ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ 11-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐԸ 20-30 ՅՈՒԼԻՍԻՆ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

 

Քորոնայի համաճարակին պատճառով մէկ տարուան ակամայ յետաձգումէ ետք, համաՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերը այս ամառ, 20-30 Յուլիս 2022-ին, տեղի պիտի ունենան Հայաստանի մէջ։

Ի տարբերութիւն նախորդ մարզախաղերուն, 11-րդ մարզախաղերը պիտի յատկանշուին քանի մը նորութեամբ։ Արդարեւ, այս մարզախաղերուն առաջին անգամ ըլլալով պիտի կիրարկուին 3x3 պասքեթպոլի, ծովափի վոլիպոլի եւ կոլֆի մրցումներ, ֆութպոլի, պասքեթպոլի, վոլիպոլի, ֆութսալի, ճատրակի, աթլէթի, փինկ-փոնկի, լողի եւ թենիսի մրցումներու կողքին։

Մարզախաղերուն երկրորդ նորութիւնը անհատական կարողութեան մրցումներն են, որոնք առաջին անգամ կիրարկուեցան անցնող ձմրան կազմակերպուած համաՀՄԸՄ-ական առցանց մարզախաղերուն։ Մրցումները արձանագրեցին մեծ յաջողութիւն եւ նկատի առնուեցան նաեւ այս մարզախաղերու պաշտօնական մրցումներուն կողքին։
ՀամաՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերը կը յատկանշուին այն իրողութեամբ, որ առաջին անգամ ըլլալով, մասնակիցներու արեւելումի աշխատանքները կը կատարուին նախապէս, առցանց, դաստիարակչական բնոյթի եօթը տեսանիւթերով, որոնք մասնակիցներուն կը ծանօթացնեն միութեան մարզական պատմութիւնը, համաՀՄԸՄական մարզախաղերու նպատակը, 11-րդ մարզախաղերու ընթացքը, Fair play-ի՝ արդար խաղի կանոնները, մայրաքաղաք Երեւանը եւ այլ նիւթեր։

Մարզախաղերը ունին բարեսիրական աշխատանքներու եւ Հայաստանին ծանօթացման յատուկ յայտագիրներ։ Նախատեսուած է մարզախաղերու մասնակիցներուն անունով երեխաներու ի նպաստ ծրագիր մը իրականացնել Հայաստանի սահմանային շրջաններէն մէկուն մէջ։ Կը մշակուի նաեւ ծրագիր մը, որպէսզի մասնակիցները առիթը ունենան առնչուելու իրենց ազգային, հոգեւոր, մշակութային արմատներուն հետ։

Իբրեւ նորութիւն պէտք է նշել նաեւ «Հրաշք» մարզախաղերու կազմակերպումը՝ մարզական այս մեծ իրադարձութեան օրերուն։ «Հրաշք» մարզախաղերը յատուկ խնամքի կարօտ մանուկներու եւ երիտասարդներու համար կազմակերպուող խաղեր են, որոնք 2018-էն ի վեր կը կիրարկուին ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու շրջանին մէջ։ «Հրաշք» մարզախաղերուն կը նախատեսուի որ մասնակցին 12-22 տարեկան 200 երեխաներ եւ երիտասարդներ Հայաստանի զանազան շրջաններէն եւ Սփիւռքէն։ Այս մարզախաղերուն համար նկատի առնուած են յատուկ դաշտ եւ մարզական սարքեր։

ՀամաՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերը ընթացք պիտի առնեն 20 Յուլիս 2022-ին կազմակերպուած պաշտօնական մամլոյ ասուլիսով։ Յաջորդ օր, մարզախաղերու մասնակիցները կ’այցելեն Եռաբլուր եւ Ծիծեռնակաբերդ, ապա ընթացք կ’առնեն մրցումները, որոնք կ’երկարին ինը օրերու վրայ։ Բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը նախատեսուած է «Հայ մարզիկի օրը»՝ 22 Յուլիսին, իսկ աւարտական մրցումները եւ փակման հանդիսութիւնը՝ 29 Յուլիսին։ 30 Յուլիսին կը կատարուի յաղթանակի պարահանդէս։

Կը սպասուի, որ մարզախաղերուն մասնակցին ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ շրջաններէն աւելի քան 600 մարզիկ-մարզիկուհիներ, ինչպէս նաեւ՝ Թեհրանի «Արարատ» եւ «Նայիրի» միութիւններէն պատուիրակութիւններ։

Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերը միայն մրցում, մետալ, բաժակ եւ պարգեւատրում չեն։ Մարզախաղերը մթնոլորտ են, ազգային ապրում եւ հաւաքական պատկանելիութեան գիտակցութիւն։ Գլխաւոր յաղթականը այս պարագային հայութիւնն է, որ գիտէ 104 տարի ապրեցնել ՀՄԸՄ-ը եւ ապրիլ ՀՄԸՄ-ով, ոգեւորուած անոր «մարզական բանակ»ով եւ ամրապնդուած անոր հայկականութեամբ, ինչ որ գլխաւոր երաշխիքն է պատրաստութեանը սերունդի մը, որ բարոյալքում չճանչնայ, յաղթանակի հպարտութիւն ունենայ եւ միշտ ընթանայ յառաջ, անսասան ու անդեդեւ։


ՀՄԸՄ-Ի
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Տարածենք