ՄԻՋ-ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԱՅԻՆ ՏՈՂԱՆՑՔԻ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒՆ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔՆԵՐԸ

 

Միջ֊մասնաճիւղային տողանցքի նախօրեակին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ մասնաճիւղերը, նախքան Հալէպ իրենց ժամանումը, կազմակերպեցին մարզական ներքին մրցաշարքներ, որոնց ախոյեան քոյրերուն եւ եղբայրներուն պարգեւատրումը տեղի ունեցաւ միջ-մասնաճիւղային տողանցքին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ձեռամբ:

Այսպէս, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղին վարչութիւնը կազմակերպեց ճատրակի եւ լողի մրցաշարքներ։ Ախոյեան հանդիսացան.- եղբ. Յովսէփ Քէչէճեան (ճատրակ), քոյր Միրիամ Տէմիրճեան (լող) եւ եղբ. Րաֆֆի Ներսէսեան (լող)։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գամիշլիի մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպեց փինկ-փոնկի մրցում, որուն ախոյեան հանդիսացաւ եղբ. Սեպուհ Սարգիսեան:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպեց Ճատրակի մրցում, ուր լաւագոյն խաղացող հանդիսացաւ եղբ. Կարին Պէրպէրեան:

Միջ-մասնաճիւղային տողանցքին Հալէպի մասնաճիւղէն պարգեւատրուեցան նաեւ 2020-2021 տարեշրջանի ճատրակի Սուրիոյ ախոյեաններ՝ եղբ. Արսէն Քինեան եւ քոյր Սինթիա Մախուլ:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Քեսապի մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպեց փինկ-փոնկի եւ ճատրակի մրցաշարքեր։ Ախոյեան հանդիսացան.- եղբ. Անդրանիկ Հանեսքէհեան (փինկ-փոնկ) եւ եղբ. Ժիրայր Կարճիկեան (ճատրակ)։

Տողանցքէն ժամեր առաջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը Հալէպի մէջ կազմակերպեց ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի միջ-մասնաճիւղային մրցաշարքներ, Հալէպի մասնաճիւղի պասքեթպոլի վերանորոգուած եւ ֆութպոլի նոր կառուցուած դաշտերուն վրայ: Ֆութպոլի մրցաշարքին ախոյեան հանդիսացաւ Գամիշլիի մասնաճիւղին խումբը, իսկ պասքեթպոլի մրցաշարքին ախոյեան հանդիսացան Հալէպի մասնաճիւղի տղոց եւ աղջկանց խումբերը:

Տարածենք