ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐՈՒ ԾԱՆՕԹԱՑՈՒՄ ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՀԱԼԷՊԻ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ ԴԱՇՏԻՆ

 

2 Սեպտեմբեր 2021-ի երեկոյեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մասիս Եպս. Զօպուեանի հրաւէրով եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ ACN բարեսիրական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն պաշտօնական ծանօթացումը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պասքեթպոլի վերանորոգուած դաշտին։

Հանդիպումին բացումը կատարեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի շեփորախումբը։

Հանդիպումին ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը, ACN բարեսիրական միութեան ներկայացուցիչներ՝ Ռեժինա Լինչ, Ռայնհարտ Պաքս, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան Սուրիոյ ներկայացուցիչը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, պատկան մարմնի եւ Ազգ. Վարչութեան անդամներ։

Մասնաճիւղին վարչութեան անունով ներկաներուն բարի գալուստի խօսք ուղղեց քոյր Նայիրի Զագոյեան։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի պասքեթպոլի դաշտի վերաշինութեան նպաստող բոլոր կողմերուն, յատկապէս Ռեժինա Լինչին եւ Ռայնհարտ Պաքսին, աւելցնելով, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը հայկական այն միջավայրն է, որ կը համախմբէ հայ երիտասարդներն ու մարզիկները՝ զարգացման դաշտ ստեղծելով անոնց համար։

Այնուհետեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի պասքեթպոլի կրտսեր խումբերը կատարեցին պաշտօնական առաջին մրցումը, արժանանալով ներկաներու ծափողջոյններուն եւ քաջալերանքին։

Մրցումին բացումը կատարեց Հալէպի երիցագոյն Հ.Մ.Ը.Մ.ական պասքեթպոլիստ եղբ. Տիգրան Տիգրանեան։

Օրուան եզրափակիչ պասգամը ուղղեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մասիս Եպս. Զօպուեան։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ACN բարեսիրական-եկեղեցական կազմակերպութեան, դիտել տալով որ հալէպահայ երիտասարդութիւնը կ’ապրի տնտեսական աննախադէպ ծանր պայմաններու մէջ եւ նման հաւաքավայրեր յոյսի սերմեր կը ցանեն անոր մէջ՝ մարզուելու, վերանորոգուելու եւ առողջ կենսակերպով առողջ միջավայրի մէջ ապրելու համար։

Սրբազան հայրը շեշտեց, որ ACN-ը ո՛չ միայն դաշտի վերանորոգման, այլեւ՝ զանազան մարզերու մէջ օժանդակութիւններ կատարած է եւ կը շարունակէ կատարել սուրիահայութեան, աւելցնելով որ այսպիսով մենք կը զգանք որ առանձին չենք այս տագնապի դիմագրաւման մէջ եւ նոր ուժ կը կուտակենք մեր ապագային լաւատեսութեամբ նայելու։

Աւարտին, հիւրերը ծանօթացան դաշտին բաժիններուն եւ շարունակուող նորոգութիւններուն։

Տարածենք