Հ.Մ.Ը.Մ. ԻՐ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԲԵՐԱՒ ԴԷՊԻ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒԽՏԱՏԵՂԻ՝ ՏԷՐ ԶՕՐ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԵԱՆ

 

Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ գաղթական դարձած ժողովուրդի ծոցէն ծնած Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ը, 104 տարիներ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան ջահը կրելով, կը շարունակէ մեր ժողովուրդին պայքարի երթը, մինչեւ անոր արդար իրաւունքներուն վերատիրացումը։

Չորեքշաբթի, 25 Մայիս 2022-ին, ազգային-պահանջատիրական դաստիարակութեամբ տոգորուած Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ իրենց մասնակցութիւնը բերին դէպի Տէր Զօր կազմակերպուած ուխտագնացութեան եւ իրենց վստահուած պարտականութիւնը կատարեցին լաւագոյնս:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպ մասնաճիւղի շեփորախումբն ու տարազաւոր սկաուտները Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց քանդուած յուշահամալիրին առջեւ դիմաւորեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը եւ իրեն ընկերակցող շքախումբը, որուն մաս կը կազմէին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մասիս Եպս. Զօպուեանի կողքին, Լիբանանի խորհրդարանի երեսփոխան եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ՝ Յակոբ Բագրատունի, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէիսեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Հրաչ Յակոբեան, ազգայիններ Վրէժ Եագուպեան, Սուրէն Վարդանեան եւ Թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետ Սունպուլ Սունպուլեան, ինչպէս նաեւ միաբան հայրեր։

Ուխտագնացութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Մանուկ Քէօշկերեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամ եղբայրներ Յարութ Գաբրիէլեան եւ Կարօ Գալայճեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդի անդամներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ մասնաճիւղերու վարչականներ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ:

Արամ Ա. Կաթողիկոս հայրապետական օրհութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով ողջունեց հայ ժողովուրդի աշխարհացրիւ զաւակները եւ յայտարարեց Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց քանդուած յուշահամալիրին վերանորոգութեան մեկնարկը, իր խօսքին մէջ ըսելով. «Այսօր քարուքանդ վիճակի մէջ կը գտնուի մեր ժողովուրդին կողմէ շինուած այս ուխտատեղին, որովհետեւ նոյն ցեղասպանն է անցած այս վայրէն եւ դարձեալ ցեղասպանութեան ենթարկած մեր ժողովուրդի զաւակներուն հաւատքին ու կամքին արտայայտութիւնը եղող այս կառոյցը։ Սակայն, մենք չենք յուսահատած. մենք վճռած ենք վերաշինել Տէր Զօրի ուխտատեղին։ Նայեցէ՛ք մեր ժողովուրդի պատմութեան. ուրիշներ քանդած են, մենք՝ վերաշինած. ուրիշներ յուսահատութիւն ցանած են մեր կեանքէն ներս, սակայն մենք յոյս ներշնչած ենք մեր ժողովուրդին. ուրիշներ մահով շրջապատած են մեզ, մենք կեանքին կառչած ենք։

«Հայ ժողովուրդի յարութեան խորհրդանիշը հանդիսացող Տէր Զօրէն կը վերանորոգենք պահանջատիրական պայքարը շարունակելու մեր ուխտը»:

Տարածենք