Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՀԱԼԷՊԻ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԴԱՇՏԻՆ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ ՇՈՒՏՈՎ ԿԸ ՀԱՍՆԻ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շինարարական յանձնախումբին հետեւողական աշխատանքով եւ արտասահման ապրող սուրիահայ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու նիւթաբարոյական մեծ աջակցութեամբ, Հալէպի Ազիզիէ թաղամասին մէջ գտնուող Հ.Մ.Ը.Մ.ի պասքեթպոլի դաշտին նորոգութիւնը շուտով կը հասնի իր աւարտին, զարկ տալով Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական կեանքին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզիկներու ֆիզիքական առողջ դաստիարակութեան:

Մ. Նահանգներէն, Գանատայէն, Եւրոպայէն, Քուէյթէն եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն սուրիահայ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ, անբարենպաստ պայմաններու այս դժուար հանգրուանին, Հ.Մ.Ը.Մ.ական առողջ սերունդներ կերտելու առաջադրանքով, մեծ խանդավառութեամբ իրենց նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը կը ցուցաբերեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի պասքեթպոլի դաշտին վերանորոգութեան աշխատանքին։

Յայտնենք, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի նոյն կառոյցէն ներս, Հ.Մ.Ը.Մ.ական սիրելի քոյրերու եւ եղբայրներու նիւթաբարոյական աջակցութեամբ շուտով սկիզբ կ’առնէ արդիական ֆութպոլի դաշտի մը նորոգութեան աշխատանքը։ Դաշտ մը, որ անհրաժեշտ կը նկատուի Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզիկներու հայաբոյր միջավայր ապահովելու համար:

Հալէպի Հ.Մ.Ը.Մ.ը, իր 95-ամեայ երթով, մարզական կեանքին մէջ կերտեց հպարտութիւն առթող յաղթանակներ եւ ամենակարեւորը՝ պատրաստեց ֆիզիքական եւ ազգային դաստիարակութեամբ գիտակից հայորդիներ, որոնք այսօր Հայաստանի թէ Սփիւռքի զանազան գաղութներուն մէջ կը մատուցեն իրենց ազգային ծառայութիւնները:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութիւնը վստահ է, որ սուրիահայ Հ.Մ.Ը.Մ.ականները, ուր որ ալ գտնուին, իրենց նիւթական եւ բարոյական ներդրումով պիտի շարունակեն նեցուկ կանգնիլ Սուրիոյ մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ական սերունդներու հայապահպանման նպաստող ազգանուէր առաքելութեան:

Տարածենք