Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.Ի «ԳՐԻԳՈՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՍԿԱՈՒՏՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻ ՏՈՒՆ-ԹԱՆԳԱՐԱՆ

 

14 Մարտին, կիրակնօրեայ իրենց գործունէութեան ընթացքին, Երեւանի «Գրիգոր Յակոբեան» մասնաճիւղի փոքրիկ գայլիկները այցելեցին Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարան՝ աւելի մօտէն ծանօթանալու համար մեծ գրողին եւ հարստացնելու համար հայ գրականութեան իրենց գիտելիքները։

Սկաուտները, իրենց կարգին, սկսան միամսեայ սեմինարի, ինչ որ հնարաւորութիւն տուաւ իրենց ձեռք բերելու նոր գիտելիքներ։

 

Տարածենք