ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԵԿՈՒՍԻ ՇՐՋԱՆՆԵՐՈՒ ՎԿԱՅԵԱԼ ԿԱՐԳԻ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԸ

 

Եւրոպայի մեկուսի շրջաններուն համար Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպած սկաուտական Վկայեալ կարգի դասընթացքը ընթացք առաւ Կիրակի, 22 Մայիսին, առցանց հանդիպումով մը։

Հանդիպումին ներկայ էին Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան, ինչպէս նաեւ վարչութեան սկաուտական ներկայացուցիչներ եղբ. Ֆէտի Խաժակ Գազանճեան եւ քոյր Թալին Օրտողլեան։ Յունաստանէն, Երուսաղէմէն, Լոնտոնէն, Աւստրիայէն, Հոլանտայէն, Ֆրանսայէն եւ Շուէտէն սկաուտական խումբերու 39 խմբապետներ եւ պատասխանատուներ մասնակցեցան հանդիպումին, որուն ընթացքին խօսք առին Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը, սկաուտականի ներկայացուցիչ քոյրն ու եղբայրը։ Ապա` կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով ծրագիրին մանրամասնութիւնները փոխանցեց քոյր Մենար Պոյաճեան։ Յանձնախումբին մաս կը կազմեն նաեւ քոյրեր Աննա Աւագեան եւ Կարինէ Սիսեռեան։

Եւրոպայի վկայեալ կարգի տեսական առցանց հանգրուանը պիտի աւարտի Նոյեմբերին, իսկ գործնական բանակումը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 2023-ին։

Տարածենք