Հ.Մ.Ը.Մ.- Հ.Ա.Ս.Կ.Ի «ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԶՈՀՐԱՊԵԱՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻՆ ՔԱՅԼԱՐՇԱՒԸ

 

Սկաուտական ընթացիկ աշխատանքներու կողքին, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Վետիի «Անդրանիկ Զոհրապեան» մասնաճիւղին սկաուտները հետաքրքրական քայլարշաւ մը կատարեցին դէպի Վետիի Աստուածածին եկեղեցի եւ «Հրեշատակներու ձոր» կոչուող կիրճ։

Քայլարշաւին ընթացքին անոնք ունեցան յիշատակելի եւ հաճելի բազմաթիւ պահեր։

Յայտնենք, որ Վետիի մասնաճիւղը սկաուտական իր հաւաքները կանոնաւոր կերպով կը կատարէ ամէն Կիրակի, կէսօրուան ժամը 12-ին, Վետիի Մշակոյթի Տան մէջ։

 

Տարածենք