Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԵԱՐՈՍԼԱՒՐԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

 

14 Մարտին, Ռուսիոյ Եարոսլաւր քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մոսկուայի մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան եւ տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն միջեւ։

Հանդիպումին կողմերը քննարկեցին Եարոսլաւրի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութեան եւ հետագայ զարգացման վերաբերեալ խնդիրներ։

Այս առիթով, համայնքի ղեկավար Ռաֆայէլ Աւետիսեան իր եւ Եարոսլաւրի հայկական համայնքին պատրաստակամութիւնը յայտնեց աջակցելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի հայապահպան գործունէութեան։

Քաղաք այցելութեան ընթացքին, վարչութեան անդամները մասնակցեցան տեղւոյն հայկական վարժարանի տնօրէն Սուսաննա Նալթաքեանի կողմէ կազմակերպուած եւ «Նեմեսիս» գործողութեան նուիրուած խորհրդաժողովին։

Յայտնենք, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մոսկուայի մեկուսի մասնաճիւղին կողմէ հանդիպումին մասնակցեցան մասնաճիւղի ատենապետ եղբ. Անդրանիկ Առուստամեան, վարչութեան անդամ քոյր Տիանա Թաւագալեան եւ մասնաճիւղի ընդհանուր խմբապետ քոյր Գոհար Զարդարեան։

Տարածենք