պատանիներն ու երիտասարդները, կեանքին վերադարձնելու համար ֆիզիքապէս տոկուն, հոգեպէս առողջ, գաղափարապաշտ եւ յանձնառու տղաք ու աղջիկներ, պատրաստ՝ ընծայուելու այն ժողովուրդին, որուն ծառայելու կոչումով ճամբայ ելաւ այս միութիւնը 104 տարի առաջ եւ որուն ծառայութեամբ իր ճամբան կը շարունակէ Ան, մեր կեանքի ներկային եւ պատմութեան մէջ։

 

 

 

 

Տարածենք