ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ 11-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ԺՈՂՈՎԸ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

 

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբին հրաւէրով, Շաբաթ, 14 Մայիսի երեկոյեան ժամը 5-ին, տեղի ունեցաւ մարզախաղերու նախապատրաստութեան առցանց երկրորդ ժողովը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին մարզախաղերու մասնակից շրջաններու պատուիրակութիւններու, ինչպէս նաեւ՝ Թեհրանի «Արարատ» եւ «Նայիրի» միութիւններու ներկայացուցիչներ, մարզախաղերու պատասխանատուներ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, ընդամէնը՝ 46 մասնակիցներ։ Առցանց առաջին ժողովը կատարուած էր 29 Յունուար 2022-ին, դարձեալ մեծաթիւ մասնակցութեամբ։


Մարզախաղերու բացումէն 65 օր առաջ գումարուած այս ժողովը առիթ մը եղաւ ծանօթանալու խաղերու հարուստ յայտագիրին եւ անոր առընթեր մշակուած դաստիարակչական ու բարեսիրական ծրագիրներուն։ Ժողովին խօսքեր առին մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ եղբ. Մանուէլ Մարսէլեան, անդամներ՝ քոյր Մարիա Գէորգեան, եղբայրներ Սեւակ Կարապետեան, Ռազմիկ Նալպանտեան եւ Արամ Թովմաս։ Անոնք ներկայացուցին մարզախաղերու մասնակիցներուն համար քորոնայի նախազգուշական քայլերը, կիրարկուելիք մարզախաղերը, մասնակից պատուիրակութիւնները եւ այլն։


Այս առիթով, պատասխանատու քոյրեր եւ եղբայրներ ներկայացուցին մարզախաղերուն քարոզչական աշխատանքները (քոյր Սանտրա Վարդանեան Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.էն եւ եղբ. Վիգէն Աւագեան Կեդրոնական Վարչութենէն), որդեգրուած մարզադաշտերը (եղբ. Արշակ Գէորգեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.էն), IT-ի աշխատանքները (եղբայրներ Վիգէն Աբէլեան Արեւմտեան Մ. Նահանգներէն եւ Շանթ Տէմիրճեան Լիբանանէն) եւ «Հրաշք» մարզախաղերը (քոյր Վանիա Մովսէսեան Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.էն)։


Ժողովականները ծանօթացան նաեւ մարզիկներու արեւելումի համար պատրաստուած եօթը տեսանիւթերէն երկուքին, որոնք ցուցադրուեցան այս առիթով.- «Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղերը» եւ «Հ.Մ.Ը.Մ.ի նպաստը Արցախին»։


Ժողովին սկիզբը մասնակիցները ողջունեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Վաչէ Նաճարեան։ Եղբայրը յայտնեց, որ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղերը արդէն իսկ իրականութիւն են։ Խաղերուն կազմակերպումը կտրած է երկար ճամբայ եւ աշխատանքները կ’ընթանան լայն թափով։ Եղբայրը նշեց, որ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերը միայն մրցում եւ խաղ չեն, այլ՝ առիթ են, որպէսզի տարբեր շրջաններէ եկած մարզական մեր նոր սերունդի տղաքն ու աղջիկները իրարու ծանօթանան, իրենց հայրենիքին եւ արմատներուն ծանօթանան, որպէսզի խաղերու աւարտին շրջաններ վերադառնան աւելի հայացած։


Աւելի քան երկու ժամուան ժողովին փակումը կատարեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ մարզական յանձնախումբի մօտ Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչներէն եղբ. Արմանտ Քիլիճեան։ Ան ըսաւ, որ մարզախաղերու կազմակերպման աշխատանքները կը կատարուին մեծ խանդավառութեամբ։ Ճիշդ է, որ աշխատանքները կը դիմագրաւեն որոշ դժուարութիւններ, բայց դժուարութիւնները անպայման կը յաղթահարուին եւ մենք 20 Յուլիս կը հասնինք ամենայն յաջողութեամբ, շեշտեց ան։ Եղբ. Քիլիճեան անդրադարձաւ նաեւ «Հրաշք» մարզախաղերուն, նշելով որ խաղերը իրենց տեսակին մէջ նորութիւն մը պիտի ըլլան Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ Հայաստանին համար։


Ժողովի աւարտին, մասնակիցները իրարու հրաժեշտ տուին 9 Յուլիսին դարձեալ հանդիպելու եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերու մրցումներուն վիճակաձգութիւնը կատարելու խոստումով։

Տարածենք